Քալամքարի կամ Ղալամքարի (Պարսկերէն՝ قلمکاری) բամբակէ հիւսածոյի վրան ձեռքով ներկուածքի տեսակ մըն է, որ տարածուած է Հնդկաստանի Անտհրա Փրատէշ նահանգին մէջ։ Միայն բնական (բոյսերէ պատրաստուած) ներկեր կը գործածուին Քալամքարին պատրաստելու, քսան երեք քայլով պատրասուող։[1][2][3]
Հնդկաստանի մէջ գոյութիւն ունին Քալամքարիի երկու իւրայատուկ իրարմէ տարբեր ոճեր՝ Սրի-քալահասթի Քալամքարի (Տեւընակարի այբուբենով՝ श्री कालहस्ती, կամ Հնդկական Թէլեկու լեզուի այբուբենով՝శ్రీకాళహస్తి కలంకారీ երբմն կը հնչուի Շրի-Քալահասթի) եւ Մաչիլյէփաթնամ Քալամքարի (Թէլեկու այբուբենով՝ మచిలీపట్నం కలంకారీ)։ Երկու ոճերն ալ ծագում առած են Հնդկաստանի հարաւ արեւելեան Անտհրա Փրատէշ նահանգին տարբեր շրջաններու մէջ, այս նահանգի պաշտոնական լեզուն տեղական Թէլեկու լեզուն է, որ ի տարբերութիւն Հնդկաստանի պաշտոնական Հինտի լեզուին, սանսքրիթէն սերած չէ։ Այս երկու ոճերուն մէջ հիմնական տարբերութիւնը այն է որ Սրի-Քալահասթի Քալամքարին յառաջացած է կրօնական գործածութեան համար, եւ բարգաւաճած էր տաճարներուն մէջ։ Անոր նաեւ կը հանդիպինք մագաղաթներուն, պատերուն կամ կառքերուն վրայ փակցուած որմազդներուն մէջ։ Անորմով նաեւ պատկերուած են Հինտուական դիւցազներգութեանց (Րամայանայ, Սանսքրիթ՝ रामायणम्, Մահարապարթա, Սանքրիթ՝ महाभारतम्, Փուրանաներ, Սանսքրիթ՝ पुराण) հերոսներն ու կարգ մը արարները։[4]
Իսկ Մաչիլյէփաթնամ Քալամքարին ստեղծուած է այլ ազգերու հետ առեւտուր ընելու անհրաժեշտութենէն։ Սրիքալահասթի ոճը ձեռքով ազատ գծագրելու եղանակ մըն է, իսկ Մաչիլյէփաթնամը շարուածքներով տպելու եղանակ մըն է։ Քալահասթիի դէպքին գոյնը ուղղակիօրէն կը ներկուի է հիւսուածոյին վրան։ Իսկ Մաչիլյէփաթնամի դէպքին կտորը կը ներկուի է որոշակի գոյնով մը, ապա ճնշում մը կը բանեցուի այդ տարածքին վրան, որպէսզի գոյնը չթափանցէ հուսուածոյին այլ տարածքներ ուր պէտք չէ։ Վերջինիս դէպքին ուրուագիծին տպումը (դրոշմումը) կը կատարուի սեւ ներկով փայտէ կաղապարներո վրայ:
ԺԸ (18-րդ) դարու մեծն աշուղ Սաեաթ նովան այս բառը գործածած է իր «Թամամ աշխարհ պըտուտ էկայ» բանաստեղծութեան մէջ, տարբեր տեսակի կերպասեղէններ ու զգեստաւորումներ յիշատակելէ ետք (խամ, զար, ղումաշ Արաբերէն՝ قُماش, թիրման շալ, հագածըդ` կըրակ), ոտանաւորը կ՛աւարտէ Քալամքարին յիշելով, բառին Պարսկական հնչիւնով՝ Ղալամքարի․
«Դուն` կրակ, հագածդ` կըրակ, վո՞ւր մէ կրակին դիմանամ, Հընդու ղալամքարու վըրէն ծածկիլ իս մարմաշ (շղարշ, նուրբ մետաքսէ հիւսք), նազա՛նի[5]»:
Պատմականօրէն, Քալամքարին կը կոչուէր Փաթթաչիթրա (կամ աւանդական-Մեսրոպեան տառադարձութեամբ՝ Պատտաչիտրա), արուեստի ձեւ մը որուն ցարդ (տակաւին) կարելի է հանդիպիլ այժմու (այսօրուան) Հնդկաստանի Օտիշա (Տեւընակարի այբուբենով՝ ओडिशा, երբեմն Օրիսա կը հնչուի) նահանգին հարակից տարածքներուն եւ Հնդկաստանի այլ շրջաններուն ինչպէս նաեւ «Նեփալ»-ի մէջ։[6][7] «Պատտաչիտրա» եզրոյթը (Սանսքրիթի եւ Հինտի/Հնդկերէն լեզուներուն յատուկ՝ Տեւընակարի այբուբենով पट्टचित्र), կը թարգմանուի Պատտա, այսինքն կտաւ եւ Չիտրա այսինքն պատկեր։[7][8] Հինտուական (Պրահմական), Պուտտայական եւ Ճէնական (նախապուտտայական պրահմական աղանդ) գրականութեանց մէջ կը յիշատակուին գործուածքներու (հիւսուածքներու) կամ hիւսուածքէ գալարներու (մագաղաթներու) վրան ըրուած նկարչութիւնները։[9][10]
Միջնադարուն, թիւրքական (Անգլիական գրաւումի ատեն յայտնուած եզրոյթով՝ Մուղալներու, Անգլերէն՝ Mughals) գրաւումի օրերուն «Քալամքարի» կամ «Ղալամքարի» եզրոյթը յառաջացաւ Պարսկերէնի մէջ գործածուող Քալամ Արաբերէն բառէն (Պարսկերէն, Արաբերէն եւ Ուրտու/Իսլամական Հնդկերէն՝ قلم, Պարսկերէնով կը հնչուի Ղալամ) որ կը նշանակէ գրիչ, եւ Պարսկերէն Քարի բառէն, որ կը նշանակէ արհեստագործութիւն, կամ երբեմն ալ գործ (Նման է Հնդկերէնով նոյն իմաստը կրող काम Քամ բառին): Այս եզրոյթը լայն տարածութիւն ստացաւ Հնդկաստանը գրաւած (կեդրոնական արեւելեան շրջանը) Շիա-թիւրքմենական Կոլքոնտա (Պարսկերէն՝ سلطنت گلکنده) Սուլթանութեան (Պարսկական մշակոյթը կրող) օրերուն։[11]