Նահր Ալ-Քապիր Ալ-Ժանուպի (Արաբերէնով՝ Մեծն Հարաւային Գետ النهر الكبير الجنوبي), գետ մըն է Միջին Արեւելքի մէջ, որ կը թափի Միջերկրական Ծովուն մէջ։
Գետը կը կազմէ հիւսիսային բաժինը՝ Լիբանան-Սուրիա Սահմանին, այսօրուան Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ։ Նախապէս գետը կը կոչուէր Էլութերըս[1](Eleutheros, Eleuteris, Ελεύθερος, Ελευθερίς Հին Յունաստանին մէջ)։