Արշակ Ֆեթվաճեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1 Հոկտեմբեր 1866 |
Ծննդավայր | Տրապիզոն, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 10 Հոկտեմբեր 1947 (81 տարեկանին) կամ 7 Հոկտեմբեր 1947[1] (81 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Մեդֆորդ, Միտըլսէքս Գաւառ, Մասսաչուսէթս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Քաղաքացիութիւն | Հայաստան |
Ուսումնավայր | Հռոմի գեղարուեստի կաճառ |
Ազդուած է | Չեզարե Մակկարի? |
Մասնագիտութիւն | գեղանկարիչ, փոստային բացիկների դիզայներ |
Արշակ Ֆեթվաճեան (1 Հոկտեմբեր 1866, Տրապիզոն, Օսմանեան Կայսրութիւն - 10 Հոկտեմբեր 1947 կամ 7 Հոկտեմբեր 1947[1], Մեդֆորդ, Միտըլսէքս Գաւառ, Մասսաչուսէթս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Դրոշմաթուղթերու եւ Դրամանիշներու հեղինակ՝ գծագրիչ Արշակ Ֆեթվաճեան: Ան իբրեւ մտաւորական, նկարիչ, պատմաբան, բանաստեղծ, գծագրիչ, արուեստաբան փորձած է փրկել հայ մշակոյթը, արուեստը, արժէքները, հայու անունը եւ իրաւունքները ու այս բոլորը փորձած է ներկայացնել համայն մարդկութեան: Ան առաջին հայ նկարիչն է, որ գեղանկարչութեան նիւթ դարձուցած է ճարտարապետական կոթողը: Արուեստի բնագաւառին մէջ կատարած է թարգմանական աշխատանք, մասնաւորապէս՝ ֆրանսերէնէ եւ իտալէրէնէ հայերէնի։
Ան ականատես եղած է 1915 թ․ ցեղասպանութենէն փրկուած Էջմիածինի մէջ հայ գաղթականութեան անօթեւան, թշուառ վիճակին։ Նաեւ՝ 1918 թ․ եւ 1919 թ․ տարիներուն Արարատեան դաշտավայրին մէջ կատարուող մարտական գործողութիւններուն եւ հայութեան առջեւ ստեղծուած սուր տագնապալի իրավիճակին։
1891-1895 Ֆեթվաճեան աշխատած է Վիեննայի մէջ եւ հոն մնայուն հանդիպումներ ունեցած է աւստրիացի արուեստագէտներու եւ նկարիչներու հետ, որոնց շնորհիւ իր մէջ խմորուած է արուեստի ճաշակն ու նրբութիւնը. ջրաներկի տիրապետած է եւ դարձած՝ արուեստի պատմութեան մասնագէտ:
Աւստրիոյ մօտ Պարսկաստանի հայազգի դեսպան Նարման Խան Ենիկոլուպեանին պատուէրով նկարած է Պարսկաստանի Նասր Էտտին Շահին եւ վերջինին վեզիրին դիմանկարները։ Նաեւ՝ արուեստի նկարներ, թուրք եւ օտար բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու եւ հիւպատոսներու պատուէրով։
Զբաղած է գրական աշխատանքով եւ Պոլսոյ ու Վիեննայի հայկական մամուլին մէջ հրատարակած է գրական աշխատանք, մասնաւորաբար արուեստաբանական գրականութիւն։
Նիւ Եորքի մէջ Ֆեթվաճեան կ'ապրի թշուառ պայմաններու մէջ։ Զինք այս վիճակին կը հանդիպի գործարար Մանուէլ Տէր Մանուէլեան եւ Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան նախկին հիւպատոսներէն մէկը։ Ֆեթվաճեան ապաստան կը գտնէ անոր տան մէջ (Պոսթըն) եւ կը դառնայ Մանուէլեան ընտանիքին նոր անդամը։
Մանուէլեանի տան մէջ կը հանդիպի Պոսթըն ապաստանած, վտարանդի դարձած մտաւորականներուն՝ Վարդգէս Ահարոնեանին (Աւետիս Ահարոնեանին որդին) եւ անոր տիկնոջ Արմէնուհի Տիգրանեանին (Արմէն Տիգրանեանի քոյրը), որոշ ժամանակ «Հայրենիք» լրագրի խմբագիր Յարութիւն Չաքմաքճեանին, Համաստեղին, հայդուկ-զօրավար Սեպուհին եւ շատ ուրիշներուն։
Պոսթընի Հարվըրտ համալսարանի եւ ուրիշ հաստատութիւններու, ինչպէս նաեւ հայկական կազմակերպութիւններու հրաւէրով հայկական արուեստի եւ ճարտարապետութեան շուրջ դասախօսութիւններ կու տայ։
Գործը եւ ճանաչումը Պոսթընի մէջ
Պոսթընի մէջ կը վերսկսի ստեղծագործել։ 1925-1930 թուականներուն կ'իւղաներկէ շիկահեր եւ կապուտաչեայ երիտասարդ կիներու եւ աղջիկներու պատկերներ, որոնք այսօր պահուած են Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին՝ անոր երկերու հաւաքածոյին մէջ։
1929-1931 թուականներուն իւղաներկով կը նկարէ հայ միջնադարեան մշակոյթի նշանաւոր դէմքերու երեւակայական դիմանկարերը․ Մեսրոպ Մաշտոց, Սահակ Պարթեւ, Մովսէս Խորենացի, Յովհաննէս Օձնեցի, Ստեփանոս Տարօնեցի, Մխիթար Գոշ, Եզնիկ Կողբացի, Գրիգոր Նարեկացի։
Կը նկարէ նաեւ Ամերիկայի մէջ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Գարոյի, ինչպէս նաեւ Քրիստափոր Միքայէլեանի, Սիմոն Զաւարեանի, Ստեփան Զօրեանի (Ռոստոմ) դիմանկարները։
Ամերիկեան կարգ մը թանգարաններ եւ արուեստի հաստատութիւններ Ֆեթվաճեանին կ'առաջարկեն գնել անոր գործերը։ Սակայն ան կը մերժէ, հաստատելով թէ անոնք կը պատկանին միայն ու միայն հայ ժողովուրդին։
30 Յուլիս 1919-ին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը, վարչապետութեամբ Ալեքսանդր Խատիսեանի, որոշած է հայկական դրամանիշներ տպագրելու համար Ֆրանսա ուղարկել երկրաչափ Գրիգոր Աղաբաբեանը եւ նկարիչ Արշակ Ֆեթվաճեանը, իւրաքանչիւրին յատկացնելով 50 ֆրանք օրապահիկ, ճանապարհածախս՝ ըստ օրինաւոր պայմաններու եւ ամսական 3000 ռուբլի թոշակ: Արշակ Ֆեթվաճեանը հայկական թղթադրամներու, ինչպէս նաեւ նամակատարային նամականիշներու-նամակադրոշմներու տպագրութիւնը կազմակերպելու նպատակով Հայաստանէն մեկնած է Եւրոպա:
Ցուցահանդէսներով ներկայացած է հանրութեան՝ 1899-ին Պաթում, 1900-ին Թիֆլիս, 1902-ին Պաքու եւ Պիատիկորսկ, 1930-ին Պոսթըն:
Պաքուի ցուցահանդէսին ներկայացուցած է հետեւեալ իւղաներկ գործերը՝
1900 թ․ ցուցահանդէսին ներկայացուցած է՝
1908 թ․
1917 թ․
Ֆեթվաճեանին ստեղծագործութիւնները կը ցուցադրուին Գոլոմպիայի եւ Շիքակոյի Փրինսթոն համալսարաններուն մէջ։
Ֆեթվաճեան Թիֆլիսի մէջ իրագործած է վերականգնողական աշխատանքներ:
Նաեւ՝
Արշակ Ֆեթվաճեանի մասին լոյս տեսած հատորներ են՝
Տարբեր աշխատանքներ՝
Հայրենադարձութեան տարիներուն, այլ մտաւորականներու շարքին, ինքն ալ կը հրաւիրուի՝ վերադառնալու հայրենիք: Ան կը պատրաստուի միանալու ներգաղթող հայերուն եւ ինք իր ձեռքերով կը զետեղէ իր ստեղծագործութիւնները (2000 հատ) սնտուկներու մէջ: Սակայն, ան անակնկալ կը հիւանդանայ եւ 84 տարեկանին կը մահանայ 7 հոկտեմբեր 1947-ին Միացեալ Նահանգներու Մետֆըրտ քաղաքին մէջ: *Իր կտակին համաձայն, իր աճիւնը եւ գեղարուեստական ստեղծագործութիւնները տեղափոխուած են Հայաստան եւ պահուած են Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ: Անոր աճիւնները Երեւանի մէջ ամփոփուած են նկարիչ Սեդրակ Աղաճանեանի աճիւններուն մօտ: Դժբախտաբար այսօր անոր գերեզմանը անյայտ է:
Արշակ Ֆեթվաճեանի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ հրատարակուած են դրոշմաթուղթերու շարք մը, օգտագործելով Արշակ Ֆեթվաճեանի եւ անոր ստեղծագործութիւններուն նկարները:
«Ազատ Օր» օրաթերթ, 2020 թ․, Երեքշաբթի 2, Չորեքշաբթի 3 եւ Հինգշաբթի 4 Յունիս, էջ՝ 4, հեղ․՝ բժշ․Կարպիս Հարպոյեան