Վահագն Հայրապետեան |
---|
Վահագն Հայրապետեան (30 Օգոստոս 1968[1], Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), երաժիշտ, ճազի դաշնակահար։
Ծնած է Երեւան։ Մանուկ հասակէն զբաղած է երաժշտութեամբ։ Հայրապետեան աւարտած է Երեւանի պետական երաժշտանոցը եւ ստացած է դաշնակի ու երգագրութեան վկայականներ:
Ան շարունակած է ճազի իր մասնագիտութիւնը Նիւ Եորքի մէջ, Պարի Հարիսի եւ Ֆրենք Հիւվիդի նման ճազի առասպելական վարպետներու հետ:
Հայրապետեան մասնակցած է համաշխարհային բազմաթիւ ճազի փառատօներու, ինչպէս՝ Մոնթրէալի, Թորոնթոյի, Նիւ Օրլինզի եւ Մոսկուայի փառատօները[2]: