Գերլորձնահոսութիւն | |
---|---|
MedlinePlus | 003048 |
eMedicine | 629 |
MeSHID | D012798 |
Disease Ontology | 20764 |
Գերլորձնահոսութիւն (sialorrhea, hypersalivation, ptyalism) կը նշանակէ լորձունքի առատ արտադրութիւնը լորձնագեղձերու կողմէ։ Անիկա կը յառաջանայ զանազան հիւանդութիւններու կամ ախտապատճառներու հետեւանքով։ Լորձունքը կ'արտադրուի լորձնագեղձերու մէջ։ Բնական պայմաններու մէջ անիկա շարունակ կ'արտադրուի եւ ապա կը հոսի բերանին մէջ։ Մենք տեւաբար եւ անգիտակցաբար կը կլլենք բերանին մէջ գտնուած լորձունքը։
Լորձունքը կը պարունակէ ամիլէյզ (amylase) կոչուած խմորիչը (enzyme), որ կ'օգնէ հացահատիկներու՝ օսլայի (starch) լուծումին բերանին մէջ, ինչպէս նաեւ կրածին եւ ֆոսֆոր, որոնք կարեւոր են ակռաներու կառոյցին եւ առողջութեան։ Լորձնագեղձերը կը գտնուին բերանին մէջ։ Այս գեղձերը երկու տեսակ են՝ հիմնական եւ երկրորդական լորձնագեղձեր։
Հիմնական լորձնագեղձերը մեծ են չափով։ Այս խմբաւորումին մաս կը կազմեն ունկնալորձնագեղձերը. ունկնագեղձերը (parotid glands), ենթածնօտային լորձնագեղձերը (submaxillary glands) եւ ենթալեզուային լորձնագեղձերը (sublingual glands):
Ունկնալորձնագեղձերը երկու հատ են. իւրաքանչիւրը կը գտնուի դէմքին մէկ կողմը, ականջի յառաջամասին եւ ծնօտին վրայ։
Ենթածնօտային լորձնագեղձերը նոյնպէս երկու հատ են. իւրաքանչիւրը կը գտնուի լեզուին տակը, աջ եւ ձախ կողմերը եւ ծնօտին ետեւն ու տակը։
Ենթալեզուային լորձնագեղձերը բազմաթիւ են եւ կը գտնուին լեզուին տակ։
Երկրորդական մանր լորձնագեղձերը բազմաթիւ են եւ կը գտնուին քիմքի ամբողջ տարածքին։
Լորձունքը ունի հիմնական դերեր.
Գերլորձնահոսութիւն կը յառաջանայ հիմնական եւ երկրորդական ախտապատճառներով։
Հիմնական ախտապատճառներն են՝
Երկրորդական ախտապատճառներն են՝
Լորձունքը արտաթորուելէ ետք լորձնագեղձերուն մէջ կը հոսի լորձնագեղձերու ծորաններէն եւ կը հասնի բերան։ Սովորաբար եւ անգիտակցաբար բերանին մէջ գտնուած լորձունքը մենք կը կլլենք։ Յաճախ լորձունքը կը կուտակուի բերանին մէջ։ Այս մէկը տեղի կ'ունենայ հետեւեալ ախտապատճառներով եւ հիւանդութիւններով՝
Լորձունքի՝ բերանէն դուրս հոսիլը կը կոչուի բերանալորձնավազք կամ բերանալորձնահոսք (drooling): Անիկա կը յառաջանայ հետեւեալ հիւանդագին եւ անբնական երեւոյթներով՝
Լորձունքի կուտակումը բերանին մէջ կրնայ յառաջացնել լորձունքի ներխուժում խռչափողէն ներս եւ այնտեղէն՝ թոքեր, ինչպէս նաեւ թոքատապ։
Երկարատեւ բերանալորձնավազքի հետեւանքով տեղի կ'ունենան կարգ մը բարդութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝
Գերլորձնահոսութեան, բերանին մէջ լորձունքի կուտակման եւ բերանալորձնավազքի ախտաճանաչումը ինքնին բացայայտ է։ Սակայն պէտք է ախտաճանաչուին անոնց ախտապատճառները, որպէսզի յարմարագոյն դարմանումի ձեւը որդեգրուի։
Գերլորձնահոսութեան, բերանին մէջ լորձունքի կուտակման եւ բերանալորձնավազքի դարմանումը տեղի կ'ունենայ դարմանելով անոնց ախտապատճառները։