Բնակավայր | |
---|---|
Հուանկնիոնկսա պուտտայական տաճար | |
Երկիր | Հարաւային Քորէա |
Հուանկնիոնկսա նախկին պուտտայական տաճարը շինուած էր մօտաւորապէս 640-ին, Քորէայի մէջ: Այս աղօթատեղին փայտէ ամէնէն բարձր կառոյցն էր: Այդ ժամանակաշրջանին միայն Եգիպտոսի բուրգերը անկէ աւելի բարձր էին:
Այս աղօթատեղին շինել տուած է Միլլա շրջանի Սէօնտէօք թագուհին, 643-ին: Անիկա բաղկացած էր ինը յարկերէ: Իւրաքանչիւր յարկ կը ներկայացնէր շրջանի թագաւորութիւններէն մէկը, որոնց մեծ մասը Սիլլայի թշնամի էր: Սէօնտէօք կը խոստանայ Սիլլան պաշտպանել իւրաքանչիւր թագաւորութենէ, որպէսզի դառնար շրջանի ամէնէն հզօր թագաւորութիւնը[1]:
660-ին, Սէօնտէօքի մահէն տասներեք տարի ետք, Սիլլայի շրջանը կը գրաւուի Էունկիույի կողմէ:
676-ին Սիլլա կրցած էր միացնել քորէական թերակղզիին տարբեր պետութիւնները: Դարեր ետք տաճարը ամբողջովին կը հրկիզուի մոնկոլ նուաճողներուն կողմէ:
Այժմ կը մնան միայն անոր քարէ հիմերը[2]: