Շնչադադար կամ Շնչականգառ կը նշանակէ` շնչառութեան դադրիլը, կենալը, կասեցումը, կանգ առնելը:
Շնչականգառը ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենայ շնչահեղձութենէ ետք:
Շնչահեղձութիւն կը պատահի բնականօրէն` ֆիզիքական ծանր աշխատանքէ, յոգնութենէ եւ մարզանքէ ետք: Անիկա մտահոգիչ կը դառնայ, երբ պատահի վերոյիշեալ պայմաններէն դուրս եւ կը դառնայ ախտաբանական երեւոյթ, որուն տարողութիւնը կախեալ է անոր ախտապատճառներուն տեսակէն, որակէն եւ չափէն:
Ախտաբանական շնչահեղձութիւնը կը յառաջանայ շնչառական համակարգի վերի եւ վարի բաժիններուն հիւանդութիւններուն եւ ախտաբանական երեւոյթներուն գոյութեամբ, որոնք կը յառաջացնեն շնչառական համակարգի մասնակի եւ կամ ամբողջական խցում:
Վերի շնչառական համակարգի հիւանդութիւններէն եւ ախտաբանական երեւոյթներէն կարելի է յիշել.
Վարի շնչառական համակարգի հիւանդութիւններն ու ախտաբանական երեւոյթներն են.
Ախտաբանական շնչահեղձութիւն կը յառաջանայ նաեւ սրտային հիւանդութիւններով, օրինակ`
Անոր պատճառներէն են նաեւ`
Ախտաբանական շնչահեղձութիւնը կը զարգանայ երկու ձեւերով` անակնկալ-սուր եւ դանդաղ յառաջընթաց[2]:
Շնչականգառ կը պատահի ախտաբանական շնչահեղձութեան յարաճուն (progressive) վատթարացումով կամ անակնկալ ցնցղակծկումով (bronchial spasm), օտար մարմինի մը եւ թունաւոր կազերու ներշնչումով:
Շնչականգառ կը պատահի որեւէ տարիքի, սակայն` առաւելաբար տարեցներու եւ մանուկներու մօտ: Տարեցներու շնչականգառը հետեւանքն է ախտաբանական շնչահեղձութեան վատթարացումը: Իսկ մանուկներու շնչականգառը կը պատահի առաւելաբար օտար մարմիններու ներշնչումով:
Մանուկներու շնչականգառի ախտանշաններն են`
Այս բոլորը հետեւանքն են շնչառական համակարգի վերին բաժինին խցումը` օտար մարմինով մը եւ կամ շնչուղիին (respiratory tract) ներքին խլնաթաղանթին (mucous membrane) անակնկալ ուռիլը` գերզգայնութեան պատճառով կամ ներշնչուած թունաւոր կազերով:
Մանուկի մը շնչականգառի պարագային, երբ ան գիտակցութիւնը չէ կորսնցուցած, շտապ օգնութիւն պէտք է կիրարկուի, այլ խօսքով հետեւեալ անմիջական միջոցները պէտք է կատարուին ներկայ գտնուող անձի մը կողմէ.
Անգիտակցութեան պարագային, անմիջապէս կանչել բժշկական շտապ օգնութեան: Մինչ այդ պառկեցնել մանուկը կարծր տախտակամածի վրայ եւ կիրարկել թոքասրտային վերակենդանացում (cardiopulmonary resussitation)` երկու ձեռքերը իրարու վրայ դրած 25 անգամ հարուածել կրծքավանդակին` ճնշում բանեցնելով կրծոսկրին (sternum) վրայ, բանալ բերանը եւ ստուգել, թէ օտար մարմինը հասա՞ծ է բերան: Եթէ այո, ձեռքով բռնել եւ դուրս հանել օտար մարմինը եւ ապա բերնով երկու անգամ շնչել մանուկին բերնին: Եթէ կրծքավանդակը բարձրանայ եւ լայնածաւալի, կը նշանակէ, որ շնչուղին բաց է, եւ շնչականգառը անհետացած է: Իսկ կրծքավանդակի անշարժութեան պարագային, երկրորդ անգամ նորէն 25 հարուածներ տալ կրծքավանդակին եւ ճնշել կրծոսկրին վրայ յուսալով, որ օտար մարմինը պիտի արտաքսուի[3]: