Հին Յունաստանի երաժշտութիւնը, հին յոյները երաժշտութեան ծագումը կը վերագրէին աստուածներուն եւ «Musike» բառով, որ ունի յունական ծագում, կ'անուանէին մուսաները, որոնք կը հովանաւորէին արուեստները եւ գիտութիւնը:
Հին Յունաստանի մէջ երաժշտութիւնը անբաժանելի մաս կը կազմէր առօրեայ կեանքին, տօնախմբութիւններուն, կրօնական պաշտամունքին եւ մարմնամարզական մրցոյթներուն: Երաժշտութիւնը կարեւոր դեր ունէր նաեւ պատանիներու դաստիարակութեան մէջ:
Հին Յունաստանի մէջ գոյութիւն ունեցած են երգիչներու, նուագողներու եւ պարողներու յատուկ խումբեր, որոնք միաւորած են երգը, բանաստեղծութիւնը, նուագակցութիւնը եւ երգչախմբային միաձայն երգեցողութիւնը: Ըստ աւանդութեան խմբերգեցողութիւնը սկզբնաւորուած է Կրետէ կղզիին մէջ: Նուագարաններէն յայտնի եղաշ են քնարը, տաւիղը, սրինգը, մետաղէ շեփորը, Aulos (փչողական նուագարան), Kitara (լարային կսմիթային նուագարան):