Փոսիտոնիա Օսթրալիս, կոչուած բոյսը ջրախոտ մըն է:
Անիկա փոսիտոնիա ընտանիքին պատկանող ծովային խոտ մըն է, որ գտնուած է մասնագէտներու կողմէ Շարք Պէյ ծովածոցի ջուրերուն մէջ, աւստրալիական Փըրթ քաղաք 800 քմ դէպի հիւսիս:
Բոյսը, որ կը տարածուի 180 քմ-ի վրայ եւ կը ծածկէ մօտաւորապէս 200 քառ. քմ համապատասխան է 2 հազար ֆութպոլի դաշտերւ տարածքին:
Սկիզբը գիտնականները կը փորձէին գտնել, թէ քանի՞ տարբեր տեսակի բոյսեր կ'աճէին ծովածոցի ջուրերու խորքը: Ծինային քննութիւններ կատարելէ ետք անոնք անդրադարձան, որ այդ «բուսականութիւնը» չէր պատկաներ որեւէ այլ տեսակի բոյսի ընտանիքի:
Ըստ նախահաշիւներու, այս բոյսը 4500 տարեկան է[1]: