Սինիքիա․ Ատիկէի հին տեղական տօն, ի պատիւ Թիսէասին եւ Աթինա աստուածուհիին։
Ըստ Թուքիտիտիսին, Թիսէաս այդ թագաւորն է որ կը հաստատէ Աթէնքի մեծութիւնը միացնելով Ատիկէի բնակավայրերը եւ խաղաղութիւն կը տիրէ շրջանին մէջ։ Իրմէ առաջ, բնակավայրերը շարունակ վէճի մէջ էին։
Պլուտարքոս իր արձանագրութիւններուն մէջ կը նշէ թէ 16 Էքաթոմվէոնային կը տօնուէր «Մեթիքիա» տօնը (Սինիքիա) եւ թէ զոհաբերութիւն կը կատարուէր։
Սինիքիա (կամ Սինիքեսիա), կը տօնուէր 16 Էքաթոմվէոնային Աքրոփոլիսին հիւսիսային մասը, հոն ուր հին «Փրիթանիօ»ն (Πρυτανείο Երիցարան) կը գտնուէր։
Տօնին ընթացքին կը պատուէին Աթինա աստուածուհին։ Շքերթ կը կատարուէր հին Փրիթանիոյէն մինչեւ Փանտրոսիօ՝ Էրեհթիոյի (կամ Էրէխթիօ, տե՛ս [1]) շրջափակը։ Խաղաղութեան աստուածուհիին (Իրինի Ειρήνη) համար կով մը կը զոհէին։ Նաեւ՝