Սթիվըն Քիւրքճեան | |
---|---|
![]() | |
Ծնած է | 28 Օգոստոս 1943 (81 տարեկան) |
Ծննդավայր | Պոսթըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Քաղաքացիութիւն |
![]() |
Ուսումնավայր |
Բոստոնի լատինական դպրոց? Սաֆոլկի համալսարանի իրավաբանական ինստիտուտ? |
Մասնագիտութիւն | լրագրող |
Աշխատավայր | State House News Service? |
Սթիվըն Քիւրքճեան (անգլերէն՝ Stephen A. Kurkjian, 28 Օգոստոս 1943, Պոսթըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ամերիկահայ գրող, լրագրող։ Երեք անգամ «Փուլիցըր Փրայզի» թափնեկիր[1]։
Ծնած է Պոսթըն։ Պապը սպանուած է ցեղասպանութեան ժամանակ[2], իսկ երեքամեայ հայրը քրոջ ու եղբօր հետ հազիւ փրկուած են։ Յաջորդ գարնան քոյրն ու եղբայրը մահացած են ժանտախտէն, իսկ հայրը մեկնած է Ամերիկա[3][4]։ Հայրը նկարիչ եղած է, մայրը՝ Ռոզելա Կիւրեղյեան-Քիւրքճեան, աշխատած է գրադարանավար։
Սթիվըն աւարտած է Պոսթընի դպրոցը ու նահանգի համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքը։
Համալսարանը աւարտելէ ետք՝ 1968 թուականէն, Սթիվըն Քիւրքճեան աշխատած է «The Boston Globe»-ի մէջ իբրեւ խմբագիր։ Սթիվըն Քիւրքճեան Փուլիցըր մրցանակի արժանացած է 1972 եւ 1980 թուականներին հետաքննական յօդուածներու համար։ Վերջին անգամ՝ 2003 թուականին, «Պոսթըն Կլոպ»ի խմբագրակազմով կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ սեռային գայթակղութիւնը բացայայտելուն համար։
Քիւրքճեան Հոլիվուտի «Ուշադրութեան կեդրոնը» գեղարուեստական ժապաւէնին մէջ նկարահանուած է, որ կը պատմէ ճշդիւ «Պոսթըն Կլոպ»ի լրագրողներու հետաքննութեան մասին։ Ժապաւէնը արժանացած է «Օսքարի»[5], աւելի ուշ պարզուած է, որ հերոսներէն մէկը Սթիվըն Քիւրքճեանն է:
Սթիվըն Քիւրքճեան նաեւ Պոսթընի Իզապելլա Սթիուըրթ Կարտնըր թանգարանէն 1990 թուականին կատարվուած աղմկայարոյց գողութեան մասին պատմող «Master Thieves» գիրքի հեղինակն է, որ կը պատմէ թանգարանէն Ռ. Ռեմպրանտի, Է. Տեկայի եւ այլ աշխարհահռչակ հեղինակներու աշխատանքներու դեռեւս չբացայայտուած գողութիւններու մասին։
Քիւրքճեան երեք անգամ այցելած է Հայաստան։ Առաջին անգամ ան եկած է 2002 թուականին ԵՊՀ-ի հրաւէրով՝ ապագայ լրագրողներուն վերապատրաստելու, Հայաստան-Սփիւռք 2-րդ համաժողովին մասնակցելու համար։
Երկրորդ անգամ՝ 2016 թուականի Ապրիլին «Աւրորա » մրցանակաբաշխութեան ներկայ գտունելու համար[6][7]։ Իսկ Երրորդ անգամ նոյն թուականի ամրան։