Պարոյր Հայրիկեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 5 Յուլիս 1949 (75 տարեկան) |
Ծննդավայր | Երեւան, Նուբարաշեն վարչական շրջան |
Քաղաքացիութիւն |
Խորհրդային Միութիւն Հայաստան |
Կրօնք | Հայ Առաքելական Եկեղեցի |
Ուսումնավայր | Հայաստանի ազգային բազմարուեստի համալսարան |
Մասնագիտութիւն | քաղաքական գործիչ, գրագէտ |
Վարած պաշտօններ | Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր |
Կուսակցութիւն | Ազգային միացյալ կուսակցություն? եւ Ազգային ինքնորոշում միավորում? |
Ծնողներ |
Արշաւիր Հայրիկեան Զարուհի Աբրահամեան |
Կայքէջ | hayrikyan.com |
Պարոյր Արշաւիր Հայրիկեան (5 Յուլիս 1949, Երեւան, Նուբարաշեն վարչական շրջան), Հայաստանի քաղաքական գործիչ, խորհրդային նշանաւոր այլախոհ,[1][2], 1968-էն գաղտնի գործող Ազգային Միացեալ Կուսակցութեան անդամ, այնուհետեւ՝ ղեկավար, Ազգային Ինքնորոշում Միաւորում կուսակցութեան առաջնորդ, Խորհրդային Միութեան ժողովրդավարական շարժումներու հիմնադիր եւ ղեկավար,[3][4][5] գրող, երգահան։[1][3]
Չորս անգամ դատապարտուած է քաղաքական գործունէութեան համար, շուրջ 17 տարի (1968-1987-ին) անցուցած է կալանավայրերու մէջ։[6]
Ծնած է 5 Յուլիս 1949-ին, Նուպարաշէնի մէջ։[7] 1956-ին ընդունուած է Նուպարաշէնի միջնակարգ դպրոցը, ուր գերազանցութեամբ աւարտած է 1966-ին։ Դեռ դպրոցական տարիքին Պարոյր Հայրիկեանը կը հիմնէ «Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը» (ՀԵՄ), որու անունով թռուցիկներ կը տարածուէին Երեւանի եւ Կիրովականի մէջ։ Պետական Անվտանգութեան Կոմիտէի (ՊԱԿ) աշխատակիցները Երեւան-Կիրովական գնացքին վրայ կը ձերբակալեն թռուցիկներ տարածող դպրոցական աղջիկներու, որոնց միջոցով կ'իմանան Հայրիկեանի մասին։ Այդ կազմակերպութեան բացայայտումէն ետք ան կը հիմնէ «Շանթ» կազմակերպութիւնը, որուն նպատակն էր Հայաստանի տարածքային վերամիաւորումը։
7-րդ դասարանէն ամառնային արձակուրդներուն կ'աշխատէր հօր հետ եւ կ'օգնէր մօրը հաշուապահութեան մէջ։ Մեծ սէր ունէր երաժշտութեան հանդէպ: Շեփոր կը նուագէր Նուպարաշէնի մանկատան մէջ։ Կը գրէր պատմուածքներ, վիպակներ, բանաստեղծութիւններ։ Այն ժամանակ տարածուած էր պատանի բանաստեղծի «Հայի վիշտը» բանաստեղծութիւնը, որ կը վերջանար «Մասիս սարը այն կողմ կանգնած հանգիստ չի բաշխի» բառերով։[8]
Հայրիկեանի հայրը՝ Արշաւիր Յովհաննէս Հայրիկեանը, ծնած է Պոլսոյ մէջ՝ մտաւորական ընտանիքի մէջ, 1946-ին ներգաղթած է Խորհրդային Հայաստան։ Արշաւիրի հօրեղբայրը՝ Աբրահամ Հայրիկեան, եղած է աշխարհագրութեան, թրքերէնի եւ հին ազգերու պատմութեան ուսուցիչ, հիմնադրած է Հայրիկեան վարժարանը, որ այնուհետեւ վերանուանուած է Արդի վարժարան։[9][10] Աբրահամ Հայրիկեանը մեծ հեղինակութիւն կը վայելէր Պոլսոյ կրթադաստիարակչական կեանքին մէջ։ Նահատակուած է 24 Ապրիլ 1915-ին, պոլսահայ այլ մտաւորականներու հետ։ Պարոյր Հայրիկեանի մայրը՝ Զարուհի Սեդրակ Աբրահամեանը, ծնած է Ռուսաստանի Քրասնոտարի մէջ, ուր գաղթած էին անոր ծնողները Մեծ Եղեռնի ժամանակ։ Վեց տարեկանէն ծնողներուն հետ տեղափոխուած է Երեւան։ Զարուհի Աբրահամեանի հայրը՝ Սեդրակ Սահակ Աբրահամեանը (Կռեյանց), ծնած է Վանի Հայոց Ձոր գիւղին մէջ՝ աւանդական սովորոյթներով մեծ գերդաստանի նահապետ Կռեյանց Սահակի ընտանիքին մէջ։ Անոնց նախնիները դարերով ապրած են Վանի մէջ ու զբաղած՝ գիւղատնտեսութեամբ։ Զարուհի Աբրահամեանի մայրը՝ Փիաստոս Ասատուր Աճէմեանը, ծնած է Վան՝ մեծահարուստ արհեստաւորներու ընտանիքի մէջ, որուն նախնիները նոյնպէս ապրած են Վանի մէջ։
Հայրիկեանի ուսանողական տարիներուն «Շանթ»ը նոր վերելք կ'ապրի։ Կը տպագրուի «Երկունք» թերթը եւ «Ցասում» թռուցիկը։ ՊԱԿ-ը կը բացայայտէ «Շանթի» անդամները։ Կազմակերպութեան բացայայտուած անդամներուն խստօրէն կը նախազգուշացնեն եւ կը սպառնան նման գործունէութիւն շարունակելու պարագային ենթարկել պատիժի։ 1967-ին Հայրիկեանը կ'անդամագրուի 1966-ի նկարիչ Հայկազ Խաչատրեանի ստեղծած Ազգային Միացեալ Կուսակցութեան (ԱՄԿ)։[11] 1968-ին Հայրիկեանը կը ծանօթանայ Ազգային Միացեալ Կուսակցութեան ղեկավարներուն հետ եւ այդ ժամանակ ալ «Շանթ»ը կը տեղափոխէ ԱՄԿ։ Հայրիկեանը ԱՄԿ-ի շարքերուն մէջ կը մասնակցի Փարոս-1-ի տարածման, կը կատարէ կազմակերպչական աշխատանք եւ կը դառնայ ԱՄԿ-ի ամենագործուն անդամներէն մէկը։ 24 Ապրիլ 1968-ին, Մեծ Եղեռնի զոհերու յուշարձանին մօտ Հայրիկեանը կը կազմակերպէ 15 վայրկեան տեւողութեամբ ռատիօհաղորդում, որուն թեման անկախ Հայաստանն էր։ Կազմակերպողի՝ Հայրիկեանի մասին ՊԱԿ-ը իմացաւ 1969-ին դատաքննութեան ժամանակ՝ անոր կցուած մատնիչի միջոցով։ 1968-ին ԱՄԿ-ի ղեկավարներու կալանաւորումէն ետք Հայրիկեանը կը դառնայ կուսակցութեան ամենագործուն անդամը։ ԱՄԿ-ին կ'անդամագրուին նորանոր մարդիկ։ Կը մշակուի գաղտնի գործունէութեան յուսալի համակարգ. անդամները կը ստորաբաժնուին ըստ խումբերու եւ մասնաճիւղերու, որոնք իրար հետ կ'առնչուին իրենց ղեկավարներու կամ կապաւորներու միջոցով։ Առաջին անգամ Հայրիկեանը կը ձերբակալուի 1969-ի գարնան, երբ 20 տարեկանը դեռ չէր բոլորած։ Երիտասարդ գործիչին կը բնութագրէ նախաքննութենէն հետեւեալ դրուագը. Հայրիկեանը կը հրաժարի ցուցմունքներ տալէ եւ կը պահանջէ, որ իրեն տանին ՊԱԿ-ի նախագահ գեներալ Լեյտենանտ Բադամեանցի մօտ։ Յաջորդ օրը իրեն կ'ուղեկցին գեներալի առանձնասենեակ։ Հայրիկեանը անկէ կը խնդրէ, որ մնան երկուքով, սակայն գեներալը կը մերժէ՝ ըսելով, որ իր աշխատակիցներուն կը վստահի։ Հայրիկեանը կ'առաջարկէ.«Մենք երկուքս ալ հայ ենք, երկուքս էլ մեր հայրենիքի լաւը կը ցանկանանք։ Եկէք, ես ներքեւէն, Դուք՝ վերեւէն համագործակցինք եւ ազատենք մեր հայրենիքը»: Ցնցուած գեներալը կը գոռայ. «Կորիր այստեղէն»։[8]
1970-ին Հայրիկեանը կը դատապարտուի 4 տարուան ազատազրկման[12]՝ Հայաստանի խորհրդային սոցիալիստական հանրապետութեան քր. օրէնսգիրքի 65 եւ 67 յօդուածներով։ Դատարանին մէջ ինքզինք մեղաւոր չճանչցաւ, հրաժարեցաւ դատապաշտպանէն եւ ինքը պաշտպանեց՝ ոչ իրեն, այլ գերուած հայրենիքը։ Առաջին ազատազրկման ժամկէտը Հայրիկեանը կ'անցընէ Մորտովայի Բարաշեւօ գիւղի քաղաքական կալանաւորներու համար նախատեսուած ճամբարին մէջ։[13] Իբրեւ քաղաքական կալանաւոր անբասիր էր, ունէր մեծ հեղինակութիւն։ Ճամբարէն կապ կը հաստատէ չբացայայտուած ընկերներու հետ, յօդուածներ կը գրէ եւ կ'ուղարկէ ընդյատակին մէջ տպագրելու համար։ Պատժախցերուն մէջ եղած ժամանակ կը գրէր երգեր եւ բանաստեղծութիւններ։
1973-ին, վերադառնալով ազատազրկումէն, Պարոյր Հայրիկեանը կը շարունակէ քաղաքական գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ ուսումը պոլիտեխնիկի մէջ։ Կ'աշխատի Նուպարաշէնի գործուածքներու գործատան մէջ։ Հայրիկեանի բացակայութեան 4 տարիներու ընթացքին ԱՄԿ-ը կը շարունակէ գործել ընդյատակին մէջ՝ հաւատարիմ մնալով Ազատ ու Անկախ Հայաստանի գաղափարին։ Հայրիկեանը կալանավայրէն կ'ոգեշնչէր ընկերները։ Ճամբարին մէջ կը մշակէ «ՓԱՐՈՍ-2»ը եւ կ'ուղարկէ դուրս. ԱՄԿ անդամները զայն կը տպագրեն եւ կը տարածեն։ 1973-ին Հայրիկեանի վերադարձէն ետք ԱՄԿ ծրագիրը փոփոխութիւններու կ'ենթարկուի. անոր առաջարկով կը հանուին բոլոր այն դրոյթները, որոնք կը հակադրուէին ԽՍՀՄ սահմանադրութեան։ Հայրիկեանի անմիջական ղեկավարութեամբ բազմահազար տպաքանակով կը տարածուին «ՓԱՐՈՍ-2» ԼՐԱՑՈՒՑԻՉ թերթն ու բազմաթիւ թռուցիկներ ու կոչեր։
ԱՄԿ-ի հիմնադիր Հայկազ Խաչատրեանի եւ միւս ղեկավարներու ձերբակալութենէն ետք Հայրիկեանը կը դառնայ ԱՄԿ-ի փաստական ղեկավարը։[13] 1973-ին կը ստեղծուի ԱՄԿ-ի գործադիր խորհուրդ, որուն նախագահ կ'ընտրուի Հայրիկեանը։ Ազատութեան մէջ մնալով ընդամէնը 9 ամիս՝ ան ԱՄԿ-ը բարձրացուց նոր աստիճանի. այդ ժամանակահատուածը կազմակերպութեան ամենաարգասաբեր շրջանն էր, քաղաքական նոր մտածելակերպի շրջան։
1974-ին անձնագրային կարգը խախտելու կեղծ մեղադրանքով Հայրիկեանը կը կալանաւորեն՝ դատապարտելով 2 տարուան ազատազրկման։ Սակայն 2 ամիս ետք յօդուածը կը փոխեն եւ կը դատապարտեն ՀԽՍՀ Քր. օրէնսգիրքի 65 յօդուածի 2-րդ մասով եւ 67 յօդուածով։ Այս ապօրինի քայլը հիմնազուրկ էր, քանի որ ՊԱԿ-ը չկարողացաւ որեւէ ցուցմունք կորզել կալանաւորուած վկաներէն։ Դատարանը յենուեցաւ միայն Ռուբէն Խաչատրեանի ցուցմունքի վրայ։ Նախաքննութեան ընթացքին Հայրիկեանն ու իր ընկերները կը գտնուէին ՊԱԿ-ի մեկուսարանի տարբեր խուցերուն մէջ։ Սակայն ան կը կարողանար ոչ միայն իրենց հետ գաղտնի նամակագրական կապ ստեղծել, այլեւ հաստատել իր մշակած՝ ԱՄԿ-ի ծրագիրը։ Ծրագիրի հիմնական դրոյթը հետեւեալն էր. ԽՍՀՄ սահմանադրութեան ընձեռած իրաւունքով հանրաքուէի միջոցով հասնիլ Խորհրդային Հայաստանի անկախացման։ Այս ծաւալուն փաստաթուղթը մեկուսարանէն դուրս ուղարկելու փորձը կը ձախողի եւ Հայրիկեանը այս անգամ կը դատապարտուի 7 տարուան կալանքի եւ 3 տարուան աքսորի։ Ի դէպ, նախաքննութեան ընթացքին, բացի ԱՄԿ-ի ծրագիրէն, կը գրէ նաեւ մի քանի երգեր ու բանաստեղծութիւններ։ Այս եւ այլ երգերով Պարոյր Հայրիկեանը կը դառնայ ազգային-հայրենասիրական արդի երգարուեստի հիմնադիրը Հայաստանի մէջ։
ԱՄԿ նոր ծրագիրի եւ կանոնադրութեան հիման վրայ գրուած եւ 1976-ին մորտովական կալանավայրէն գաղտնի դուրս ուղարկուած՝ Հայրիկեանի «ԱՄԿ-ը իր գործունէութեան 10-րդ տարիին» տեսական կազմակերպական յօդուածաշարը էական նշանակութիւն կ'ունենայ հայ եւ այլ ազգային-ժողովրդավարական շարժումներու զարգացման համար։ Նոյն թուականին Հայրիկեանի բանտային ընկերները՝ ուքրանացի բանաստեղծ Վասիլ Ստուսը եւ հրեայ գրող Միխայիլ Հեյֆեցի նախաձեռնութեամբ՝ ԱՄԿ գաղափարները ընդունելու եւ ԱՄԿ համակիր անդամներ դառնալու մասին յայտարարութիւններ կ'ընդունին եւ հանրաքուէի պահանջով ԱՄԿ գործողութիւններուն կը մասնակցին նաեւ ուքրանացի, ռուս, հրեայ, լաթուիացի, մոլտովացի, լիթուանիացի եւ այլ ազգերու ներկայացուցիչ քաղկալանաւորներ։ Ասիկա ազգամիջեան համերաշխութեան իսկական օրինակ է։ Այս կալանքը Հայրիկեան կ'անցընէ Փերմի եւ Մորտովիայի քաղաքական ճամբարներուն մէջ։ 1977-ին կալանավայրին մէջ ինք կ'ընտրուի ԱՄԿ-ի քարտուղար, որուն մասին կազմակերպութիւնը կը տեղեկացնէ ԽՍՀՄ իշխանութիւններուն։ Հայրիկեանը, այսպիսով, կը դառնայ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան շարժման հիմնադիրը ԽՍՀՄ-ի մէջ։ Ան կը համարուէր ամենագործուն քաղաքական կալանաւորը եւ մօտ 400 օր անցուցած է միայն պատժախուցերուն մէջ։ Փիթըրսպուրկցի պատմաբան, գրող, ազգութեամբ հրեայ Միխայիլ Հեյֆեցը, որուն վիճակուած էր դառնալ այդ օրերու տարեգիրը, գրած է «Ռազմագերի քարտուղարը. պատմութիւն Պարոյր Հայրիկեանի մասին» գիրքը (առաջին անգամ լոյս տեսած է 1985-ին, Լոնտոնին մէջ, ռուսերէն)։ Հեյֆեցը հիացմունքով կը խօսի տարիքով իրմէ շատ երիտասարդ Հայրիկեանի «խարիզմայի», առաջնորդի բնատուր տաղանդի, ազգային-ազատագրական պայքարին անոր անվերապահ նուիրման, իսկական եւ ոչ թէ մոսկովեան պատկերացումներով միջազգայնականութեան մասին։[14]
1980-ի Հոկտեմբերէն Հայրիկեանը Ուրալի Փերմ քաղաքի քննչական բանտին մէջ է, այնուհետեւ՝ Նովոսիպիրսկի, ապա՝ Իրկուտսկի բանտերուն մէջ։ 1981-ին, ազատազրկման ժամկէտը լրանալէն 3 ամիս առաջ, Հայրիկեան կ'ամբաստանուի կաշառատուութեան մէջ եւ Փերմի մէջ սարքուած խայտառակ դատավարութիւն-ներկայացումէն ետք կը դատապարտուի 3 տարուան ազատազրկման եւ կ'ուղարկուի Իրկուտսկի մարզի հիւսիսը տեղակայուած թմրամոլներու համար նախատեսուած յատուկ ճամբար։ Ընդհանուր առմամբ, կարցերներուն մէջ անցուցած է շուրջ 300 օր։[15] Հրաշքով ողջ մնալով, 1984-1987 թուականներուն աքսորավայրին մէջ՝ Իրկուտսկի Ուստ-Կուտ շրջանին մէջ կ'աշխատի որպէս ելեկտրիկ։ Բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու նպատակով Հայրիկեան կ'ընդունուի Փրատսկի պոլիտեխնիկական ինստիտուտի հեռակայ բաժինը. 20 հնարաւորէն հաւաքելով 18 միաւոր՝ կը գրաւէ առաջին տեղը, սակայն կը պարզուի, որ ինստիտուտի ղեկավարութիւնը «սխալմամբ մոռցած է» Հայրիկեանի անունը գրել հրամանի մէջ եւ այդ «սխալը ուղղել հնարաւոր չէ»։ 1985-ին Հայրիկեան կ'ընդունուի Իրկուտսկի պոլիտեխնիկական ինստիտուտ։ Որպէս շատ լաւ ուսանողի, անոր կը թոյլատրուի յանձնել յաջորդ դասընթացքի քննութիւնները։ Հազիւ հասցուցած էր յանձնել 2 քննութիւն, երբ զայն 1987-ին Յունիսին երկրորդ դասընթացքէն կը հեռացնեն ՊԱԿ-ի յանձնարարութեամբ։ Հետագային Հայրիկեան կ'աւարտէ Երեւանի պետական համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքը։
1987-ի Մայիսին Հայրիկեանի նախաձեռնութեամբ Հայաստանի մէջ կը ստեղծուի «Քաղկալանաւորներու պաշտպանութեան հայկական յանձնախումբը»։ Օգոստոսին վերադառնալով Հայաստան, Հայրիկեանը Սեպտեմբերին կը հիմնէ Ազգային Ինքնորոշում Միաւորում (ԱԻՄ) կազմակերպութիւնը։ Վերջինս ԽՍՀՄ ամբողջ տարածքին մէջ բացայայտ պայքարող առաջին ազգային-քաղաքական-ժողովրդավարական կազմակերպութիւնն էր՝ իր «Անկախութիւն» շաբաթաթերթով։ «Անկախութիւնը» Խորհրդային Միութեան մէջ առաջին բացայայտ հրատարակուող այլընտրանքային քաղաքական պարբերականն էր, որ Հայաստանի մէջ ազատ մամուլի հիմը դրաւ։ 1973-74 թուականներուն ԱՄԿ խորհուրդի անդամներէն ոչ մէկը 1987-ի պայքարը շարունակելու տրամադրութիւն ունէր, սակայն այդ մէկը չէր կրնար թեւաթափ ընել Հայրիկեանը։ Անոր հետ էին հին ԱՄԿ-ականներ Ռազմիկ Մարկոսեանը, Սուսաննա Աւագեանը, Մովսէս Գորգիսեանը (հետագային՝ ազգային հերոս) եւ Մեխակ Գաբրիէլեանը։ Ազատ Արշակեանը, Աշոտ Նաւասարդեանը եւ Յակոբջան Թաթեւոսեանը ԱԻՄ-ին անդամագրուեցան միայն 1989-ին։ Այդ ժամանակ ալ ԱՄՆ-ու մէջ գտնուող ԱԻՄ առաջնորդ Հայրիկեանը՝ Աշոտ Նաւասարդեանին կը նշանակէ Մովսէս Գորգիսեանի նախաձեռնութեամբ ԱԻՄ-ի կազմին մէջ որպէս ապագայ ազգային բանակի նախատիպ ստեղծուած «Անկախութեան բանակի» հրամանատար։
ԱԻՄ-ի նպատակն էր ազգային պետականութեան վերականգնումը, առաջնահերթ խնդիրը՝ Հայաստանի անկախացումը հանրաքուէի միջոցով։ ԱԻՄ գործունէութեան ուշադիր կը հետեւէին Ուքրանիոյ, Ռուսաստանի, Վրաստանի եւ ԽՍՀՄ-ի միւս հանրապետութիւններուն մէջ։
12 Յունուար 1988-ին՝ Ուքրանական քաղկալանաւորներու պաշտպանութեան օրը, Երեւանի մէջ Հայրիկեանի հրաւէրով կայացաւ հայ, ուքրանացի եւ վրացի այլախոհ ղեկավար դէմքերու հանդիպումը, որմով սկիզբ դրուեցաւ ազատութեան համար պայքարող ազգերու գործակցութեան։ Մասնակիցներէն էին յետմահու Ուքրանիոյ հերոս Վիաչեսլաւ Չորնովիլը, յետմահու Վրաստանի ազգային հերոս Մերապ Կոստաւան եւ յետմահու Հայաստանի ազգային հերոս Մովսէս Գորգիսեանը։[13]
Ինքնորոշման շարժումը իր արձագանգն ու զարգացումը գտաւ Արցախի մէջ, որուն ժողովուրդը, մարզային խորհուրդի՝ Ազրպէյճանի կազմէն դուրս գալու եւ Հայաստանին վերամիաւորուելու փետրուարեան որոշումով վերջ դրաւ Մոսկուա խնդրագիրներ ուղարկելու գործելակերպին եւ Քրեմլին դրաւ ծանր իրավիճակի մէջ։ Հայրիկեանը արցախեան ինքնորոշման, ատոր յաջորդած սումկայիթեան ջարդերու, ատոնց մէջ Քրեմլին յանցաւոր դերակատարութեան վերաբերեալ տեղեկատուութեան վստահելի աղբիւր էր արտերկրի լրատուամիջոցներու համար։ «Ժողովրդավարութեան ու հրապարակայնութեան» վայ-բեմադրիչ Միխայիլ Կորպաչովը, որ ազատ արձակած էր բոլոր քաղկալանաւորները, յանձնարարեց կրկին (չորրորդ անգամ) կալանաւորել Հայրիկեանին։ Ատիկա տեղի ունեցաւ 1988-ի Մարտին, Մոսկուայի մէջ, արտերկրի լրագրողներու հետ Հայրիկեանի հանդիպումէն ետք։ Յաջորդ օրը՝ 23 Մարտին զայն տեղափոխեցին Երեւան՝ ՊԱԿ-ի բանտ։ 20 Յուլիսին մոսկովեան իշխանութիւնները Հայրիկեանը յատուկ օդանաւով, ձեռնակապերով տեղափոխեցին նախ Մոսկուա, այնուհետեւ, յատուկ այլ օդանաւով մը՝ Եթովպիա։[3] Ատկէ ետք ան անցաւ Եւրոպա, այնուհետեւ՝ ԱՄՆ։[16] Բռնի տարագրեալի վիճակի մէջ Հայրիկեանը մնաց մինչեւ 1990-ի Նոյեմբերը, որմէ ետք, միջազգային հանրութեան ճնշման տակ Կորպաչովը հարկադրուած էր վերականգնել Հայրիկեանի քաղաքացիութիւնը եւ թոյլատրեց վերադառնալ հայրենիք։ Նոյն թուականին, դարձեալ տարագրութեան մէջ, Հայրիկեան ընտրուեցաւ Հայաստանի այն ժամանակուան խորհրդարանի՝ Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր։
Տարագրութեան ժամանակ՝ 1989-ին Հայրիկեանը ընտրուեցաւ, իսկ 1990-ի Յուլիսին Փրակի մէջ վերընտրուեցաւ Փարիզի մէջ հիմնադրուած «ԽՍՀՄ ժողովրդավարական շարժումներու ժողովրդավարութիւն եւ անկախութիւն համակարգիչ կեդրոնի» նախագահը։[4] ԱՄՆ քոնկրէսի արձանագրութիւններուն եւ համաշխարհային մամուլին մէջ բազմաթիւ վկայութիւններ կան Հայրիկեանի այդ շրջանի գործունէութեան, մասնաւորապէս՝ արտերկրի բարձր քաղաքական շրջանակներու հետ հանդիպումներու, Արեւմուտքին մոլորեցնելու Կորպաչովի ջանքերը ձախողելու մասին։
1991-ին իրականութիւն դարձաւ 1973-ին Ազգային միացեալ կուսակցութեան 24-ամեայ առաջնորդ Պարոյր Հայրիկեանի յայտարարած՝ Անկախութիւն՝ հանրաքուէի ճանապարհով ռազմավարական նպատակը։ Պատգամաւոր Հայրիկեանը կը պայքարէր անյապաղ ազգային բանակ ստեղծելու, ժողովուրդի կողմէ ընտրուած գործադիր իշխանութեան հաստատելու, սահմանադիր ժողովի միջոցով՝ սահմանադրութիւն ընդունելու եւ կարեւոր այլ նպատակներու համար։ Ազգային բանակը ստեղծուեցաւ 1992-93 թուականներուն, առաջին ազգային սահմանադրութիւնը՝ 1995-ին։ Ուշացումով, բայց ի վերջոյ այս նպատակները իրողութիւն դարձան։ Այդ նպատակներուն հասնելու ճանապարհին Հայրիկեանն ու իր համախոհները ստիպուած էին յաղթահարել կոմունիստական իշխանութիւններէն մնացած ու նոր իաշխանակիրներ դարձած բացայայտ ու գաղտնի գործակալներու դէմ, որոնք ամէն ջանք կը գործադրէին նորանկախ երկիրը Քրեմլին յաւելուածի կարգավիճակին մէջ պահելու համար։
1990-98 թուականներուն Հայրիկեանը ՀՀ խորհրդարանի անդամ էր,[17] 1998-99 թուականներուն՝ ՀՀ նախագահի խորհրդական եւ Սահմանադրական բարեփոխումներու յանձնաժողովի նախագահ,[12] 1998-2002 թուականներուն՝ ՀՀ Մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովի նախագահ։[4] Օմբուտսմենի պարտականութիւնները այդ բարդ տարիներուն Հայրիկեանը կատարած է հասարակական կարգով։
1998-ին Հայրիկեանը, որպէս Սահմանադրական բարեփոխումներու յանձնաժողովի նախագահ, ՀՀ իշխանութիւններուն ստիպեց ընթացք տալ սահմանադրական բարեփոխումներու իր ծրագիրին, մասնաւորապէս՝ կեանքի կոչել երկքաղաքացիութեան իրաւունքը, վերացնել նախագահի բացարձակ իշխանութիւնը, գործող կառոյցներ դարձնել ՀՀ խորհրդարանն ու Սահմանադրական դատարանը։ Այդ փուլին մէջ Հայրիկեանը սկսաւ կատարեալ ժողովրդավարութեան համակարգի որոնումները՝ լոյս ընծայելով ընտրական համակարգի վերաբերեալ բազմաթիւ գրքոյկներ ու յօդուածներ։ Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ու հեղինակային իրաւունքի պաշտպանութեան կազմակերպութիւններուն մէջ գրանցուած է անոր «Պետութիւններու ժողովրդավարականութեան բանաձեւը» գիւտը։ Կատարեալ ժողովրդավարական համակարգի վերաբերեալ աշխատանքները աւարտեցան 2012 թուականին։
2013-ի Յունուարին ՀՀ նախագահի թեկնածու Պարոյր Հայրիկեանը ընտրութիւններէն երեք շաբաթ առաջ փողոցին վրայ մահափորձի ենթարկուեցաւ, որմէ ետք ծանր վիճակի մէջ տեղափոխուեցաւ հիւանդանոց։[18] ՀՀ դատարանը մահափորձի կազմակերպման մէջ մեղաւոր ճանչցաւ նախագահի մէկ այլ թեկնածու Վարդան Սեդրակեանը եւ դատապարտեց 14 տարուան ազատազրկման։[19] 2013-ին ՀՀ նախագահական ընտրութիւններու պաշտօնական արդիւնքներով Հայրիկեանը ստացաւ ընտրողներու 1,23 % ձայները։[17]
1992-ին Հայրիկեանի ղեկավարութեամբ ձեռնարկուեցաւ նախկին Լաչինի, այժմ Բերձորի շրջանի փախստականներու համար բնակավայրեր ստեղծելու գործը։[8] Թէեւ այս գործը տեղի կ'ունենար կամաւորական հիմունքներով, բայց ՀՀ նախագահի հրամանագիրով Հայրիկեանը նշանակուեցաւ Գորիսի եւ Գորիսի շրջանի արտակարգ դրութեան պարետ։ Արցախի հիւսիսային շրջաններէն հեռացող տասնեակ հազարաւոր փախաստականներ կը հեռանային Արցախի հիւսիսային շրջաններէն եւ, Հայրիկեանի բնորոշմամբ, կ'երթային դէպի անյայտութիւն։ ԱԻՄ-ականներու հիմնած բնակավայրերը կ'օգնէին իրենց մնալ հայրենիքի մէջ։ Հայրիկեանը ստեղծեց Սիւնիքի աշխարհազօրը, որուն գրանցուած 627 անդամներուն 43-ը զոհուեցան՝ կեանքի գնով պաշտպանելով ԱԻՄ աւաններուն մէջ հաստատուած նորաբնակները՝ կանոնաւոր ազգային բանակի բացակայութեան եւ «օրուան պատասխանատուներու յետին նկատառումներու» պատճառով։ Թէեւ Հայրիկեանը երկու ամիսով պարետ նշանակուած էր,[20] բայց աշխատանքները շարունակուեցան մինչեւ 1995-96 թուականներ, ընդ որուն այստեղ ալ ան աշխատած է հասարակական կարգով, աշխատանքները իրականացուած են հիմնականօրէն ԱԻՄ-ի արտասահմանեան մասնաճիւղերու եւ համակիրներու օժանդակութեամբ։ Հայրիկեանի այս՝ ազատագրուած տարածքներու վերաբնակեցման նախաձեռնութիւնը նոյնպէս ի վերջոյ, 1994-ին դարձաւ պետական քաղաքականութիւն։
Պարոյր Հայրիկեանը հրատարակած է բանաստեղծութիւններու երկու ժողովածու, «Լոյսի ճանապարհին» վէպը, «Հաւատով եւ սիրով» թատերական ուրուագիծը, քնարական եւ հայրենասիրական երգերու 3 ալպոմ։ 2001-ին Հայրիկեանի «Սիրոյ թռչուն» երգը համահայկական երգի մրցոյթին մէջ գրաւեց առաջին տեղը։ Հինգ վաւերագրական շարժանկարներու, ինչպէս՝ «Յարութիւն» գիտահանրամատչելի շարժանկարի հեղինակ է։
|