Տողան Աքհանլը | |
---|---|
![]() | |
Ծնած է | 18 Մարտ 1957 |
Ծննդավայր | Շաւշաթ, Արդուին, Թուրքիա |
Մահացած է | 31 Հոկտեմբեր 2021[1] (64 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Պերլին, Գերմանիա |
Քաղաքացիութիւն |
![]() ![]() |
Մասնագիտութիւն | գրագէտ, վիպասան, իրաւապաշտպան |
Անդամութիւն | Գերմանիայի ՊԵՆ-կենտրոն? |
Կուսակցութիւն | Revolutionary Communist Party of Turkey? |
Կայքէջ | dogan-akhanli.de |
Տողան Աքհանլը (թրք.՝ Doğan Akhanlı, 18 Մարտ 1957, Շաւշաթ, Արդուին, Թուրքիա - 31 Հոկտեմբեր 2021[1], Պերլին, Գերմանիա), թուրք-գերմանացի գրող է:
Ծնած է Թուրքիոյ հիւսիսարեւելեան Արդուինի Շաւշաթ փոքրիկ գիւղը: 12 տարեկանին աւագ եղբօր հետ անցած է Պոլիս եւ հոն շարունակած է ուսումը: Ձախակողմեան հայեացքներուն պատճառով կարճ ժամկէտով ձերբակալուած է 1975-ին: 1985-1987 թուականներուն նոյն պատճառով Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած է իբրեւ ընդդիմադիր եւ կտտանքներու ենթարկուած՝ թրքական բանտին մէջ:
1991-ին տեղափոխուած է Գերմանիա ու խնդրած ապաստարան: 1998-ին Թուրքիոյ պաշտօնեաները զինք զրկած են քաղաքացիութենէ[2]: Երեք տարի ետք ան ստացած է գերմանական քաղաքացիութիւն:
Աքհանլըն Քեոլնի մէջ հիմնադրած է Ռաֆայէլ Լեմքին գրադարանը, որ կոչուած է մարդու մը անունով, որ առաջինը եղած է հայերու դէմ կատարուած ոճրագործութիւնը բնութագրելով իբրեւ ցեղասպանութիւն:
Ան 2005-ին այցելած է Հայաստան[2]:
2010-ի Օգոստոս 10-ին Տողան Աքհանլը ձերբակալուած է Թուրքիա ժամանած պահուն: 2017-ի Օգոստոս 19-ին Կրանատայի մէջ ձերբակալուած է Սպանիոյ ոստիկանութեան կողմէ Թուրքիոյ պաշտօնեաներու պահանջով[3], ապա ազատ արձակուած՝ Սպանիոյ դատարանի որոշումով[4]:
Աքհանլըն Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ իր քաղաքական հայեացքներուն պատճառով երկար տարիներ չէր կրցած այցելել Թուրքիա:
Աքհանլըի վէպերը Թուրքիոյ մէջ ընդգրկուած են լաւագոյններու շարքին:
1998-1999 թուականներուն թրքերէն լոյս տեսած է անոր «Անհետացած ծովերը» ընդհանուր վերնագրով եռագրութիւնը, որ կը ներառէ «Սպասելով ծովը», «Կակաչներու դաշտը», «Ահեղ դատաստանի դատաւորները» ստեղծագործութիւնները:
2005-ին անոր հեղինակած «Տիրամօր վերջին երազը» վէպը արժանացած է «Հիւրիէթ»-ի 2009-ի մրցանակին: 2005-ին թուրք գրաքննադատները անոր այս գիրքը դասած են 10 լաւագոյն վէպերու շարքին[5]:
«Ահեղ դատաստանի դատաւորները» գիրքին թրքերէն տարբերակը հրատարակուած է 1999 թուականին, Պոլսոյ մէջ, «Պելկէ» հրատարակչութեան կողմէ: Իսկ 2018-ին, Հայաստանի մէջ հրատարակուած է անոր «Ահեղ դատաստանի դատաւորները» գիրքի (թրք․ «Kıyamet Günü Yargıçları”) հայերէն թարգմանութիւնը: Գիրքի թարգմանիչը եւ մեկենասը եղած է Սոնա Զաքարեանը[2]: