Վետաթ Թիւրքալի թրք.՝ Vedat Türkali թրք.՝ Abdülkadir Pirhasan | |
---|---|
Ծննդեան անուն | թրք.՝ Abdülkadir |
Նաեւ յայտնի է իբրեւ | Vedat Türkali |
Ծնած է | 13 Մայիս 1919[1][2] |
Ծննդավայր | Սամսուն, Տրապիզոնի վիլայեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 29 Օգոստոս 2016[3][2] (97 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Եալովա, Թուրքիա |
Քաղաքացիութիւն | Թուրքիա |
Մայրենի լեզու | թրքերէն |
Ուսումնավայր |
Պոլսոյ համալսարանի գրականութեան բաժին Պոլսոյ Համալսարան |
Մասնագիտութիւն | հեղինակ, գրագէտ, ժապաւէնի բեմադրիչ |
Երեխաներ | Deniz Türkali? եւ Barış Pirhasan? |
Վետաթ Թիւրքալի (13 Մայիս 1919[1][2], Սամսուն, Տրապիզոնի վիլայեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 29 Օգոստոս 2016[3][2], Եալովա, Թուրքիա), թուրք թատերագիր, վիպագիր եւ բեմագիր։
Ծնած է Սամսուն, աւարտած է Սամսունի աւագ դպրոցը, ապա 1942-ին՝ Պոլսոյ համալսարանի գրականութեան բաժանմունքի թուրքերէնի եւ գրականութեան բաժինը:
Մալթեփէի եւ Քուլելիի զինուորական դպրոցներուն մէջ դասաւանդած է գրականութիւն։
1951-ին իր քաղաքական կողմնորոշումներուն համար դատապարտուած է 9 տարուան բանտարկութեան։ 7 տարի բանտարկուելէ ետք պայմանականօրէն ազատ արձակուած է: Հիմնած է «Գառ» հրատարակչատունը:
1960-ին շարժապատկերի բնագաւառին մէջ սկսած է քայլեր առնելու: 1965-ին «Մթութեան մէջ արթնցողները» ժապաւէնը Անթալիոյ «Ոսկէ Նարին» շարժապատկերի փառատօնին արժանացած է ամէնէն լաւ բեմագրութեան մրցանակին։ Ան նաեւ շարք մը այլ բեմագրութիւններու հեղինակ է։
Թիւրքալի Թուրքիոյ քաղաքական պատմութեան, քաղաքական քննարկումներու ոլորտին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ: Նախապէս Թուրքիոյ Համայնավար Կուսակցութեան մաս կազմած Թիւրքալի, իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, եղած է աշխատաւորներու, ժողովրդավարութեան եւ խաղաղութեան պայքարի առաջին շարքերուն մէջ[4]։
1958 թուականէն սկսեալ Ան գրած է աւելի քան քառասուն բեմագրութիւններ, բեմին համար հեղինակած է չորս թատերախաղեր եւ գրած՝ ութ վէպ[5]։