Ղալաքթոպուրեքօ (յուն․՝ γαλακτομπούρεκο)․ յունական աւանդական ափսէի քաղցրեղէն։ Կը բաղկանայ թել-թել բացուած ծաղի խմորէ (բացուած խմորի բարակ թերթիկներէ) եւ լիմոնի բուրումով քաղցր սերապուրէ։
Ղալաքթոպուրեքօն կը պատրաստուի փուռի յարմար ափսէի մէջ։ Ափսէին մէջ տարածուած 4-5 ծաղի բարակ տերեւներու վրայ կը թափենք լիմոնի բուրումով քաղցր սերապուր, որ նախապէս պատրաստած ենք ու ձգած որ պաղի։ Խառնուրդը կը ծածկենք 5-7 ծաղի բարակ տերեւներով․ իւրաքանչիւր տերեւին վրայ հալած կարագ պէտք է որ քսուած ըլլայ։ Անուշը, փուռին մէջ կ՛եփի 160° C աստիճանի վրայ, մօտաւորպէս 50՛։ Փուռէն կը հանենք եւանոր վրան կը թափենք քաղցր օշարակը։
Ղալաքթոպուրեքոյի սերապուրին (փուռի ափսէի համար) բաղադրութիւններն են՝ 2 լիթր կաթ, 200 կրամ շաքար, 5-6 հաւկիթ, լիմոնի մը քերուցը, 200 կրամ սիմիդ, պտղունց մը վանիլին։ Սերապուրին բաղադրութիւնները շատ լաւ կը հարենք եւ կաթսայի մը մէջ կը փոխադրենք։ Միջին կրակի վրայ կ՛եփենք (միշդ խառնելով փայտէ դգալով մը), մինչեւ որ սերապուրը թեթեւ մը թանձրանայ։ Կրակէն կը հանենք եւ կ՛աւելցնենք 60 կրամ կարագ։
Օշարակին համար 500 կրամ ջուրի մէջ կ՛աւելցնենք 700 կրամ շաքար, 2 լիմոնի հիւթ եւ դարսենիի փայտիկ մը։ Թեթեւ կրակի վրայ օշարակը կ՛եռայ 5-7 վայրկեան։ Կը ձգենք որ պաղի։