Պէյրութի Ֆրանսական Բժշկական Համալսարան, (1888, այժմ՝ Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ Համալսարան, ֆրան.՝ Université Saint-Joseph de Beyrouth) հիմնուած՝ Ֆրանսական պետութեան կողմէ:
Համալսարանին բացումէն առաջ, Ֆրանսական պետութեան ներկայացուցիչ Ժիւլ Ֆէրիի եւ Սուրիոյ Յիսուսեան կրօնաւորներու միջեւ գոյացած համաձայնութեան մը հիման վրայ՝ 1883-ին, Պէյրութի մէջ, Սեն Ժոզէֆ համալսարանին պատկանեալ շէնքերուն մէջ, կը բացուի Բժշկական Ֆրանսական Դպրոցը (École Française de Médecine), որ ունէր չորս դասախօս եւ տասնմէկ ուսանող:
1889-ին, դեղագործութեան դպրոց մը կը յարակցուի նոր համալսարանին եւ կը բաժնէ անոր բոլոր մենաշնորհները: Յաջորդ տարիներուն՝ Պէյրութի Համալսարանը արագօրէն կը յառաջդիմէ եւ կը բարգաւաճի, այնքան որ 1912-ին նեղ կու գայ հին դպրոցին տեղը եւ կը փոխադրուի մասնաւորաբար իրեն համար կառուցուած եւ սարքաւորուած ընդարձակ շէնքերուն մէջ:
Հոկտեմբեր 1914-ին անիկա ունէր 12 դասախօս, 10 գործնական աշխատանքի եւ դարմատուներու վարիչներ (Chefs de travaux et chefs de clinique) 355 ուսանող, որոնցմէ 305-ը՝ բժշկութեան եւ 50-ը՝ դեղագործութեան:
1914-1918-ի համաշխարհային պատերազմը կը կասեցնէ անոր սլացքը: Համալսարանը կը վերաբացուի 1919-ի գարնան, մէկ տարուան ընթացքին ունենալով շուրջ 250 աշակերտ, եւ պահ մը ընդհատուած կանոնաւոր աշխատանքները կը վերսկսին: Թեկնածուներու խուժումը, յատկապէս բժշկութեան ուսանողներու՝ տնօրէնութիւնը կը հարկադրէ հաստատելու մուտքի քննութիւն մը (1940), սահմանափակելու համար թեկնածուներուն թիւը:
Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ Համալսարանը ազատ համալսարան մըն է: Համալսարանին անուանակիր դասախօսները պաշտօնի կը հրաւիրուին Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ ընդհանուր տնօրէնին փոխադարձ համաձայնութեամբ:
1885-1914, ապա՝ 1911-1929 թուականներուն՝ բժշկական եւ գործողութեան գործնական դասերը համալսարանի դասախօսներուն կողմէ աւանդուած են «Սաքր-քէօր» (Sacre Coeur) հիւանդանոցին մէջ, որ կը պատկանի Գթութեան Քոյրերուն: 1921-էն մինչեւ 1 Յունուար 1924 նոյն դասերը աւանդուած են համալսարանին դասախօսներուն կողմէ՝ Սեն-Ժորժ (Saint George) հիւանդանոցին մէջ, որ կը կառավարուէր այն օրերու Լիբանանի Առողջապահութեան եւ Աղքատախնամ Վարչութեան կողմէ, ըստ նախապէս գոյացուած համաձայնութեան: Ուսանողները հոն կը կատարէին ներքնաբժիշկի պաշտօն:
29 Մայիս 1923-ին տեղի կ'ունենայ պաշտօնական բացումը Օթել Տիօ (Hôtel Dieu) հիւանդանոցին, որ կը պատկանի Ֆրանսական կառավարութեան, ուր կը դասաւանդուին գործողութեան, գլխու, աչքի, մորթային հիւանդութեան եւ ներքին բժշկութեան գործնական եւ փորձառական մասերը: Քննութիւններուն փայլուն յաջողութիւն արձանագրող ուսանողները նոյն հաստատութեան մէջ կը ստանձնեն մնայուն եւ այցելու բժիշկի պաշտօններ:
1895-1914 դասախօսներ կամ դարմանատուներու պատասխանատու վարիչներ յաջողած են վարել ընդհանուր բժշկութեան, գործողութեան եւ ակնաբուժութեան բազմաթիւ դարմանատուներ: Աղքատախնամ Վարչութեան պատկանող բազմաթիւ դարմանատուներ, 1920-ին յանձնուած են յիշեալ դասախօսներուն եւ պատասխանատու վարիչներուն: Այդ դարմանատուները այժմ կը գործեն Աղքատախնամ Վարչութեան բժիշկներու միջոցով:
1933-էն ի վեր, բազմաճիւղ դարմանատուն մը՝ ներքին բժշկութեան, գործողութեան, ակնաբուժութեան, գլխու բժշկութեան եւ հոգեբուժութեան կը գործէ Օթել Տիոյի կից:
1896-էն ի վեր Մայրանոց մը, իր յարակից բոլոր մասերով՝ մաս կը կազմէ համալսարանին:
1913-ին, համալսարանին նախաձեռնութեամբ հաստատուած է կատաղութեան դէմ պայքարելու կաճառ մը:
1919-էն ի վեր, Քիմիաբանական եւ Մանրէաբանական զոյգ կաճառներ կը գործեն համալսարանին հովանիին տակ՝ շնորհիւ Լիբանանի կառավարութեան հետ կնքուած համաձայնութեան:
Նոյեմբեր 1920-ին հաստատուած է, դարձեալ այս համալսարանին մէջ՝ Ատամնաբուժական Դպրոցը:
Հոկտեմբեր 1922-ին բացուած է Մանկաբարձութեան դպրոցը, իբրեւ յարակից մաս Մայրանոցին:
1925-ին, Ֆրանսական իշխանութեան օրով, Օթել Տիոյի շրջափակին մէջ կը կառուցուի քաղցկեղի եւ այլ հիւանդութիւններու դէմ բնագիտական միջոցներով (ճառագայթ, եւ այլն) պայքարելու մասնայատուկ բաժինը, ուր համալսարանական ուսանողները մինչեւ օրս կը կատարեն նոյն ճիւղերուն վերաբերեալ ախտաճանաչման իրենց փորձերը:
1927-ին կը հաստատուի բժշկական ուսման համար նախապատրաստական դասարան մը՝ յար եւ նմանը՝ Ֆրանսայի Գիտական Համալսարաններու P.C.B.-ին: Մինչ այդ՝ նոյն դասարանին դասերը կ'աւանդուէին բժշկութեան առաջին դասարանին մէջ:
1929-էն ի վեր ուսանողները կ'այցելեն Մայրանոցը եւ կը քննեն նորածինները:
1932-1940 Ընկերային Առողջապահութեան ձրի բուժարան մը գործի լծուելով, աշխատած է համախմբել թոքախտի դէմ պայքարելու կոչուած ճիգերը:
9-13 Մայիս 1938-ին Ֆրանսական Բժշկական Համալսարանին մէջ կայացած է բժշկական համագումարը, որ մեծ արձագանգ գտած է Միջին Արեւելքի մէջ: Այդ համագումարին տրուած դասախօսութիւնները հրատարակուած են «Մասօն» գրատան կողմէ, երկու հատորներով:
1939-1945-ի պատերազմին, դասաւանդութիւնները շարունակուած են բնական ընթացքով: Միայն մէկ անգամ, 1941-ին, պատերազմական վիճակը պատճառ դարձած է, որ տարեվերջի քննութիւնները որոշեալ թուականէն առաջ տեղի ունենան:
1942-ին, հաստատուած է Հիւանդապահութեան Դպրոցը, որ այժմ կը գտնուի համալսարանին պարտէզին մօտ, Տամաս պողոտային վրայ:
Գաղթական հայերու համար հիմնուած ձրի դարմանատունը՝ 1944-ին փոխադրուած է Պուրճ Համուտ: Մեծ թիւով հիւանդներ դարմանուած են հոն, ուր բժշկական ուսանողներն ալ փորձառութիւն ձեռք կը ձգեն եւ աւելի կը հմտանան քան հիւանդանոցներու ասպասարկութիւններուն մէջ:
Համալսարանը տարիներու ընթացքին սովորութիւն ունէր հրատարակելու բժշկական տարեգիրքեր, որոնք պատերազմին հետեւանքով կ'ընդհատուին:
1950-ական թուականներուն անոնք լոյս կը տեսնէին՝ «Միջին Արեւելքի Բժշկական Հանդէս» անունով: