Պըրքլիի Հանրային Գրադարան

Պըրքլիի Հանրային Գրադարան
Երկիր  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[1]
Տեսակ գրադարան[1], Գործիքներու գրադարան եւ Գրադարանային Համակարգ
Տեղադրութիւն Քալիֆորնիա
Այլ տուեալներ
Կայք berkeleypubliclibrary.org(անգլերէն)
Lua error in Մոդուլ:Wikidata at line 701: Tried to write global coord_mod.

Պըրքլիի Հանրային Գրադարան (անգլերէն՝ Berkeley Public Library), հանրային գրադարանային համակարգ Պըրքլինի մէջ, Գալիֆորնիա: Բաղկացած է կեդրոնական գրադարանէն, Քլերմոնտ մասնաճիւղէն, հիւսիսային, հարաւային եւ արեւմտեան մասնաճիւղերէն[2]:

Պըրքլիի հանրային գրադարանը բացուած է 1893-ին Շատուք պողոտային վրայ եւ ունեցած է 264 գիրք:

1905-ին գրադարանը տեղափոխուած է նոյն պողոտայի Կիտրեճ փողոցը գտնուող եւ Էնտրիւ Գառնըկիի հիմնած աղիւսէ շինութեան մէջ, որուն հողատարածքը նուիրաբերած է Ֆրանսիս Շատուքի կինը` Ռոզա Շատուք:

1906-ի Սան Ֆրանսիսքոյի երկրաշարժէն ետք, բնակչութեան աճին գոհացում տալու համար, գրադարանը բացած է չորս այլ մասնաճիւղեր՝ Պըրքլիի շրջակայքը:

1930-ին գրադարանը քանդուած է եւ անոր փոխարէն հաստատուած է ճարտարապետ Ճէյմս Վ. Պլաչեքի նոր նախագիծը։

Նոր կեդրոնական գրադարանը բացուած է 1934-ին եւ մինչեւ 2002-ի վերանորոգումն ու վերաբացումը անիկա համարուած է կեդրոնական մասնաճիւղը:

2012-ին աւարտած է Քլերմոնտ եւ հիւսիսային մասնաճիւղերու վերակառուցումը, իսկ 2013-ին` հարաւային մասնաճիւղին վերակառուցումը: Վերակառուցումներու ընթացքին շարժական Branch Van մը տեղակայուած է իւրաքանչիւր մասնաճիւղի մօտ` ապահովելու գրադարանային գործունէութեան ընթացքը:

Պըրքլիի հանրային գրադարանին բոլոր մասնաճիւղերը ապահովուած են ինքնակառավարուող սարքերով. ընթերցողները տեսագրող սարքերու օգնութեամբ կը ստուգեն գիրքերուն ելքն ու մուտքը: Ընթերցողները կրնան գիրքեր պատուիրել կամ թարմացնել համացանցի օգնութեամբ կամ հեռախօսով:

Գործիքներ Տրամադրող Գրադարան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կը համարուի գործիքներ տրամադրող եզակի գրադարաններէն եւ կը գործէ հարաւային մասնաճիւղին մէջ: Նման ծառայութիւն եղած է Օհայոյի մէջ 1976-ին: Գործիքներ վերցնելու համար պէտք է ըլլալ 18 տարեկան եւ Պըրքլիի բնակիչ:

Գործիքներու փոխառութեան գրադարանի առաջարկները կը ներառեն գլխաւորաբար ձեռքի գործիքներ, թեթեւ ելեկտրական գործիքներ եւ սարքեր՝ պտուտակահաններ, տարբեր մուրճեր, սանդուխներ, շինարարական գործիքներ եւ անվճար խորհրդատուութիւն: Ուշացման պարագային, վճարումները կը կազմեն $1, $5 կամ $10 օրական՝ ըստ փոխ առնուած առարկային[3]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 archINFORM — 1994.
  2. Հանրային Գրադարան[permanent dead link]
  3. «Գործիքներ Տրամադրող Գրադարան»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-06-02-ին։ արտագրուած է՝ 2022-07-28 

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]