Յովհաննէս Հինդլեան | |
---|---|
Ծնած է | 1866[1] |
Ծննդավայր | Սկիւտար, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 16 Մարտ 1955 |
Մահուան վայր | Պոլիս, Թուրքիա |
Քաղաքացիութիւն |
![]() ![]() |
Ազգութիւն | Հայ[2] |
Ուսումնավայր | Պէրպէրեան Վարժարան |
Մասնագիտութիւն | հանրային գործիչ, ուսուցիչ |
Յովհաննէս Հինդլեան (1866[1], Սկիւտար, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 16 Մարտ 1955, Պոլիս, Թուրքիա[3]), ՀՄԸՄ-ի հիմնադիր սերունդի այս ականաւոր գործիչը, մեծ աւանդ ունի քսաներորդ դարասկիզբին արեւմտահայութեան ապրած զարթօնքին մէջ, սերնդակերտումի եւ հայակերտումի իր առաքելութիւնը հունաւորելով ազատ մարդու եւ ազատագրեալ հայու մշակման տեսլականով։ Ծնածէ1866-ին, նախնական ուսումը ստացած է ներսէսեան վարժարանէն ապա Պէրէրեան վարժարանէն ։ Ըլլալով հմուտ դաստիարակ մը, կը դասաւանդէ զանազան վարժարաններու մէջ, որպէս մանկավարժ ։
Ինքն է որ Շաւարշ Քրիսեանի մարմնամարզ թերթին մէջ սկաուտութեան էութիւնը կը պարզէ եւ կ'ըլլայ անոր գաղափարախօսը։ 1913-ին դպրոցին մէջ կը կազմէ սկաուտական առաջին խումբը։ Հինդլեան արդարօրէն ուսուցչապետ հռչակուեցաւ իր ժամանակակիցներուն կողմէ եւ պատահական չէ որ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան գծով իր յառաջատար մասնակցութիւնը բերելով, Հինդլեանի ներդրումը մեծ եղաւ նորաստեղծ կազմակերպութիւնը <<Բարձրացիր Բարձրացուր>> նշանաբանով զինելու գործին մէջ։ Հ․Մ․Ը․Մ-ի հիմնադրութենէն ետք ան գլխաւոր զօրավիգը կը հանդիսանայ միութեան։ Նոր սերունդի հայակերտման հիմնադիր՝ Հինդլեան կը մահանայ16 Փետրուար 1950 թուականին։[4]