Սեւան Նշանեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 21 Դեկտեմբեր 1956 (67 տարեկան) |
Ծննդավայր | Պոլիս, Թուրքիա |
Քաղաքացիութիւն | Թուրքիա |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Աթէիզմ |
Ուսումնավայր |
Եէյլի համալսարան Քոլումպիա Համալսարան Ռոպերթ Գոլէճ Բանկալթի մասնաւոր հայկական դպրոց |
Երկեր/Գլխաւոր գործ | Sozlerin Soyagaci?, Nisanyan Sozluk?, Nisanyan Sozluk?, Turkey Person Names Dictionary?, Index Anatolicus? եւ Nisanyan Names? |
Մասնագիտութիւն | գրագէտ, լեզուաբան, ուսումնասիրող, լրագրող, ստուգաբան, բառարանագիր, անվանաբան, toponymist |
Կայքէջ | sevannisanyan.info |
Սեւան Նշանեան (թրք.՝ Sevan Nişanyan, 21 Դեկտեմբեր 1956, Պոլիս, Թուրքիա), պոլսահայ մտաւորական, ճամբորդող լրագրող, հետազօտող եւ ճարտարապետ[1]։
Ճարտարապետ Վաղարշ Նշանեանի որդին է։ Շրջանաւարտ եղած է Բանկալթի Վիեննական Մխիթարեան Վարժարանէն (1968), ապա Նիշանթաշը Ըշըք Լիսէյի միջնակարգի բաժինէն (1971), յետոյ Ռոպէրթ Ամերիկեան Քոլէճէն (1974): Իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է՝ ԱՄՆ-ը, Եյլի Համալսարանի փիլիսիփայութեան բաժինէն (1979): Քոլումպիա Համալսարանի մէջ քաղաքագիտութեան ճիւղը աշխատութիւններ ըրած է սակայն չլմնցուց իր աւարտաճառը «փիլիսոփայութեան վարդապետ» (PhD) աստիճանի համար:
Կը տիրապետէ բազմաթիւ լեզուներու։
1985-ին վերադարձած է Թուրքիա՝ զինուորական ծառայութեան համար։ Հետագայ երկու տասնամեակներուն հանդէս եկած է իբրեւ մասնագէտ ճամբորդական լրագրող եւ ուղեցոյցներու խմբագիր։ Լրագրող Թոմաս Կոլցի հետ համատեղ հրատարակած է շարք մը ուղեցոյցներ Թուրքիոյ շրջաններու մասին։ Գրած է նաեւ «American Express» ուղեցոյցներ Աթէնքի, Փրակի, Վիեննայի եւ Պուտափեշտի մասին։
2004-ին ստացած է Թուրքիոյ մարդու իրաւունքներու կազմակերպութեան մրցանակ։
Բանտարկուած է 16 տարի, 7 ամիս ժամկէտով թրքական կառավարութիւնը քննադատելուն համար[2]։ 14 Յուլիս 2017-ին բանտէն փախուստ տուած է[3][4]։ 26 Յուլիս 2017-ին Յունաստանին մէջ կեցութեան արտօնագիր ստացած է:
1994-ին Նշանեան գրած է «Սխալ Հանրապետութիւն» (թրք.՝ Yanlış Cumhuriyet) գիրքը, ուր կը ներկայացնէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրման առասպելները։
2010-ին Նշանեան հրապարակած է թրքացման քաղաքականութեան պատճառով փոխուած Թուրքիոյ 16.000-էն աւելի տեղանուններով «Index Anatolicus»-ը, ուր ներկայացուած են թրքականի փոխարինուած հազարաւոր աւանդական անուններ, հիմնականին մէջ՝ յունական, հայկական, քրտական, ասորական եւ արաբական ծագումով:
Նշանեան հեղինակ է բազմաթիւ գիրքերու եւ ուսումնասիրութիւններու` լեզուական եւ կրօնական նիւթերով, որոնց համար ալ 17 տարուան արգելափակման ենթարկուած ապօրինի շինարարութեան անհիմն մեղադրանքներով: Անոր արգելափակումը եղած է քաղաքական շարժառիթով: Ան իր բանտախուցին մէջ եւս շարունակած է խորհրդածել, ստեղծագործել եւ գրել: Բանտին մէջ ան ամբողջացուցած է թրքերէնի մասին իր բառարանային լուրջ ուսումնասիրութիւնը[1]: