Ֆրետերիք Մաքլէր

Ֆրետերիք Մաքլէր
ֆրանսերէն՝ Frédéric Macler
Ծնած է 16 Մայիս 1869(1869-05-16)[1]
Ծննդավայր Mandeure[2]
Մահացած է 12 Յուլիս 1938(1938-07-12)[1] (69 տարեկանին)
Մահուան վայր Մոնպելիար
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա
Մասնագիտութիւն լեզուաբան, արեւելագէտ
Աշխատավայր Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկ
«Ռըվիւ տէ զ՛Էթիւտ զ՛Արմենիէն»
Վերածնունդ
Վարած պաշտօններ տնօրէն եւ Արեւելեան լեզուներու Հայկական Բաժանմունքի Ամպիոն

Ֆրետերիք Մաքլէր (16 Մայիս 1869(1869-05-16)[1], Mandeure[2] - 12 Յուլիս 1938(1938-07-12)[1], Մոնպելիար), ֆրանսացի գիտնական եւ հայագէտ։ Հայ ժողովուրդին նուիրուած իր յօդուածներով եւ ուսումնասիրութիւններով անգնահատելի ծառայութիւն մատուցած է հայագիտութեան: Գործերը նուիրուած են կրօնի, հայ ժողովուրդի պատմութեան, աշխարհագրութեան, բանահիւսութեան, գրականութեան, մշակոյթի զանազան բնագաւառներուն եւ հրատարակուած են եւրոպական հրատարակութիւններու կողմէ:

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մաքլէր ծնած է 1869-ին։ Աշակերտած է ֆրանսացի ծանօթ պատմաբան եւ հայագէտ Օկիւսթ Քարիէրին, որմէ սորված է հայերէն, ասորերէն եւ եբրայերէն։Հայագիտական գործունէութիւնը սկսած է 1888-ին լոյս տեսած «Դանիէլ մարգարէի պարականոն հայերէն Յայտնութիւններ» գործով։

1911-1937 թուականներուն Մաքլէր հայոց լեզու (գրաբար եւ աշխարհաբար), հայոց պատմութիւն եւ աշխարհագրութիւն դասաւանդած է Փարիզի Ապրող Լեզուներու Արեւելեան Բարձրագոյն Դպրոցին մէջ, պատրաստելով բազմաթիւ հայագէտներ։ Նշանաւոր ֆրանսացի այլ հայագէտի մը՝ Անթուան Մէյէի հետ, Մաքլէր հրատարակած է «Revue des études arméniennes» հանդէսը եւ միասին հիմնած են հայագիտական ընկերութիւն մը։

Անուրանալի դեր ունեցած է Ֆրանսայի եւ ընդհանրապէս Եւրոպայի մէջ հայագիտութեան հետագայ զարգացման եւ հայութեան խնդիրները անկողմնակալ ձեւով ներկայացնելու գործին մէջ:

Փարիզի Ազգային Գրադարանին մէջ պահուող հայ ձեռագիրներուն ցուցակը կազմողներէն եւ հրատարակողներէն մէկը եղած է[3]։

Ուղեւորութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Նամակ (1928)

Յուլիս-Հոկտեմբեր 1909-ին, ուղեւորութիւն մը կատարած է դէպի Էջմիածնայ վանք գիտական ուսումնասիրութեան նպատակով: Ֆրանսացի հայագէտը ծրագրած էր ուսումնասիրել հայերէն ձեռագիր Աւետարաններ եւ հետագային, այդ ուսումնասիրութեան իբրեւ արդիւնք, հրատարակած է «Աւետարանի հայերէն բնագիրը» գործը։

Մինչեւ Հայաստան երթալը, Մաքլէր այցելած է Վիեննա, ուր Մխիթարեան միաբանութեան վանքին մէջ ուսումնասիրած է հոն պահուող յունարէն տապանագիր մը եւ մատենադարանին նոր ստացած հայերէն ձեռագիրները։

Յուլիս 1909-ին, Էջմիածինի մէջ Մաքլէրը ընդունած են կաթողիկոսական տեղապահ Գէորգ արք. Սուրէնեանցը (հետագային՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Ե.), մատենադարանապետ Մեսրոպ Տէր-Մովսէսեանը եւ հայագէտ Գալուստ Տէր-Մկրտչեանը։

Էջմիածինի մէջ Մաքլէր հանդիպած է նաեւ իրեն տարեկից Կոմիտասին, որուն ուղեկցութեամբ այցելած է Էջմիածինի Գայեանէ, Հռիփսիմէ եւ Շողակաթ վանքերը։ Անոնք միասին կ'ուղեւորուած են Օշական, Աշտարակ, Մուղնի, Կարպի, Ուշի, Սաղմոսավանք, Օհանաւան եւ Գեղարդ. բոլոր այս վայրերուն մէջ ան ծանօթացած է հին յուշարձաններուն, զորս լուսանկարած եւ հրատարակած է իր գործերուն մէջ։ Ան ծանօթագրած է ամէն մէկ կոթող, բոլոր նկարագրութիւններուն մէջ ցոյց տալով հայ ժողովուրդի հոգեւոր ժառանգութեան համամարդկային արժէքը:

Հայկական բնակավայրերու մէջ Մաքլէր հետաքրքրուծ է նաեւ հայկական աւանդական ծէսերով, շրջաններու բնորոշ տօներով, աւանդութիւններով, մանաւանդ վանքերուն մէջ կատարուող ուխտագնացութիւններով: Ան կը նկարագրէ որոշ գիւղերու մէջ պահպանուած այնպիսի պաշտամունքներ, որոնք հեթանոսութենէն եկած էին. օրինակ՝ օձերու պաշտամունքը, որ այսօր վերացած է:

Իր աշխատութեան մէջ, Մաքլէր անջատ բաժին մը Զուարթնոցի տաճարին յատկացուցած է, անդրադառնալով անոր կառուցման պատմութեան եւ աւերման, պեղումներուն եւ ճարտարապետ Թորոս Թորամանեանի վերականգնած յատակագիծին: Աւելի մանրամասն նկարագրած է Էջմիածինի յուշարձանները, զորս ուսումնասիրելու աւելի երկար առիթ ունեցած է:

Ֆրետերիք Մաքլէրի ուշադրութենէն չեն վրիպած իր այցելած գիւղերուն բնակչութեան վիճակը եւ անոնց զբաղմունքը: Ան նշած է, թէ Աշտարակի որոշ գիւղերու մէջ բնակութիւն հաստատած թաթար եւ քիւրտ հովիւները համերաշխ կ'ապրէին հայերուն հետ եւ մահմետականները, մզկիթ չունենալու պատճառով, հայոց եկեղեցին կը յաճախեն:

Սեպտեմբեր 1909-ին Էջմիածինէն վերադառնալու ճամբուն վրայ, գիտնականը որոշ ժամանակով կանգ առած է Թիֆլիս: Հոն նոյնպէս ուսումնասիրած է հայկական կեանքը. քաղաքի հայ բնակչութեան, հայկական միութիւններու, մամուլի, հայկական թատրոնի եւ հայ գրողներու մասին մանրամասն տեղեկութիւններ արձանագրած է, նշելով որ հայերը գրաւած են Թիֆլիսի գրեթէ բոլոր բնագաւառները:

Թիֆլիսի մէջ հանդիպած է այդ օրերուն արդէն 84 տարեկան Գաբրիէլ Սունդուկեանին, զայն նկատելով «հայ թատրոնի հայր»ը, եւ Եւրոպայի մէջ հետագային, իր դասախօսութիւններուն ընթացքին, ներկայացուցած է Սունդուկեանը, անոր գործերը, ինչպէս նաեւ ուրիշ հայ թատերագիրներ: Սունդուկեանին հետ, ֆրանսերէն զրուցած են, քանի, որ, ինչպէս յայտնի է՝ թիֆլիսահայ մեծ թատերագիրը բազմալեզու էր։

Նոյն թուականի Հոկտեմբերի երկրորդ կիսուն Մաքլէր ծովային ճամբով կ'երթայ Պոլիս, որուն ընթացքին հարուստ տեղեկութիւններ կը հաւաքէ իր հանդիպած ծովափնեայ քաղաքներուն՝ Պաթումի, Տրապիզոնի, Օրտուի, Սամսունի, Պաֆրայի եւ Ինեպոլուի հայութեան մասին։ Ան մանրամասն տեղեկութիւններ գրի կ'առնէ, ինչպէս՝ հայերուն թիւը, դպրոցները եւ միւս հայկական կառոյցները, այդ քաղաքներուն մէջ հայերուն ունեցած հաւաքակական եւ տնտեսական դիրքը եւ այլն:

Ան աւելի մանրամասն կը նկարագրէ պոլսահայութեան կեանքը, նկատելով, որ քաղաքին վարչական կառոյցներուն եւ առեւտուրի ցանցին մէջ հայերը լաւ դիրք գրաւած են, ունին մամուլ, կազմակերպութիւններ, թատրոն եւ այլն: Ֆրանսացի հայագէտը իր յետճամբորդական զեկուցումին մէջ գովասանքով կը խօսի պոլսահայ մամուլի բազմազանութեան եւ արժանիքներուն մասին եւ այդ մէկը մեծապէս կը գնահատէ, քանի որ նոյնը չէ տեսած պետական աջակցութիւն վայելող թրքական եւ յունական մամուլին մէջ: Կը գրէ հետեւեալը.

Նոյնիսկ հալածանքի ամենամռայլ օրերուն, հայերը Պոլսոյ մէջ ունեցած են հինգ կամ վեց օրաթերթ եւ նոյնքան ալ շաբաթական հանդէսներ, մեծ մասամբ գրական, մինչդեռ թրքերէն եւ յունարէն լեզուներով հազիւ կը հրատարակուէր նոյնքան օրաթերթ եւ երկու կամ երեք պարբերական։
- «Լրաբեր» հանդէս, 1969, ըստ Մաքլէրի հաշուետուութեան, ներկայացուած ֆրանսական պետութեան



«Լրաբեր» հանդէսին մէջ յօդուածագիր Մ. Մինասեան կը գրէ, թէ պոլսահայ թատրոնի մասին խօսելով՝ Մաքլէր մեծ գովեստով կը յիշատակէ «Աբէլեան-Արմէնեան» թատերախումբին ճաշակաւոր խաղացանկը եւ անոր արդիականութիւնը:

Օրթագիւղի Անտոնեան հայրերու վանքին մէջ Մաքլէր ուսումնասիրած եւ նկարագրած է «Թարգմանչաց» կոչուող հռչակաւոր Աւետարանը, որ ըստ աւանդութեան, ընդօրինակուած է մեր առաջին թարգմանիչներուն ձեռագիրէն:

Վիեննա-Հայաստան-Թիֆլիս-Պոլիս գիտական ուղեւորութեան մանրամասնութիւնները անոր Ֆրանսայի պետութեան ներկայացուցած զեկոյցին եւ hետագային հրատարակուած գիրքերուն մէջ են: Ան Ֆրանսայի պետութեան ներկայացուցած է այդ զեկոյց-հաշուետուութիւնը, քանի որ նոյնինքն ֆրանսական պետական աջակցութեամբ կարելի դարձած է այդ չորս ամսուան գիտական ուղեւորութիւնը:

Այդ գրութիւնները մինչեւ այսօր ալ կը ծառայեն իբրեւ կարեւոր աղբիւր հետազօտողներուն համար, մանաւանդ՝ եւրոպացի հայագէտներուն, որոնք հայկական աղբիւներուն զուգահեռ, միշտ կարեւոր կը նկատեն օտարազգի դասական հայագէտներու գործերուն ուսումնասիրութիւնը:

Կոստան Զարեանի հետ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ինչպէս իր մէկ յօդուածին մէջ կը տեղեկացնէ հետազօտող, գիտնական Վարդան Մատթէոսեան, հայագիտական ու հայասիրական իր գործունէութեան ընթացքին Մաքլէր բազմաթիւ հայ մտաւորականներու հետ կապեր պահած է, այդ կարգին՝ թղթակցութիւն ունենալով նաեւ Կոստան Զարեանին հետ՝ անոր նամակներ եւ բացիկներ ղրկելով: Զանազան առիթներով զարեանական իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ Վարդան Մատթէոսեան անդրադարձած է այդ նամակներուն, զորս Զարեան ստացած է 1912-ին՝ Վենետիկ ապրած շրջանին: Մատթէոսեան կարեւոր կը նկատէ այդ նամակները զարեանագիտութեան մէջ, այն առումով, որ Զարեանի վենետիկեան առաջին շրջանին՝ 1911-1912-ի վերաբերեալ փաստական տեղեկութիւնները շատ քիչ են:

Նամակներու ընթերցումէն Մատթէոսեան պարզած է նաեւ, որ Մաքլէր նախօրօք գտնուած է Վենետիկ, ուր ծանօթացած է Զարեանին, որուն հետ միասնաբար որոնումներ կատարած է «Ակադեմիա» պատկերասրահին մէջ:

Կոմիտասի մասին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1917-ին Փարիզի մէջ լոյս կը տեսնէ Մաքլէրի «Երաժշտութիւնը Հայաստանի մէջ» գրքոյկը: Գիրքին մէջ Մաքլէրի մէկ ելոյթն է, որ ան ունեցած է նոյն թուականին, Փարիզ: Ըստ տեղեկութիւններուն, Մաքլէրի այդ ելոյթը ընթացած է երաժշտական կատարումներով, որ աւելի կենդանի դարձուցած է հայկական երաժշտութեան մասին անոր խօսքը: Գրքոյկին մէջ հայագէտը ֆրանսացի հասարակութեան կը պատմէ հայկական երաժշտութեան սկզբնաւորման պատմութիւնը՝ հեթանոսական ժամանակներէն մինչեւ իր ապրած օրերը:

Թէ՛ ելոյթին եւ թէ գրքոյկին մէջ մեծ տեղ յատկացուցած է Կոմիտասին, անոր անուան հետ կապելով հայ մաքրամաքուր երաժշտութիւնը օտար հնչիւններէ ազատելու եւ տարածելու գործը: Գիրքը ստեղծելու մէջ դեր ունեցած են Կոմիտասի ունեցած ելոյթները Փարիզի մէջ՝ 1906-1907-ին նաեւ՝ 1914-ին, երբ Կոմիտաս Փարիզի մէջ մասնակցած է Միջազգային երաժշտական ընկերութեան հինգերորդ համաժողովին՝ ներկայացնելով երեք զեկուցում հայ հոգեւոր երաժշտութեան, ժողովրդական երաժշտութեան եւ խազագրութեան մասին։

Մաքլէր, անշուշտ, երաժշտագէտ չէր, եւ հայագէտները այն կարծիքը ունին, որ այս գրքոյկը հրատարակելու գործին մէջ մեծ եղած է անոր անձնական ծանօթութիւնը Կոմիտասին հետ եւ անոր անցուցած յիշարժան օրերը՝ Մայր Աթոռէն ներս եւ հայոց դաշտ ու սարերուն մէջ[4]:

Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Իր Ակնարկութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Թուրք ղեկավարները գտան, որ պահը յարմար է հայկական փափուկ հարցէն ընդմիշտ կարելի է ազատիլ՝ հայերը ոչնչացնելու ճանապարհով: Թուրքերը կիրարկեցին ամէնէն բարբարոս ձեւերը: Հետեւելով Պոլիսէն ղրկուած հեռագիրներուն` հրաման տրուեցաւ բնակիչներուն հայերը տեղահանել այն շրջաններէն, որոնք, իբր թէ ռազմագիտական դիրքերու մօտ կը գտնուէին: Եթէ այդ նախազգուշութիւնը կրնար օգտակար նկատուիլ ռուսական սահմաններու մօտ գտնուող մարզերուն համար, բայց բոլորովին անիմաստ էր այդ սահմաններէն 700-1000 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող հայերու տեղահանութիւնը:
- Հայ ազգը, անցեալը եւ դժբախտութիւնները գիրքէն, ֆրանսերէն, Փարիզ, 1923[5]


Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Internet Speculative Fiction Database — 1995.
  2. 2,0 2,1 2,2 https://portail-archives.doubs.fr/ark:/25993/klwjhsn7vxr2/d5552479-3834-4043-8af8-e0e935f6a219
  3. peoplepill.com։ «About Frédéric Macler: French linguist (1869-1938) (1869 - 1938) | Biography, Bibliography, Facts, Career, Wiki, Life»։ peoplepill.com (ֆրանսերէն եւ անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2021-12-21 
  4. «ՀԱՅԱԳԷՏ ՖՐԵՏԵՐԻՔ ՄԱՔԼԷՐԻՆ ԱՅՑԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՊՈԼԻՍ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2021-12-21 
  5. Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Ֆրետերիք Մաքլէրի Ակնարկութիւնը