Պէյրութ Սուքսը հսկայական առեւտրային կեդրոն մըն է Պէյրութի կեդրոնական շրջանին մէջ: Աւելի քան 200 խանութով, 25 ճաշարան եւ սրճարանով, փոքրերու գիտական թանգարանով, զբաղումի կեդրոնով, եւ 14 շարժանկարի սրահներով: Ան Պէյրութի ամենամեծ գնումի կեդրոնն է, ինչպէս նաեւ հանգստավայր մըն է: Պէյրութ Սուքս-ը նաեւ կը տրամադրէ հանրային տարածք մը ուր կը հաւագուին ընտանիքներ, մանաւանդ շաբաթավերջերը եւ յատուկ առիթներու: Սուքսը պատմական անցեալ ունեցած է Պէյրութի առեւտրային կեդրոնին մէջ: Ան վնասուած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին եւ վերակառուցուած է Սոլիտէր (Solidere) ընկերութեան միջոցաւ, պահելով անոր պատմական բաժինները եւ թաղերուն հին անուանումը:[1]
Սուք Ալ Թաուիլէ-ն եւ Սուք Ալ Ժամիլ-ը եղած էին ամենասիրած առեւտրային կեդրոնները Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն առաջ Լիբանանցիներուն եւ եւրոպացիներուն համար, որովհետեւ ունէին շատ գեղեցիկ խանութներ,[2] իսկ Սուք Ալ Ֆրանժ-ը եղած է Լիբանանի ամենամեծ պտուղի, բանջարեղէնի եւ ծաղիկներու շուկան:[3]
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ կատաղի կռիւներ, տարբեր խումբերու միջեւ, եւ կռիւներէն մի քանի ամիս վերջ հրադադար եղաւ Սեպտեմբեր 1975-ին, որուն շնորհիւ Պէյրութի կեդրոնական շրջանի առեւտրականները պարպեցին եւ մաքրեցին իրենց խանութները առաջ որ կռիւները կրկին սկսէին մայրաքաղաքին կեդրոնը:[2] Հոկտեմբեր 1975-ին, կռիւները հասան մինչեւ Սուքս-ի շրջանը, զինեալները քանդեցին եւ այրեցին խանութները: Անոր քանդումը ազդեց Քրիստոնեայ եւ Իսլամ վաճառականները: Կռիւները տեւեցին մօտ երեք ամիս, մինչեւ Դեկտեմբեր 1975, նախքան կռիւներուն ընդլայնումը մինչեւ Պէյրութի բնակելի շրջանները:[2] 1983-ի գարնան, Անթուն Պէյ Խան, հին պանդոկը եւ Սուքս-ի շրջանէն մաս մը քանդուած էր ամբողջովին:[4]
Պէյրութի կեդրոնական շրջանին վերաշինութիւնը սկսաւ երբ կռիւները դադրեցան 1991-ին: Տար Ալ-Հանտասէ-ն յանձն առաւ պատրաստելու հսկայական ծրագիրը Պէյրութի կեդրոնական շրջանի վերականգնման, Լիբանանի զարգացման եւ վերաշինութեան խորհուրդին կողմէ: Հանրի Ըտտէ, աւագ ծրագրող ճարտարապետ Տար Ալ-Հանտասէ-ի մէջ, առաջարկեց քանդումը ամբողջ կեդրոնական հին քաղաքին, փոխարինելով նորակառոյց շէնքերով:[2][5]
Վերաշինութեան ծրագիրին դէմ ելան շատ մը մտաւորականներ, որովհետեւ Պէյրութի հին ճարտարաուեստը պիտի քանդուէր: Սակայն, Լիբանանցի ճարտարապետ՝ Ժատ Թապէթին[6] գծած ծրագիրը ընդունուեցաւ Լիբանանի խորհրդարանին կողմէ, եւ սկսաւ այդ ծրագիրին իրագործումը Սեպտեմբեր 1994-ին, Սոլիտէր (Solidere) ընկերութեան միջոցաւ, որ հիմնուած էր Լիբանանեան կառավարութեան կողմէ, եւ պէտք էր վերանորոգէր Պէյրութի կեդրոնական շրջանը:[2] Պէյրութի միջնադարեան շրջանին կառուցուած շէնքերը գրեթէ անհետացած էին կռիւներէն ետք, սակայն Սոլիտէրը փորձեց լաւագոյն ձեւով վերանորոգել այդ ինչ որ մնացած էր: Ընկերութիւնը յայտարարեց համաշխարհային ծրագրման մրցում մը, պահպանելով Պէյրութի թաղերուն Հելլենական ճարտարարուեստը:[2] Մրցումը յաղթեցին Ռաֆայէլ Մոնէօն, որ գծած էր սուքսին հարաւային բաժինը, եւ անգլիացի ճարտարապետ՝ Գէւըն Տաշ-ը որ պատրաստած էր ոսկիի շուկային ծրագիրը: Շինարարական աշխատանքները յանձն առաւ Հուրի ընկերութիւնը (A.R. Hourie enterprises):[7] Պէյրութ Սուքսի ծրագիրը վաւերացուած էր նախարարական որոշումով նախքան անոր իրագործումը:[8] Վերանորոգման ծախսերը մօտաւորապէս նախատեսուած էին 100 միլիոն ամերիկեան տոլար, իսկ ծրագիրին տեւողութիւնը՝ երկու տարի:[9] Անոր բացումը նախատեսուած էր 2000 թուականը, սակայն հետացգուեցաւ քաղաքական պատճառներով: 2004-ին Սոլիտէրը ստացաւ արտօնութիւն, եւ սկսաւ աշխատանքները 2006-ին:[10]
Պէյրութ Սուքսի բացումը տեղի ունեցաւ 2 Հոկտեմբեր 2009-ին, 10 տարիներու քաղաքական անկայունութենէ ետք: Նշելով որ ոսկիի շուկան յատուկ է իր հայ ոսկերիչներով եւ խանութներով:[10]
Պէյրութ Սուքսը կը գտնուի Պէյրութի կեդրոնական շրջանին մէջ: Անոր հիւսիսը կը գտնուի Միր Մեժիտ Արսլան թաղը, հարաւը՝ Ուէյկընտ թաղը, արեւմուտքը՝ Փաթրիարք Հուայէք թաղը եւ արեւելքը՝ Ալլէնպի թաղը:
Պէյրութ Սուքսը ունի աւելի քան 200 խանութներ, անոնցմէ մի քանին՝