Սքաութ Թիւֆէնքճեան անգլերէն՝ Scout Tufankjian | |
---|---|
Ծնած է | 3 Նոյեմբեր 1977 (47 տարեկան) |
Ծննդավայր | Պոսթըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Քաղաքացիութիւն |
![]() |
Ուսումնավայր | Եէյլի համալսարան |
Մասնագիտութիւն | լուսանկարիչ, ֆոտոլրագրող, լրագրող |
Կայքէջ | scouttufankjian.com |
Սքաութ Թիւֆէնքճեան (3 Նոյեմբեր, 1977, Պոսթըն, ԱՄՆ) Ամերիկահայ նկարա-լրագրող է, Պրուքլին, Նիւ Եորք: Ան ճանչցուած է ԱՄՆ Նախագահ Պարաք Օպամայի նախագահական ընտրապայքարի ընթացքին իր նկարած նկարներով: Անոր գործերը յաճախ կ'անդրադառնան հայկակն սփիւռքի կեանքին:
Թիւֆէնքճեան ծնած է Պոսթըն, Մասըչուսէթս, հայրը Ամերիկահայ փաստաբան՝ Ալընը եւ Իրլանտա-Ամերիկացի մայր մը՝ Պէթի: Ան հասակ նետած է Ուիթմըն շրջանին մէջ, Մասըչուսէթս:[1]
Ստացած է Պսակաւոր վկայականը քաղաքագիտութեան ոլորտին մէջ Եէյլ Համալսարանէն, 2000 թուականին:
2006 թուականէն 2008, ան հետեւած է Պարաք Օպամայի քայլերուն դէպի ԱՄՆի նախագահութիւն. երբ դեռ ան պարզապէս ԱՄՆի Ծերակուտական էր:[2] Թիւֆէնքճեան նկարեց 12 հազարէ աւելի նկարներ այդ երկու տարուան ընթացքին:[3] Ան հրատարակեց գիրք մը այդ նկարներէն ընտրուած հաւաքածոն ներկայացնող, վերնագրուած Այո Կրնանք՝ Պարաք Օպամայի Պատմական Նախագահական Ճանապարհը (անգլ՝ Yes We Can: Barack Obama's History-Making Presidential Campaign), հրատարակուած 2008 թուականի Դեկտեմբերին, որու առաջին 55,000 օրինակները ծախած էր հրատարակման թուականէն ամիս մը առաջ իսկ:[2]
2012 թուականի Օգոստոսին, Թիւֆէնքճեան նկարեց Միշէլ եւ Պարաք Օպաման իրար փաթթուած. այս նկարը գործածուեցաւ Օպամայի Ֆէյսպուքի եւ Թուիթըրի էջերուն համար իր երկրորդ յաղթանակի գիշերը՝ 6 Նոյեմբեր, 2012 թուականին: Այդ նկարը դարձաւ ամէնաշատ «լայք» եղած նկարը Ֆէյսպուքի պատմութեան մէջ, եւ ամէնաշատ բաժնուած նկարը Թուիթըրի պատմութեան մէջ:[4][5]
2010 թուականին, Թիւֆէնքճեան եւ Նէյթ Շէնքըն կ'ամուսնանան: Շէնքըն աւարտած է Եէյլ եւ Քըլամպիա համալսարաններէն, եւ նախկին լրագրող է:[6]