Կոստան Զարեան | |
---|---|
![]() | |
Ծննդեան անուն | հայ.՝ Կոստանդին Քրիստափորի Եղիազարյան |
Ծնած է | 8 Փետրուար 1885[1][2] |
Ծննդավայր | Շամախի Քաղաք, Ռուսական Կայսրութիւն[2] |
Մահացած է | 11 Դեկտեմբեր 1969[3] (84 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[2] |
Քաղաքացիութիւն |
![]() ![]() |
Ուսումնավայր | Ս. Ղազար կղզի |
Երկեր/Գլխաւոր գործ | Q3220357? |
Մասնագիտութիւն | գեղանկարիչ, գրագէտ, լրագրող, բանաստեղծ, վիպասան |
Աշխատավայր |
Բարձրավանք Երեւանի Պետական Համալսարան Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարան Քալիֆորնիոյ Համալսարան, Պըրքլի |
Անդամութիւն | Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու Միութիւն |
Ամուսին | Թագուհի Շահնազարեան |
Երեխաներ | Նուարդ Զարեան եւ Արմէն Զարեան |
Կոստան Զարեան (Եղիազարեան, 8 Փետրուար 1885[1][2], Շամախի Քաղաք, Ռուսական Կայսրութիւն[2] - 11 Դեկտեմբեր 1969[3], Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[2]), հայ գրող։
Ծնած՝ Պաքուի մօտ, Շամախի մէջ։ Դեռ մանուկ, կը կորսնցնէ հայրը՝ բարձրաստիճան զինուորական ռուսական բանակին մէջ։ Կը տարուի Պաքու, ապա՝ Փարիզ, ուր կը սորվի ռուսերէն եւ ֆրանսերէն։ Գրական առաջին էջերը լոյս կ՛ընծայէ ֆրանսերէն լեզուով։ Կը գրէ նաեւ իտալերէն, որուն կը տիրապետէր։ 1910 թուականին կ՛երթայ Ս․ Ղազար կղզի, գրական հայերէն սորվելու բուռն փափաքով։
1914 թուականին կ՛անցնի Պոլիս, ուր կը մնայ մինչեւ 1915, գրական կեանքին մասնակցելով։ Դ. Վարուժանի եւ Յակոբ Օշականի հետ կը հրատարակէ «Մեհեան» գրական պարբերաթերթը։ Ապա կ՛անցնի Պուլկարիա, ուր կը մնայ վեց ամիս, ետքը Զարեաններուն ընտանիքը կը մեկնի Իտալիա, Քափրի, Հռոմ եւ 1916 թուականին` Ֆիրենցէ[4]: Պատերազմի սկիզբը կը մեկնի Եւրոպա, ուր որոշ մասնակցութիւն կը բերէ հայկական հարցի քարոզչութեան։ 1919 թուականին կրկին Պոլիս է, ուր՝ մինչեւ 1922 թուական, վերջնական մեկնումը կ՛ունենայ գրական-հրապարակագրական գործունէութեան, Վահան Թէքէեանի եւ ուրիշ գրագէտներու հետ միասին հիմնելով ու խմբագրելով «Բարձրավանք» թերթը։ Կ՛արտադրէ յատկապէս բանաստեղծութիւններ։
Պոլիսէն Խորհրդային Հայաստան անցած՝ քանի մը տարի կը դասախօսէ Երեւանի համալսարանին մէջ։ 1925 թուականին կը մեկնի Ֆրանսա, ապա Միացեալ Նահանգներ։ Հոս կը հրատարակէ իր մեծ վէպերը եւ տպաւորոկան-մտածողական ծաւալուն փորձերը, գլխաւորաբար՝ «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ, մինչ «Հայրենիք»ի հրատարակչականէն լոյս կը տեսնէր իր «Նաւը Լերան Վրայ» վէպը։
Մինչեւ 1952 թուականը, Զարեան շրջուն գործունէութեան մէջ է՝ Միացեալ Նահանգներ, Միջին Արեւելք ու Եւրոպա։ Կը դասախօսէ «Քոլոմպիա» համալսարանին (Նիւ Եորք) ու Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ։ Կը հիմնէ եւ կամ կը վարէ թերթեր՝ Փարիզ եւ Պոսթըն։
1961 թուականին կը հաստատուի Երեւան, ուր եւ կը մահանայ։
|