Մարտիրոս Ալթունեան ապրած է երկու համաշխարային պատերազմները, տեսած է տառապանքը եւ կորուստը ազգերուն ու քաղաքներուն, տեսած է ոճիրներ եւ արիւն, արհաւիրքներ ու կսկիծներ: Իր ստեղծագործական կոթողներուն մէջ առկայ են խաղաղութեան կոչը, ինչպէս նաեւ՝ սիրոյ եւ համերաշխութեան պատկերները[4]:
Անոր գործերէն են՝
Լիբանանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն նուիրուած առաջին յուշակոթողը` Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մէջ[5],
Անոնց, որոնք բաց աչքով կապոյտին նայեցան
Անոնց, որոնք ափ մը հողի եւ աղօթքի մրմունջի մը կարօտ մնացին
Անոնց, որոնք ոսկորտիքը անապատի կիզիչ արեւուն տակ փշրուեցան
Անոնց, որոնք հայրենի հողէն ու զուլալ ջուրէն ի սպառ զրկուեցան
Այն բիւրաւոր նահատակ հայորդիներուն իբրեւ յուշարձան կը կերտէ իրենց մէկ արիւնակից-ազգակիցը:
Արքայական համալիրը (մզկիթ, մատենադարան, դահլիճ եւ այլն) Ամման (Յորդանան),
Վատիկանի պատուէրով, յոյն կաթոլիկ Ս. Պօղոս մայր տաճարը (1947-1950), Լիբանանի Հարիսա գիւղին մօտ։
Լիբանանի Նահր Քելպի ժայռերուն վրայ յուշագրութիւններ,
Մարտիրոս Ալթունեան սիրայօժար ընդունած է Խալիլ Պատաուի շրջանի, Ռըմէյլ թաղի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ յատակագիծին պատրաստութիւնը, նաեւ ղեկավարած՝ ամբողջ շինութիւնը, առանց վարձատրութեան (1930)[8]:
Ալթունեանի գեղանկարչական գործերէն են՝
Երուսաղէմի ժառանգաւորաց վարժարանի դահլիճին մեծ (12 մ²) կրօնապատմական հինգ որմնանկարները, Թադէոս եւ Բարդողիմէոս առաքեալներու, Վարդան, Յակոբոս, Հեղինէ սուրբերու սրբապատկերները (1949-1950)
Նիւ Եորքի համաշխարհային ցուցահանդէսի Լիբանանի վրանին նկարազարդումները եւ ծովանկարները,
Անթիլիասի մայր տաճարին «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը կը մկրտէ Տրդատ արքան» կտաւը եւ Աւագ խորանին Աստուածամօր սրբանկարը (բնորդը՝ Ալթունեանի կինն է):
Հեղինակ է նաեւ քանդակային գործերու՝ (Լիբանանի ազգային զինանշան)։
Երբեմն կեանքի անարդարութիւնները, մարդու նենգամիտ չարութիւնները, անհանդուրժող ու ոխակալ աշխարհի կենսավիճակները արտացոլուած են իր «Ծովու պատկերի» ստեղծագործութիւններուն մէջ:
Բարիի եւ չարի, աղքատի եւ հարուստի յաւերժական պայքարը ան կը բանայ թռիչքաձեւ ու երկնասլաց ճարտարարուեստի կառոյցներով:
Ան իր հայեցի դրոշմով ու նկարագիրով անմահացած է եւ իրեն հետ անմահացուցած՝ ամբողջ հայ ժողովուրդը ո՛չ միայն Լիբանանի, այլեւ՝ ամբողջ աշխարհի մէջ:
Ճարտարապետ Մարտիրոս Ալթունեան բազմիցս պարգեւատրուած է զանազան շքանշաններով, որոնց շարքին` Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահներէն Էմիլ Էտտէի եւ Պշարա Խուրիի կողմէ` «Գնահատանք»ի շքանշանով[9]:
2011-ին, Լիբանանի «Էն. Տի. Եու.» համալսարանին մուտքին տեղադրուած է անոր կիսանդրին:
Պէյրութի կեդրոնական փողոցներէն մէկը կոչուած է ճարտարապետ Մարտիրոս Ալթունեանին անունով: