Բնակավայր | |
---|---|
Փանյիի ծփացող դաշտը | |
Երկիր | Թայլանտ |
ԲԾՄ | 0 մեթր |
Ժամային գօտի | UTC+7? |
Անուանուած է | Ko Pan Yi? |
Փանյիի ծփացող դաշտը, ոտնագնդակի յատուկ դաշտ, զետեղուած՝ Թայլանտի հարաւը, Ֆանկա Նկա շրջանին մէջ , Փանյի կղզիին նաւահանգիստի թումբին մօտ, պարաններով իրարու կապուած մեծ ծփացող յատուկ արկղներու վրայ:
Դաշտը ունի 16 մեթր լայնք եւ 25 մեթր երկայնք[1]:
Նախքան դաշտին կառուցուիլը` կղզիին բնակիչները իրենց ապրուստը կը հոգային գլխաւորաբար ձկնորսութեամբ, եւ երբ անոնք ձկնորսութեան ելած չէին ըլլար, անոնց նախասիրած ժամանցը ոտնագնդակն էր:
Անոնք կը խաղային ծովափին: Սակայն ասիկա կարելի էր միայն այն ատեն, երբ ծովու տեղատուութիւն ըլլար: Այլապէս անոնք ստիպուած էին խաղալ 30 տարի առաջ շինուած ծփացող դաշտի առաջին տարբերակին վրայ: Այդ հին դաշտը շինուած էր ժանգոտած գամերով իրարու միացուած փայտի կտորներէ, որուն վրայ խաղալը շատ դժուար էր եւ վտանգաւոր: Պէտք էր ուշադրութիւն ընել դուրս ցցուած գամերէն: Սակայն կղզիին բնակիչները ուրիշ լուծում չունէին եւ ստիպուած էին իրենց ունեցած այդ միակ դաշտին վրայ խաղալու:
Այս նոր դաշտին շինութեան շնորհիւ, երիտասարդները կղզիին վրայ կը մնան, որոնք նախապէս կ'ուզէին լքել կղզին եւ երթալ մայր ցամաքին վրայ գործ գտնել:
Այժմ կղզին ունի 1800 բնակիչ, մինչ տասը տարի առաջ անոնց թիւը կը հասնէր միայն 1200-ի:
Մանր առեւտուրը եւ փոքր աշխատանքները աւելի լաւ են կղզիին վրայ, քան` մայր ցամաքին. երիտասարդները աւելի դիւրութեամբ կրնան դրամ շահիլ, օրինակի համար, նաւակ քշելով: Զբօսաշրջիկներուն այցելութիւնները օրական 50 հազարէն 70 հազար պաթ (1500-2000 տոլար) շահ կրնան ապահովել բնակիչներուն: Այս ձեւով անոնց եկամուտը հինգ անգամ բազմապատկուած է վերջին 10 տարիներուն[2]: