Սիսըլ Պանդոկը (այժմ վերանուանուած իբրեւ Stay on Main) Լոս Անճելըսի մէջ (թաղ՝ 640 S. Main Street, CA 90014) պանդոկ մըն է, որ ունի 600 հիւրընկալող սենեակներ (առաջ 700): Շինուած 1924-ին[1], պանդոկը մասնաւորապէս կ'ընդունէր ճամբորդ առեւտրականները, սակայն 1950էն ետք ստացաւ հռչակը եւ դարձաւ բոլորին ընկալող պանդոկ մը: Մաս մը պանդոկէն վերանորոգուած է 2007-ին երբ նոր տէրեր գնեցին կալուածը:
Պանդոկը այժմ ճանչցուած է իր տասնեակ անձնասպանական պարագաներով եւ շատ մը ոճրագործութիւններով, ինչպէս 3 հատ սպաննութիւններ[2]: Ամէնէ շատ համբաւ ունի, որովհետեւ յատկապէս ապաստանն էր մարդասպաններ Ռիչըրտ Ռամիրէզի (1985-ին) եւ Ճէք Անլըրուեկըրի (1991-ին)[2][3]:
2013-ի Փետրուարին, մերկ[4] մարմինը Էլայզա Լէմի, 21 տարեկան Քանատացի աշակերտուհի մը, գտնուած էր պանդոկի ջուրի ամբարներէն մէկուն մէջ։ Լէմ անհետացաւ 31 Յունուարին, մինչ իր փճացած մարմինը գտնուեցաւ 19 Փետրուարին պանդոկի գործաւորներէն մէկուն կողմէ երբ հիւրերէն մէկը գանգատեցաւ ջուրի հոսանքի ուժին մասին եւ աւելցուց թէ «ջուրը տարբեր համ մը ունի»[5][6]: Ոստիկանութիւնը յետոյ յայտարարեց, թէ Լէմի մահը արկած մըն էր, եւ ոչ ուրիշ բան: Սակայն վիտէոյի արձանագրուած արարգ մը կայ պանդոկին վերելակին մէջէն, որուն մէջ կը տեսնուի Լէմի տարօրինակ ձեւեր ընելը, վերելակի բոլոր կոճակներուն կոխելը, վերելակին անկիւնը պահուըտիլն ու ձեռքերու տարբեր եւ լայն շարժումները, հանրութեան կարծիքը փոխելով իր «արկածի» պատճառին ճիշդ ինչ ըլլալը[7]: Այդ վիտէոն երբ թողարկուեցաւ հանրութեան առջեւ, շատեր սկսան հաւատալ թէ ուրուականներ գոյութիւն ունին, ուրիշներ արտայայտուեցան ըսելով, թէ Լէմի ոգին գրաւուած էր սատանաներով: Լէմը կը կարծուէր, թէ երկբեւերային հիւանդութիւնը ունէր, ինչ որ կը բաձատրէր վերելակին եւ ջուրի ամբարին մէջի պատահած բաները[8]:
2011-ին պանդոկը վերանուանուեցաւ իբրեւ "Stay on Main", եւ նոր կայքէջ մը, stayonmain.com, ստեղծուեցաւ: Հին կայքէջը thececilhotel.com շարունակեց համացանցին վրայ գոյութիւնը պահել մինչեւ 2013[9]:
Ուրուականներու գոյութիւնները փաստող շատ մը առարքներ արձանագրուած են այդ պանդոկին մէջ, այնքան մը որ, 2015-ին Ամերիկեան Սարսափի Պատմութիւն՝ Պանդոկը (American Horror Story: Hotel) հեռուստատեսային հաղորդաշարը հիմնուած էր այս պանդոկին պատմութիւններուն վրայ:[10]