Գիւղաքաղաք (աւան) | |
---|---|
Վերին Ագուլիս | |
![]() | |
Երկիր |
![]() |
Պաշտօնական լեզու | ազրպէյճաներէն |
Բնակչութիւն |
1670 մարդ (1897)[1], 1859 մարդ (2009) |
Ժամային գօտի | UTC+4։00 |
Վերին Ագուլիս, Արեւմտեան Հայաստանի գիւղաքաղաքներէն, որ մտած է Մեծ Հայքի Սիւնիք աշխարհի Գողթն գաւառին մէջ, կառուցուած էր լերան ժայռոտ լանջին։
Ատրպէյճանի կողմէ բռնազաւթուած Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան Որդուարի շրջանին մէջ գտնուող Ագուլիսի մէջ այժմ կ'ապրին ատրպէյճանցիներ։
Արգուլիք ձեւով առաջին անգամ յիշատակուած է 11-րդ դարուն։ Եղած է Գողթն գաւառի ամէնէն նշանաւոր աւանը։
16-րդ դարուն յիշուած է իբրեւ Ռուսիոյ, Պարսկաստանի, Արեւմտեան Եւրոպայի ու Հնդկաստանի հետ առեւտրական կապեր ունեցող վաճառաշահ քաղաք։
17-րդ դարուն, Ջուղայի աւերումէն ետք դարձած է բարեկարգ։
1752 թուականին, Ատրպատականի Ազատ խանի արշաւանքին հետեւանքով աւանն զգալիօրէն աւերուած է։
Բնակիչները հայեր եղած են, որոնք խօսած են իւրայատուկ բարբառով։
1904 թուականին Ագուլիսի մէջ եղած է 256 տուն՝ 2205 հայ եւ 68 տուն՝ 731 թաթար բնակիչներով։
Ագուլիսցիները ձեռներէց ու գործունեայ արհեստաւորներ, առեւտրականներ ու այգեգործներ եղած են։
Ագուլիս հարուստ եղած է ճարտարապետական յուշարձաններով։ Տարբեր ժամանակներու այստեղ կառուցուած են 12 եկեղեցի ու վանք։
Վերին Ագուլիս գիւղաքաղաքի մայր եկեղեցին, որ սկզբնապէս փայտաշէն շինութիւն մը եղած է, բազմաթիւ անգամներ աւերումներու ենթարկուելէ ապա վերակառուցուելէ ետք՝ 17-րդ դարուն, Նաղաշ Յովնաթանի կողմէն զարդարուած է Գրիգոր Լուսաւորչի, Մեսրոպ Մաշտոցի, Սահակ Պարթեւի եւ հայոց այլ մեծերու պատկերներով[2]:
Հռչակաւոր է Սուրբ Թովմա Առաքեալի (Ագուլեաց) վանքը, ուր արտագրուած են բազմաթիւ ձեռագիրներ[3]։