Երուխան | |
---|---|
| |
Ծննդեան անուն | Երուանդ Սրմաքէշխանլեան |
Նաեւ յայտնի է իբրեւ | Երուխան |
Ծնած է | Յուլիս 1870[1][2] |
Ծննդավայր | Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 1915[1][2][3][…] |
Մահուան վայր | Խարբերդ, Էլազըղի մարզ, Թուրքիա |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Ուսումնավայր |
Ներսէսեան վարժարան Ազգային Կեդրոնական Վարժարան |
Մասնագիտութիւն | թարգմանիչ, լրագրող, գրագէտ |
Աշխատավայր |
Արեւելք Ազգային Կեդրոնական Վարժարան Խարբերդի ազգային Կեդրոնական վարժարան? |
Վարած պաշտօններ | երեսփոխան[4] |
Երուխան (Երուանդ Սրմաքէշխանլեան, Յուլիս 1870[1][2], Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1915[1][2][3][…], Խարբերդ, Էլազըղի մարզ, Թուրքիա), հայ գրող, հրապարակախօս, թարգմանիչ եւ մանկավարժ։
Ծնած է Պոլիս։ Նախնական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Խասգիւղի «Ներսէսեան» վարժարանին եւ ապա՝ Կեդրոնական վարժարանին մէջ, զոր կէս ձգած է՝ ընտանիքի նիւթական համեստ վիճակին եւ իր անբաւարար արդիւնքերուն պատճառով (ան կը ճշդէ, որ անոնք գոհացուցիչ չէին՝ նոյնիսկ հայերէնի պարագային)։
Գործի ասպարէզ մտնելու ձախող փորձէ մը ետք, պատանի Երուանդը կ՝ որոշէ ինքնաշխատութեամբ ամբողջացնել ուսումը. կը բարելաւէ հայերէնը, կը սորվի ֆրանսերէն եւ կը կարդայ մեծ թիւով կարեւոր գրական գործեր, հայ թէ՛ օտար, յատկապէս ֆրանսերէն։
1889-ին գրական ու լրագրական փորձեր ընելէ ետք «Ծաղիկ» հանդէսին եւ «Ճերիտիէ շարգիէ» հայատառ թրքերէն թերթին մէջ, 1890 թուականի վերջաւորութեան կը մտնէ «Արեւելք» օրաթերթ որպէս խմբագրի օգնական։
Մայիս 1890-ին իր «Պապուկը» նորավէպը, գնահատուելէ ետք Արփիարեանի կողմէ, լոյս կը տեսնէ «Արեւելք»ի մէջ։ Կը շարունակէ արտադրել նորավէպեր եւ պատմուածքներ ժողովրդական կեանքէն, ինչպէս նաեւ թարգմանութիւններ՝ ֆրանսական վէպերու եւ վիպակներու, որոնք թերթօնով լոյս կը տեսնեն։ 1896–ի ջարդերու տարին, Պուլկարիա կ՚անցնի, ուր ուսուցիչ կ՚ըլլայ։ 1897-1899-ին կ՚աշխատակցի «Բիւզանդիոն» օրաթերթին՝ կեղծանուններով, մինչեւ որ համիտեան գրաքննութիւնը կը յայտնաբերէ իր անունը եւ կը ստիպուի դադրեցնել աշխատակցութիւնը։ 1898-1899-ին հիմնադիրներէն ու խմբագիրներէն է Վառնայի «Շարժում» թերթին, իսկ 1900-1901-ին կը հրատարակէ «Շաւիղ» կիսամսեան։ 1904–ին կը փոխադրուի Եգիպտոս, նոյն զոյգ ասպարէզներուն մէջ գործելով։
Օսմանեան Սահմանադրութեան ժամանակ, ուրիշ շատերու պէս, կը վերադառնայ Պոլիս ընտանիքին հետ (ամուսնացած էր Եգիպտոս)։ Հայերէնի ուսուցիչ կ՛ըլլայ Պոլսոյ Կեդրոնակաան Վարժարանին մէջ, որուն ուսումը, ատենին, պարագաներու ստիպողութեամբ կէս ձգած էր։
Այս տարիներուն, վերամշակելով 1890–ականներու իր մէկ վիպակը, զայն կը վերահրատարակէ «Ամիրային Աղջիկը» խորագրով, որ պիտի մնար իբր իր սերունդի ամենալուրջ վէպը։
1913-ին նշանակուած է Խարբերդի Կեդրոնական վարժարանի տնօրէն։ 1915 Ապրիլին կը ձերբակալուի, կը բանտարկուի եւ կը նահատակուի։