1931-ին Սպանիոյ սահմանադրութիւնը հաստատուած է Սպանիոյ երկրորդ հանրապետութեան Հիմնադիր ժողովի կողմէ 9 Դեկտեմբեր 1931-ին որպէս երկրի գլխաւոր մայր օրէնք[1]:
Այն կը հանդիսանար 14 Ապրիլ 1931-ին հռչակուած Երկրորդ հանրապետութեան սահմանադրութիւնը: Ուժի մէջ եղած է մինչեւ 1 Ապրիլ 1939-ը: Այս սահմանադրութեան շնորհիւ Սպանիոյ պատմութեան մէջ երկրորդ անգամ պետութեան ղեկավարի ու կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնները կը զբաղեցուէին ժողովրդավարական գործընթացի հիմքի վրայ կազմակերպուած ընտրութիւններու միջոցաւ:
Ռեֆորմատոր եւ իրաւաբան-կաթողիկէ Անքէլ Օսէր ի Գայարտի ղեկավարած յանձնաժողովի կողմէ մշակուած սահմանադրութեան նախնական նախագիծը կը մերժուի: Շտկումներէն ետք սահմանադրութեան նախագիծը Հիմնադիր ժողովի կողմէ կ՛ընդունուի 9 Դեկտեմբեր 1931-ին: Սահմանադրութեամբ հաստատուեց պետութեան կառուցուածքի աշխարհիկ ժողովրդավարական համակարգը, որ հիմնուած էր բոլոր քաղաքացիներու հաւասար իրաւունքներու վրայ, ինչպէս նաեւ կը պաւարունակէր շրջանային ինքնավարութիւններուն վերաբերող դրոյթներ: Այն սահմանեց նաեւ կանանց համար ընտրական իրաւունքը, քաղաքացիական ամուսնութիւնն ու ամուսնալուծութեան իրաւունքը: Սահմանադրութեամբ պետական մարմիններուն իրաւասութիւններ կ՛ընձեռէր, որով վերջինները կրնային փոխհատուցման դիմաց հանրային օգտագործման նպատակով բռնագրաւել մասնաւոր սեփականութիւնը: Նոր իրաւական փաստաթուղթը նաեւ սահմանեց անվճար, պարտադիր աշխարհիկ կրթութիւն բոլոր քաղաքացիներու համար եւ լուծարեց Ճիզուիտներու միաբանութիւնը:
Պատմաբան Մերի Վինսենտի կարծիքով Սահմանադրութիւնը կը նախատեսէր վարչակարգի փոփոխութիւն յստակ ու գիտակցուած պատկերացմամբ այն մասին, թէ ինչպէս պէտք է տեղի ունենայ Սպանիոյ արդիականացումը: Աշխարհիկ պետութիւնը, որ ընկերային արդարութեան բարեխղճութեան սկզբունքով կ՛ապահովէր օրինականութիւնը, պէտք է քաղաքացիներու կրթուած հատուածի համար բաց ըլլար, որպէսզի անոնք վայելէին եւրոպական առաջընթացն ու ազատութիւնը[2]: Ֆրենսիս Լենոնի նշելով, սակայն, սեփականութեան եւ կրօնին մասին սահմանադրութեան յօդուածները կը ոտնահարէին քաղաքացիներու բնական իրաւունքն ու ոչնչացնում կաթողիկ ու պահպանողական հանրապետականութեան զարգացման ամէն տեսակի հնարաւորութիւնները[3]:
Հասարակութեան կրօնական շերտի ներկայացուցիչներու մեծ մասի կողմէ սահմանադրութիւնը ենթարկուեցաւ քննադատութեան: Անոնք կը կարծէին, որ այն հակակղերական է եւ կաթողիկէներու իրաւունքներու տեսակէտէն ճնշում: Այնուամենայնիվ, այս ամէնու հետ մէկտեղ նոր սահմանադրութիւնը կ՛ընձեռէր բաւականին ընդարձակ քաղաքացիական իրաւունքներ: Բազմաթիւ պատմաբաններ կը նշեն, որ եկեղեցւոյ ու պետութեան միջեւ հակամարտութիւնը հանդիսացաւ Հանրապետական վարչակարգի անկման ու քաղաքացիական պատերազմի սկսման հիմնական պատճառներէն մէկը:
Երկրորդ հանրապետութեան կարգը հաստատուեցաւ 1 Ապրիլ 1931-ին այն բանէն ետք, երբ Ալֆոնսօ Ը.ը փախաւ Սպանիայէն ու անոր յաջորդեցին տեղական ու քաղաքարետական ընտրութիւնները, որոնցմով հանրապետական թեկնածուները ստացան ձայներու մեծ մասը (անոնց օգտին գերազանցապէս քուէարկեց քաղաքային բնակչութիւնը): Չնայած այն հանգամանքին, որ Ալֆոնսօն տեսականօրէն չհրաժարեցաւ իր գահէն՝ իր պարտադրուած փախուստով առիթ տուաւ, որպէսզի Նիսետօ Ալքալա Սամորայի ղեկավարութեամբ երկրին մէջ ձեւաւորէր ժամանակաւոր կառավարութիւն, իսկ Հիմնադիր խորհրդարաններն ալ իրենց հերթին սկսէին նոր սահմանադրութեան մշակման աշխատանքները:
Նոր իշխանութիւններու հետ մեծ յոյսեր կը կապէին սպանացի աշխատաւորներն եւ գիւղացիները: Ընկերային տեսանկիւնէն ժողովրդավարական որոշ յաջողութիւններ անոնց կողմէ գրանցուեցան, մասնաւորապէս կանանց իրաւունքներու հարցերուն մէջ: Վարչապետ Մանուէլ Ասանիան հաստատեց, որ կաթողիկէ եկեղեցին մասամբ պատասխանատու է երկրին մէջ տիրող այն իրավիճակի համար, որ շատերը կը համարէին հինցած: Ան կը պայքարէր եկեղեցւոյ արտօնութիւններու չեղարկման համար: Ասանիան կը ցանկար, որպէսզի երկիրը նմանէր հետպատերազմեան Ֆրանսայի երրորդ հանրապետութեան: Ան նաեւ մտադրուած էր աշխարհիկ դպրոցական կրթութիւնը դարձնել բոլորի համար անվճար եւ պարտադիր, ինչպէս նաեւ ազգային մշակոյթի ու քաղաքացիութեան համար կառուցել ոչ կրօնական հիմքեր[4]:
Յունիս 1931-ին Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք նոր ձեւաւորուած խորհրդարանը հաստատեց 9 Դեկտեմբեր 1931-ի սահմանադրութեան նախագիծի վերջին փոփոխութիւնները:
Սպանական պատմութեան մէջ առաջին անգամ նոր սահմանադրութիւնը կը սահմանէր կանանց ընտրական իրաւունքի, քաղաքացիական ամուսնութեան եւ ամուսնալուծութեան ներդրում[5][6]: Այն նաեւ հաստատեց անվճար, պարտադիր եւ աշխարհիկ կրթութիւն բոլոր քաղաքացիներուն համար: Այնուամենայնիվ, մայր օրէնքի որոշ դրոյթներ իրաւական հիմք կը հանդիսանային կաթողիկէ եկեղեցւոյ սեփականութեան ազգայնացման համար ու կը պարտաւորեցնէին վերջինին նախապէս իրեն չպատկանած անշարժ գոյքի օգտագործման համար վճարել վարձ: Ի յաւելում այդ դրոյթներուն՝ կառավարութիւնը կաթողիկէներուն կ՛արգիլէր իրականացնել որեւէ ձեւի ցոյցեր, ինչպէս նաեւ՝ խաչերով քայլարշաւներ: Իշխանութիւնները նաեւ լուծարեցին ճիզուիտներու օրդէնը եւ արգիլեցին կրօնական կրթութիւնը: Վանականները, քահանաներն ու եղբայրութեան ներկայացուցիչները նոյնիսկ զրկուեցան մասնաւոր ուսումնական հաստատութիւններու մէջ դասաւանդելէ: Սահմանադրութիւնը պետական մարմիններուն նաեւ կ՛ընձեռէր «հասարակական շահի» համար ազգայնացնել մասնաւոր սեփականութիւնը այն պարագային եթէ սեփականատիրոջը վճարուէր փոխհատուցում[7]:
Սահմանադրութիւնը բոլոր քաղաքացիներուն համար կ՛երաշխաւորէր դաւանանքի ազատութիւն[8]:
Չնայած սահմանադրութիւնը որպէս կանոն մեծ ուշադրութեան արժանացած էր քաղաքացիական ազատութիւններուն ու ժողովրդական ներկայացուցչութեան՝ այնուամենայնիւ, կաթողիկէ եկեղեցցոյ արտօնութիւններու վերաբերեալ առկայ էր բացառութիւն: Ըստ պատմաբան Ստենլի Պէյնայի՝ այդ փաստը որոշիչ դեր կատարեց ժողովրդավարական մեծամասնութեան կրթութեան կանխման հարցին[9]:
Սահմանադրութեան վիճելի 26-րդ եւ 27-րդ յօդուածները խստորէն կը վերահսկէին եկեղեցական ունեցուածքի տնօրինումն ու կրօնական միաւորումներուն արգիլում մասնակցիլ կրթական գործընթացներուն[7]: Այդ քայլը դիտարկուեցաւ որպս ակնյայտ թշնամանք կաթողիկութեան ինչպէս պետական եկեղեցւոյ կողմնակիցներու կողմէ, այնպէս ալ անոնց, որոնք հանդէս կու գային պետութիւնէն եկեղեցւոյ տարանջատման օգտին: Այդ բաժանման կողմնակիցներէն մէկը՝ Խոսէ Օրտէգա ի Գասետը, յայտարարեց, որ «յօդուածը, որով սահմանադրութիւնը կը սահմանէ եկեղեցւոյ նկատմամբ վերահսկողութիւն, անմտութիւն է»[10]: Հռոմի պապ Պիոս Զ. Սպանիոյ մէջ եկեղեցւոյ հալածանքի մասին իր «Dilectissima Nobis» հանրագիտութեան դատապարտեց սպանական կառավարութեան կողմէ կաթողիկէներու իրաւունքներու զրկումը[11]:
Հոկտեմբեր 1931-ին Սպանիոյ խորհրդարանի առաջատար ներկայացուցիչներէն Խոսէ Մարիա Հիլ Ռոբլեսը յայտարարեց, որ Սահմանադրութիւնը մահացած ծնած է: Անոր կարծիքով այն բռնապետական սահմանադրութիւն էր հանուն բռնապետութեան: Ռոպլէսը կը ցանկար օգտագործել ազատ հաւաքներու ու ցոյցերու անցկացման իրաւունքը, որպէսզի աջերու կողմնակիցներուն զգալ սեփական ուժն ու անոնց սորվեցնել, ըստ անհրաժեշտութեան, պայքարիլ փողոցին տիրելու իրաւունքը վաստակելուն[12]:
Ալքալա Սամորայի եւ Միգէել Մաուրայի պահպանողական կաթողիկէ հանրապետականները լքեցին կառավարութեան շարքերը[3], երբ ընդունուեցան սահմանադրութեան վիճելի համարուող 26-րդ եւ 27-րդ յօդուածները[7]:
Ֆրենսիս Լենոնը սահմանադրութիւնը անուանեց «պառակտող» այն բանի համար, որ սեփականութեան եւ դաւանանքի մասին յօդուածներուն մէջ առկայ են առաջնահերթութեան կարգով աւելի շատ ուշադրութիւն դարձուած են պետական իշխանութեան ու «քաղաքացիական իրաւունքներու խախտումներուն», որոնք ալ ոչնչացուցին կաթողիկէ ու պահպանողական հանրապետականութեան զարգացումը[3]: Սթենլի Պէյնը նաեւ կը համաձայնէր այն բանի հետ, որ այդ իրավիճակը կը խանգարէր ժողովրդավարական մեծամասնութեան կրթութիւնը[9]:
Աջ ծայրայեղականները այդ յօդուածները կը համարէին անընդունելի: Այս տեսակէտէն Պէյնը կ՛ենթադրէր, որ «Հանրապետութիւնը, որպէս ժողովրդավարական սահմանադրական կարգ, դատապարտուած էր հենց ամէնասկիզբէն»[9]: Որոշ պատմաբաննեեր կը պնդեն, որ այդպիսի եկեղեցւոյ եւ պետութեան փոխյարաբերութիւններուն այդպիսի թշնամական վերաբերմունքը հանդիսացաւ ժողովրդավարական համակարգի փլուզման եւ քաղաքացիական պատերազմի սկսման հիմնական պատճառ[13]: Իրաւագիտութեան ոլորտի մասնագէտ Խաւէր Մարտինէս Տորոնը յայտարարած էր, որ «Մինչեւ 1978-ը վերջին ժողովրդավարական սահմանադրութիւն համարուող 1931-ի սահմանադրութեան ամենալուրջ սխալը կաթողիկէ եկեղեցւոյ հանդէպ թշնամական վերաբերմունքն էր»[14]:
1931-ին սպանական սահմանադրութիւնը կը փորձէր ազատութիւն ապահովել տարաբնոյթ կրօնական կազմակերպութիւններուն համար (բացի կաթողիկէներէն), ինչպէս նաեւ դադարեցնել հրեաներու եւ բողոքականներու յետապնդումներն ու անոնց նկատմամբ խտրական վերաբերմունքը[15]: Սակայն, այդ ազատութիւնները սահմանափակուեցան իշխանութեան եկած Ֆրանչիսկօ Ֆրանկոյի բռնատիրական վարչակարգի կողմէ: Ֆրանկօն կաթողիկէ եկեղեցւոյ շնորհեց Սպանիոյ պաշտօնական կրօնի կարգավիճակ եւ արգիլեց այլ հարանուանութիւններու բողոքի ցոյցերը[16]: