Պրոմփթընի գերեզմանատուն (անգլերէն՝ Brompton Cemetery)` Լոնտոնի «Նշանաւոր Եոթնեակի» գերեզմանատուներէն մեկն է: Հիմնադրուած է Փարլիամէնթի որոշումով 1839-ին եւ բացումը կատարուած է 1840-ին:
Բրիտանիոյ ամէնամեծ եւ ամէնանշանաւոր գերեզմանատուներէն մեկն է: Շուրջ 35 000 արձանները հասարակ տապանաքարերէն մինչեւ ծաւալուն դամբարաններ կը նշեն 205 000-էն աւելի թաղուածներու վերջին հանգրուանները:
Պրոմպթընի գերեզմանատունը Լոնտոնի Քէնսինկթըն եւ Չելսի շրջանին մէջ է (անգլերէն՝ Royal Borough of Kensington and Chelsea), Արեւմտեան Պրոմփթընի կայարանի հարեւանութեամբ:
Թաղումներու համար Պրոմփթընը գոց եղած է 1952-էն մինչեւ 1966-ը, բացառութեամբ ընտանեկան յուղարկաւորութիւններու:[1] Գերեզմանատունին մէջ թաղուած են աշխարհի շատ ազգութիւններու եւ տարբեր դաւանանքի ներկայացուցիչներ: