Ֆրանքոֆոն Մամուլի Միջազգային Միութիւն (ֆր.՝ Union Internationale de la Presse Francophone, UPF), ֆրանսերէն ստեղծագործող լրագրողներու ընկերակցութիւն: Ստեղծուած է 1950-ին եւ կը նկատուի աշխարհի ամենահին ֆրանքոֆոն կազմակերպութիւնը[1]։ Ունի աւելի քան երեք հազար անդամ աշխարհի 110 երկիրներու մէջ[2]:
Ընկերակցութիւնը հիմնադրուած է 1950-ին, Լիմոժի մէջ (Ֆրանսա), նախաձեռնութեամբ քանատացի լրագրող Էմիլ-Տոսթալէ Օ՛Լերիի նախաձեռնութեամբ[2], ով դարձած է կազմակերպութեան առաջին նախագահը[3]: Կազմակերպութիւնը 24 Հոկտեմբեր 2001-ին, Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ կազմակերպուած իր 33-րդ ժողովին ընթացքին իր անուանումը Union Internationale des Journalistes et de la Presse de Langue Français-էն փոխած է Union Internationale de la Francophone-ի[2]:
UPF-ի հիմնական նպատակն է զարգացնել համագործակցութիւնը ֆրանքոֆոն զանգուածային լրատուականն միջոցներու միջեւ[1]: Իր սկզբնական շրջանին ծառայելով իբրեւ ֆրանսախօս լրագրողներու հանդիպավայր, այժմէական խնդիրները քննարկելու եւ լուծումներ փնտռել-գտնելու հաւաքատեղի, ժամանակի ընթացքին UPF-ը դարձած է մասնագիտական միութիւն[2]: Այն ոչ կառավարական միջազգային կազմակերպութիւն է, որ ճանչցուած է Եւրոպական խորհրդարանի, Ֆրանքոֆոնիայի Միջազգային Կազմակերպութեան, Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեան եւ միջազգային բազմաթիւ այլ կազմակերպութիւններու կողմէ[2]:
1991-ին ընկերակցութիւնը, La Francophonie կազմակերպութեան հետ համատեղ, սահմանած է Prix de la Libre Expression (Խօսքի Ազատութեան Մրցանակ)[4]: Մրցանակը կը շնորհուի իւրաքանչիւր տարի: Անով կը պարգեւատրուին այն լրագրողները, որոնք, հակառակ հետապնդումներու, հալածանքներու եւ վտանգներու, իրենց ստեղծագործութիւններուն ու գործելակերպին մէջ կը շարունակեն մնալ աշխոյժ, ճշմարիտ ու արդարամիտ[4]: 2000-ականներուն այդ մրցանակին արժանացածներուն շարքին են Միշէլ Օժէն (Michel Auger, 2000 թ.), Le Rénovateur-ը (2003 թ.) եւ Մէյ Շիտեաքը (May Chidiac, 2005 թ.)[4]:
Օգոստոս 2008-ի ամսուան տուեալներով, UPF-ի ղեկավարը Ալֆրէտ Տան Մուսան (Alfred Dan Moussa)ն է[5]: Ան իր այդ պաշտօնին ընտրուած է 2007-ին[6]՝ յաջորդելով Ռատիօ Ֆրանս Ինթէրնասիոնալի նախկին նախագահ Էրուէ Պուրժէին[7][8]: