Նիքոս Գունտուրոս

Նիքոս Գունտուրոս
Ծնած է 15 Դեկտեմբեր 1926(1926-12-15)[1]
Ծննդավայր Այոս Նիկոլաոս (Լեսիթիոն)[2]
Մահացած է 22 Փետրուար 2017(2017-02-22)[1][3] (90 տարեկանին)
Մահուան վայր Աթէնք, Յունաստան
Քաղաքացիութիւն  Յունաստան
Ուսումնավայր Աթէնքի Գեղարուեստի Դպրոց[2]
Երկեր/Գլխաւոր գործ Վիշապը? եւ Մատաղահաս Աֆրոտիթիներ
Մասնագիտութիւն ժապաւէնի բեմադրիչ, հեղինակ, մոնտաժող
Ծնողներ հայր՝ Իոսիֆ Կունդուրոս?

Նիքոս Գունտուրոս (յուն․՝ Νίκος Κούνδουρος, 15 Դեկտեմբեր 1926(1926-12-15)[1], Այոս Նիկոլաոս (Լեսիթիոն)[2] - 22 Փետրուար 2017(2017-02-22)[1][3], Աթէնք, Յունաստան), հելլէն անուանի բեմադրիչ։

Ծնած է Կրետէ։ Մեծցած է  աքսորի ու ցեղասպանութեան ազդեցութեան տակ ապրած ընտանեկան միջավայրի մը մէջ:

Պատմութիւնը արուեստի վերածելու ներդաշնակ նախաձեռնութեամբ ու հոգեկան պարտքի մղումներով` 1978-ին ան պատրաստած ու նկարահանած է «1922» խորագրեալ գունաւոր ժապաւէնը, որ կ՛անդրադառնայ համապատասխան նիւթի բովանդակութեան, որ այժմէական կը շարունակէ մնալ մինչեւ այսօր, իր արժէքային խորքով, պատմական վկայակոչումներով ու սերունդներու ապրած ողբերգականութեամբ: Ժապաւէնը կը դասուի Յունաստանի դասականացած ժապաւէններու շարքին:

1975-ին, Եղեռնի 60-ամեակին առիթով, երբ Յունաստանի ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբը նախաձեռնած է Յունաստանի քաղաքական ու արուեստի ակնառու անձնաւորութիւններու պատմութիւն վկայակոչող ստորագրահաւաքի արշաւի մը` ապահովելով 59 ստորագրութիւններ, Նիքոս Գունտուրոսն ալ ստորագրած է[4]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]