Վանօ Սիրադեղեան | |
---|---|
Ծնած է | 13 Նոյեմբեր 1946 |
Ծննդավայր | Կոթի, Նոյեմբերյանի շրջան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն |
Մահացած է | 15 Հոկտեմբեր 2021[1] (74 տարեկանին) |
Քաղաքացիութիւն |
![]() ![]() |
Կրօնք | Հայ Առաքելական Եկեղեցի |
Ուսումնավայր | Երեւանի Պետական Համալսարան |
Մասնագիտութիւն | քաղաքական գործիչ, գրագէտ, լրագրող |
Վարած պաշտօններ | Երեւանի քաղաքապետ եւ Minister of Internal Affairs of Armenia? |
Կուսակցութիւն | Հայոց Համազգային Շարժում |
Վանօ Սիրադեղեան (13 Նոյեմբեր 1946, Կոթի, Նոյեմբերյանի շրջան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն - 15 Հոկտեմբեր 2021[1]), հայ մտաւորական, գրող, պետական, քաղաքական գործիչ եւ հրապարակագիր։ Հայաստանի ներկայ անկախութեան ձեռքբերման յառաջատար դէմքերէն մին։
Ծնած է Հայաստանի Նոյեմբերեանի շրջանի Կոթի (Շաւարշաւան) գիւղին մէջ։ 1974 թուականին աւարտած էր Երեւանի Պետական համալսարանը՝ իբրեւ բանասէր, լրագրող, արձակագիր։
1982 թուականին «Տրուժպա Նարոտով» ամսագրին կողմէ արժանացած է մրցանակի մը։ 1966-69 թուականներուն ծառայած էր Խորհրդային բանակին համար։
Վանօ Սիրադեղեան ամուսնացած է Երեւանի «Խնկօ Ապոր մանկական գրադարան»ի տնօրէնի՝ Ռուզաննա Տոնոյեան[2], հետ, ունին 5 զաւակ, թոռներ։
Աշխատակցած էր շարք մը պարբերականներու։ Իր քաղաքական գործունէութեան ամբողջին մէջ անկիւնադարձ մը հանդիսացած էր «Ղարաբաղ» կոմիտէին անդամակցութիւնը։
1988 թուականի Դեկտեմբերէն մինչեւ 1989 թուականի Մայիսը բանտարկուած է կոմիտէի միւս անդամներուն հետ։
1990-1991 թուականներուն աշխատած է՝ իբրեւ Հայաստանի Անտառատնտեսութեան վարչութեան պետ։
1991-1992 թուականներուն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ներքին քաղաքականութեան եւ ընկերային հարցերու գծով խորհրդականի պաշտօնը վարած էր։
1992-1997 թուականներուն եղած էր Ներքին գործոց նախարար։
1997-1998 թուականներուն Վանօ Սիրադեղեան եղած է Երեւանի քաղաքապետ։ 1998 թուականի տարեմուտին, երբ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան հրաժարած է իր պաշտօնէն, Վանօ Սիրադեղեանի երկրի ղեկավարութենէն ներս զբաղեցուցած պաշտօններն ալ հասած էին իրենց աւարտին։
1990-1992 թուականներուն Վանօ Սիրադեղեան եղած է Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր, Հայոց համազգային շարժում (ՀՀՇ) խմբակցութեան անդամ։
1997 թուականի ընտրութիւններուն դարձեալ ընտրուած է երեսփոխան եւ մինչեւ 1999 թուականը զբաղեցուցած է այդ պաշտօնը, խորհրդարանէն ներս մաս կազմելով «Հանրապետութիւն» խմբակցութեան։
1999 թուականի մայիսի 30-ին, առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հրաժարականին յաջորդած միջավայրին մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն դարձեալ յաջողած էր ընտրուիլ ու մուտք գործած է Ազգային ժողով։ Անդամակցած էր խորհրդարանի պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովին։ Խմբակցութիւններու եւ պատգամաւորական խումբերու մէջ ընդգրկուած չէր։
Եղած է ՀՀՇ-ի վարչութեան անդամ, նաեւ ընտրուած է վարչութեան նախագահ։
Իշխանափոխութենէն վերջ Վանօ Սիրադեղեան, որոշ չափով թիրախ կամ քաւութեան նոխազ դարձած է եւ այդ պայմաններուն ներքեւ աւելի քան 20 տարիէ միջազգային հետախուզման մէջ գտնուած է։ Ան հեռացած է Հայաստանէն, ատեն-ատեն երկրի ընդդիմադիր լրատուամիջոցներուն մէջ կ՚երեւէին իր տեսակէտները։
2000 թուականին Վանօ Սիրադեղեան հեռացած էր Հայաստանէն եւ ընդհանրապէս հանրային կարծիքը տեղեակ չէր իր գտնուած վայրին մասին։ Այդ շրջանէն ի վեր միջազգային հետախուզման մէջ կը գտնուէր[3]։
Սիրադեղեան զբաղած է նաեւ գրական գործունեութէամբ, եղած է է Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ, հեղինակ է շարք մը գիրքերու, ինչպէս՝
Երկրէն հեռու մնացած շրջանին Վանօ Սիրադեղեան հեղինակած է նաեւ Հայաստանի մատնուած կացութեան վերաբերեալ գիրք մը, որ կը կոչուէր «Կեատաներու ժամանակը» եւ ստեղծած էր լայն արձագանգ[3]։