Ֆրանսիս Քիւրքճեան ֆրանսերէն՝ Francis Kurkdjian | |
---|---|
Ծնած է | 14 Մայիս 1969 (55 տարեկան) |
Ծննդավայր | Փարիզ |
Քաղաքացիութիւն | Հայաստան |
Ուսումնավայր | ISIPCA? |
Մասնագիտութիւն | բուրագործ, գործարար |
Աշխատավայր | Maison Francis Kurkdjian? |
Ֆրանսիս Քիւրքճեան (14 Մայիս 1969, Փարիզ), ֆրանսահայ բուրագործ, գործարար: ֆրանսական օծանելիքի միութեան ընկերակցութեան անդամ եւ Ֆրանսայի օծանելիքի լաւագոյն տարատեսակներու ստեղծողներէն մէկը[1]: Արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու, իր ձեռքբերումներուն համար։
Քիւրքճեան ծնած է Փարիզ, հայ ծնողներէ, 14 Մայիս 1969 թուականին[2]: Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ բնակչութեան նկատմամբ կատարուած բռնի տեղահանութեան, աքսորի եւ ցեղասպանութեան պատճառով, Քիւրքճեան ընտանիքը ժամանակաւորապէս տեղափոխուած է Հալէպ[3][4], ապա մնայուն բնակութիւն հաստատած՝ Ֆրանսա:
Ֆրանսիս ծանօթանալով պարի եւ երաժշտական արուեստին, երիտասարութեան շրջանին ցանկացած է պալէ պարող դառնալ[5]․ 1983 թուականին, մրցումը չանցնելու պատճառով, ան չէ կրցած սովորիլ Փարիզի Օփերայի պարի դպրոցէն ներս:
Քիւրքճեան, 13 տարեկանին օծանելիք պատրաստելու հետաքրքրութիւն ունեցած է, եւ 1985-ին որոշած՝ բուրագործ (parfumeur) դառնալ[6][7]:
1990 թուականին, Քիւրքճեքան ընդունուեցաւ «Supérieur International du Parfum» հիմնարկ, զոր քոսմեթտիքի, սննդամթերքի եւ սննդամթերքի դպրոց է (ISIPCA, Institut supérieur international du parfum, de la cosmétique et de l'aromatique alimentaire)։ 1993 թուականին աւարտած է ISIPCA դպրոցը Եւ միեւնոյն տարուան ընթացքին միացած՝ Փարիզի Quest International-ին: Անոր ուսումնասիրութիւնները շարունակուեցան ու ձեռք բերաւ մագիստրոսի աստիճան՝ Փարիզի «Luxury Marketing» բաժինէն ներս։
Պատանեկութենէն օծանելիք պատրաստելու հետաքրքրութեամբ, Ֆրանսիս իր առաջին գլուխ-գործոցը մեծ յաջողութիւն ապահոված է[8], Ժան Փոլ Կոթիէի «Լը Մալ» օծանելիքով:
Անոր ստեղծագործութիւններէն են նաեւ՝ Էլի Սաապի «Լը Փարֆէօն»ը, Նինա Ռիչչիի «Լ՚էքսթազ»ը, Ճիորճիօ Արմանիի «Մանիա»ն, Իվ Սէն Լորանի «Քուրոս»ը, Լանվենի «Ռիւմէօր»ը, Կերլենի «Ռոզ պարպար»ը եւ բազմաթիւ ուրիշներ ստեղծագործութիւններ:
2009 թուականին Քիւրքճեան հիմնած է օծանելիքի իր տունը՝ «Մեզոն Ֆրանսիս Քիւրքճեան»ը: