Միքայէլ Տէր-Պօղոսեան | |
---|---|
Ծնած է | 21 Ապրիլ 1925[1] |
Ծննդավայր | Պերլին, Պրուսիայի ազատ պետություն |
Մահացած է | 19 Յունիս 1996[2][3] (71 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Փարիզ |
Քաղաքացիութիւն |
Ուայմարի Հանրապետութիւն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Ուսումնավայր | Փարիզի Համալսարան |
Մասնագիտութիւն | ֆիզիքոս, գիւտարար |
Աշխատավայր | Վաշինգտոնի համալսարան Սենտ Լուիսում? |
Միքայէլ Տէր-Պօղոսեան (21 Ապրիլ 1925[1], Պերլին, Պրուսիայի ազատ պետություն - 19 Յունիս 1996[2][3], Փարիզ), Ֆրանսա) Ամերիկահայ աշխարհահռչակ գիւտարար գիտնականը[4] ,Բնագէտ ու ճարտարագէտ, կենսաբան եւ հիւլէական գիտութեանց անխոնջ հետազօտող ու տաղանդաւոր գիւտարար: Տէր-Պօղոսեան եւ իր գործակիցները հանդիսացան աշխարհի տարածքին գործող PETի մարզի անվիճելի վարպետները։ «Փոզիթրոնային ճառագայթման թոմոկրաֆիի (Positron emission tomography PET)) յայտնագործողներէն եւ գիւտարար հայրերէն մէկը»:
Միքայէլ Տէր-Պօղոսեան, միակ զաւակն էր ծնողքին, որ 1915-ին թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութենէն մազապուրծ՝ ապաստանած էր Գերմանիա։ Միքայէլ տակաւին մանուկ էր, երբ ծնողքը որոշեց տեղափոխուիլ եւ Ֆրանսա հաստատուիլ։ Այդպէս, մինչեւ 21 տարեկանը եւ Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտը, ապագայ գիտնականը ուսանեցաւ եւ կազմաւորուեցաւ Ֆրանսայի մէջ։
1943-ին ան ստացաւ Պսակաւոր Արուեստից աստիճանը բնական գիտութեանց մէջ՝ Փարիզի համալսարանէն։ Այնուհետեւ երկու տարի ուսանեցաւ տիկին Ժոլի Քիւրիի մօտ՝ ֆրանսական հեղինակաւոր Ռատիումի Հիմնարկին մէջ։
1946-ին իբրեւ շրջանաւարտ ուսանողի իր ուսումը կատարելագործելու դիմում կատարեց Միացեալ Նահանգներու հռչակաւոր Ուաշինկթընի համալսարանը, ուր ընդունուեցաւ եւ նոյն տարուան աշնան իսկ տեղափոխուեցաւ։ Մինչ կ’ուսանէր Մագիստրոսի աստիճանին տիրանալու համար, Միքայէլ Տէր-Պօղոսեան սկսաւ օգնական հետազօտողի աշխատանք տանիլ միեւնոյն համալսարանի բնագիտութեան բաժանմունքին մէջ։
Հիւլէական բնագիտութեան մէջ Տոքթորայի աստիճան ստացաւ 1950-ին եւ նոյն տարին իսկ միացաւ Մալինքրոթ Հիմնարկի (Mallinckrodt Institute) դասախօսական կազմին։
1961-ին ան նշանակուեցաւ նոյն հիմնարկութեան ճառագայթումի գիտութեանց (radiation sciences) դասախօս։ Միաժամանակ, հայազգի գիտնականը համատեղութեան կարգով բնակազմութեան մէջ կենսաբնագիտութեան դասախօսի պաշտօն ստանձնեց Ուաշինկթընի համալսարանի Բժշկութեան Դպրոցէն ներս։
1973-ին Միքայէլ Տէր-Պօղոսեան հասաւ ակադեմական-դասախօսական իր ասպարէզի գագաթնակէտին, երբ Մալինքրոթ Հիմնարկի ճառագայթումի գիտութեանց բաժանմունքը գլխաւորելու պատասխանատուութիւնը յանձնուեցաւ իրեն։
Թէեւ հայազգի գիտնականը ամենայն ձեռնհասութեամբ ղեկավարեց իրեն վստահուած համալսարանական բաժանմունքը, այսուհանդերձ — ինչպէս որ կենսագիրները կ'ընդգծեն — անոր սիրտը հետազօտական իր առաքելութեան վերադառնալու մտասեւեռումով կը բաբախէր, մինչեւ որ 1990-ին ան կամովին հրաժարական տուաւ վարչական իր պատասխանատուութեան եւ լրիւ ժամանակով տրամադրուեցաւ տարրալուծարանային աշխատանքի՝ հետազօտական եւ գիւտարարական իր մտայղացումները կատարելագործելու համար։
Իբրեւ մարդ անհատի՝ հայազգի գիտնականը սիրուած ու յարգուած անձնաւորութիւն մըն էր, ինչպէս որ կը վկայեն իր կենսագիրները։ Միքայէլ Տէր-Պօղոսեան կը սիրէր ճամբորդութիւնը, նաեւ՝ ճաշեր համտեսելն ու պատրաստելը։
1996-ի Յունիս 19-ի օրը, այցելութեամբ Փարիզ գտնուող ամերիկահայ աշխարհահռչակ գիտնական մը՝ Միքայէլ Տէր-Պօղոսեան անակնկալօրէն սրտի կաթուած ունեցաւ եւ առյաւէտ բաժնուեցաւ այս աշխարհէն։
Հայազգի այս արժանաւորը 71 տարեկանին, իր փառքի օրերուն, անակնկալ կաթուածահար եղաւ: Իր ապաժամ մահուան առիթով, ամերիկեան «Բնագիտութիւնը Այսօր» (Physics Today) ակադեմական հանդէսը, Նոյեմբեր 1996-ի իր համարով, մեծ գիտնականին կեանքն ու գործը հանգամանօրէն արժեւորող մահագրութիւն մը լոյս ընծայեց՝ Michael J. Welchի եւ Vicki L. Kunklerի ստորագրութեամբ, երկուքն ալ դասախօսներ ու գիտաշխատողներ Միզուրիի Ս. Լուիզ քաղաքի Mallinckrodt Institute of Radiology համալսարանին մէջ, ուր Միքայէլ Տէր-Պօղոսեան երկար տասնամեակներ ծառայած էր իբրեւ դասախօս, եւ գիւտարար հետազօտող։ Մահագրութիւնը կարեւորութեամբ կը շեշտէր, որ Միքայէլ Տէր-Պօղոսեան կը հանդիսանայ «Փոզիթրոնային ճառագայթման թոմոկրաֆիի (Positron emission tomography PET)) յայտնագործողներէն եւ գիւտարար հայրերէն մէկը»:
Սկիզբէն իսկ Միքայէլ Տէր-Պօղոսեանի յայտնագործումներն ու գիւտարարական հետազօտութիւնները ուղղուած էին բժշկական նկարահանման բնագաւառի կատարելագործումին։
Յայտնագործեց ճառագայթումի միջոցաւ բժշկական բուժման նոր եղանակներ՝ համապատասխան գիւտեր կատարելով եւ, յատկապէս, հնարելով հիւլէական բժշկութեան նկարահանման գործիք մը, որ իր անունով կոչուեցաւ «Տէր-Պօղոսեանի քամերա» (Ter-Pogossian camera)։ Բայց իր բազում իրագործումներու շարքին, ան ամէնէն աւելի պիտի յիշատակուի իբրեւ « PETի Հայրը» (PET — Positron emission tomography)։
1970ականներու սկզբնաւորութեան, ան գլխաւորեց բնագէտներէ, քիմիագէտներէ եւ բժիշկներէ բաղկացած հետազօտական գործակցութեան խումբ մը, որ մշակեց PET-ի հասկացութիւնը։ Միքայէլ Տէր-Պօղոսեան հիմնական դեր խաղցաւ PETի մշակման մէջ՝ կարճակեաց այզոթոփներ (isotopes) օգտագործելով բժշկութեան մէջ, ինչ որ առաւելութիւնը ընծայեց հիւանդներ ուսումնասիրելու՝ ցածր չափի ճառագայթումի կիրարկումով։
Անոր ղեկավարած հետազօտական խումբը, Ուաշինկթընի համալսարանին մէջ, յաջողեցաւ մշակել եւ կառուցել PETի առաջին նկարահանման գործիքը (scanner), հետագային PETի աւելիով կատարելագործուած գործիքներ հնարելով։
PETի գործիքները կ’օգտագործուին քաղցկեղային գոյացութեան յայտնաբերման համար, ինչպես նաեւ՝ սրտային հիւանդութիւններու վերահսկման ժամանակ: PETը յեղաշրջում առաջ բերաւ ուղեղի գործողութեանց ըմբռնման ասպարէզին մէջ:
Երկարամեայ իր գործունէութեան ընթացքին Միքայէլ Տէր-Պօղոսեան մաս կազմեց նաեւ համաշխարհային հռչակ վայելող գիտական հեղինակաւոր հանդէսներու խմբագրական մարմիններուն, ինչպիսին են American Journal of Roentgenology, Journal of Nuclear Medicine եւ Journal de Biophysique et Medecine Nucleaire ակադեմական հրատարակութիւններուն։
Միքայէլ Տէր-Պօղոսեանի վաստակը մեծ է նաեւ գիտական գրականութեան մէջ։ Աւելի քան 250 գիտական զեկոյցներ եւ ժողովածուներու մէջ տեղ գտած ուսումնասիրութիւններ կը կազմեն անոր ժառանգութիւնը։