«Ազդակ» Օրաթերթ Լիբանանահայ օրաթերթ եւ պաշտօնական օրկանը՝ Լիբանանի Հ.Յ.Դ.ին (1965 թուականի Յունիսէն)։ Հիմնադրուած է Մարտ, 1927-ին Պէյրութ, Լիբանան։ Իր քաղաղական, լրատուական, մշակութային եւ մարզական հարուստ բովանդակութեամբ, կարեւոր եւ ազդեցիկ դեր ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ՝ Լիբանահայութեան կեանքին մէջ։
5 ՄԱՐՏ 1927. ԼՈՅՍ ԱՇԽԱՐՀ ԵԿԱՒ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ԴՐՕՇԱԿԻՐՆԵՐԷՆ «ԱԶԴԱԿ» ՕՐԱԹԵՐԹԸ:
1927-ին «Ռիատ Սոլհ» շրջանին մէջ գտնուող տպարանին մէջ ծնունդ առած «Ազդակ»-ը կը սկսի հրատարակուիլ 4 էջերով` իւրաքանչիւր չորեքշաբթի ու շաբաթ օրերը, եռօրեայ ու ապա երկօրեայ դրութեամբ` ձեռքով շարուող ու բանող սարքերու երկունքով: Իր հրատարակութեան առաջին տարիներուն «Ազդակ» կը գործէ նախկին Ժողովրդային տան վարի յարկը, տպագրական սահմանափակ կարելիութիւններով:
Սկիզբը եղած է եռօրեայ թերթ, 1930 թուականէն՝ երկօրեայ, իսկ 1 Մարտ 1932 թուականէն մինչեւ օրս՝ օրաթերթ։ Հիմնադիր եւ սեփականատէր-տնօրէն՝ Հայկ Պալեան։ Երբ Հայկ Պալեան կը նախաձեռնէ «Ազդակ»-ի հրատարակութեան գործին, իր թիկունքին կ՛ունենայ քաջալերանքն ու գործնական աջակցութիւնը ՀՅԴ-ի Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին: Հայկ Պալեան կը գնէ «Նոր Փիւնիկ»-ին տպագրական գործիքները եւ տառերը, որոնք հետագային տարիներ շարունակ կը ծառայեն «Ազդակ»-ին:
1957-ին տպարանն ու խմբագրատունը կը փոխադրուին Ուաթուաթի շրջան` Ճեմարանէն քիչ մը անդին, «Արա Երեւանեան» կեդրոնական ակումբին քովը: Բարձրայարկ շէնքի մը գետնայարկը, նկուղէ մը, քանի մը սենեակէ եւ շարող ու տպող մեքենաներէ բաղկացած էր տպարանը: Շէնքի մուտքին, ոսկեգոյն ցուցատախտակի մը վրայ գրուած էր «Ազդակ» եւ… դէպի ձախ ուղղութիւն տուող սլաք մը կ՛առաջնորդէր աւելի ընդյատակեայ դուռ մը, ուր կարելի էր մուտք գործել, ապա այցելել զանազան ենթաբաժանումներ:
Հոն թերթի հրատարակութիւնը կը կատարուի «Վուարան» տպագրական սարքի մը ճամբով: Այս մեքենան ինքնաշխատ չէր, այլ կը բանէր ձեռքով եւ իւրաքանչիւր էջ առանձինն կը տպուէր: 4 էջը երկու հանգրուանով լոյս կը տեսնէր, նախ պէտք էր տպել թերթին մէկ երեսը, յետոյ` երկրորդը: Տպագրողը պէտք էր ձեռքով «կերակրէր» թուղթը… Թերթը պաշտօնեաներուն կողմէ կը ծալուէր:
Նոր տարուան, ինչպէս նաեւ ազգային ու կուսակցական նշանակալից յոբելեաններու առթիւ կը հրատարակէ բացառիկ թիւեր։ Ունեցած է «Հարդգող» գրական (1932, խմբագիր՝ Անդրանիկ Ծառուկեան), «Ազդակ Շաբաթօրեակ» (1944-1952 թուականներ, խմբագիրներ՝ Կարօ Սասունի, Արամ Սահակեան, Տիգրան Ոսկունի), «Ազդակ Մարզական» (1952—1958 թուականներ, խմբագիր Տիգրան Ոսկունի) յաւելուածները։
1972-էն ետք յաջորդաբար տնօրէն-գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը վարած են Երուանդ Փամպուքեան, Վաչէ Տարագճեան, Մինաս Թէօլէօլեան, Լեւոն Դարմեն (Ստեփանեան),Բենօ Թոնդեան, Պօղոս Սնապեան, Վարուժան Թենպելեան,Սարգիս Մահէսէրէճեան եւ Վարանդ Փափազեան։ Խմբագիրներ՝ Արամ Սահակեան, Վարդան Գէորգեան, Մանուկ Ասլանեան, Մուշեղ Իշխան, Գասպար Իփէկեան, Ներսես Քիւփելեան, Արսէն Աճեմեան, Յակոբ Սիմոնի, Կարօ Դանթարճեան, Զարեհ Զարգուն (Լեւոն Ագխաչերան)
1988 թ պետութեան մօտ արտօնատէրն է Էվա Տերվիշեանը։
2002-էն ի վեր Ազդակի տնօրէն-գլխաւոր խմբագիրն է Շահան Գանտահարեան։
Ան կ'արձագանգէ նախորդ օրուան մինչեւ ուշ ժամերը աշխարհի տարածքին, Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն եւ զարգացումներուն ու զանոնք ընթերցողներուն կը հրամցնէ հիմնական լուրերը տեղադրելով իր առաջին էջին վրայ՝ համապատասխան խօսուն ու կենդանի նկարներով։ Օրուան գլխաւոր դէպքը բնականաբար կը խլէ օրաթերթին հիմնական դիրքը եւ անոր նկարին չափը շատ աւելի մեծ կ'ըլլայ միւս նկարներէն։
Երկրորդ էջին մէջ կը պարզուի լիբանանեան կեանքը՝ իր քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, ապահովական զուտ լրատուութեամբ, հոն տեղ կը գտնեն նաեւ վերլուծական ոչ շատ երկար յօդուածներ, ակնարկներ, նշմարներ կամ կարծիքներ։
Երրորդ էջը յատկացուած է նախորդ օրն իսկ լիբանանահայ կեանքին մէջ կայացած ձեռնարկներուն եւ նորութիւններուն։ Նոյն էջին մէջ յատուկ սիւնակով օրաթերթը տեղ կու տայ նախորդ օրուան լիբանանեան օրաթերթերուն մէջ հրատարակուած ուշագրաւ խորագիրներուն, լուրերուն եւ ակնարկութիւններուն։
Չորրորդ ու հինգերորդ էջերը յատուկ են իրենց հայրենի բոյրով, Հայաստանի զանազան բնագաւառներուն մէջ եղած զարգացումներն ու նորութիւնները կ'երեւին այդ էջերուն մէջ։ Հոն կը տեղադրուին նաեւ հայկական կեանքին վերաբերող յօդուածներ, սփիւռքահայ կեանքին մասին տեղեկութիւններ, հարցազրոյցներ, վերլուծական երկար յօդուածներ, գրախօսականներ, թղթակցութիւններ եւ այլն։ Երկու շաբաթը անգամ մը՝ Չորեքշաբթի օրերը չորրորդ էջը կը յատկացուի միջազգային կամ հայ քաղաքական, մշակութային դէմքերու, ինչպէս նաեւ՝ Հայ Դատի հետ առնչուած անձնաւորութիւններու հետ «Ազդակ»ի թղթակիցին ունեցած հարցազրոյցին։ Երկուշաբթի օրերը էջ 5-ին մէջ կ'երեւին լիբանանեան կեանքին վերաբերող՝ յատկապէս լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններուն առնչութեամբ երկիրը յուզող քաղաքական տագնապներ եւ թղթածրարներ։ Երեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը էջ 5-ը կը յատկացուի Հայ Դատին վերաբերող լուրերուն, Հինգշաբթի օրերը՝ գաղութային կեանքին, իսկ Շաբաթ օրերը էջը կը նուիրուի հայ գրականութեան։
Երեքշաբթի օրերը էջ 6-ը յատկացուած է միջազգային քաղաքական կեանքին, Չորեքշաբթի՝ Թուր-քիոյ եւ Ազրպէյճանի մէջ պատահած նորութիւններուն, Հինգշաբթի՝ լիբանանեան ընկերային կեանքին եւ հոգերուն, ինչպէս նաեւ՝ սննդագիտութեան, Ուրբաթ՝ 7-րդ արուեստին ու շարժապատկերի աշխարհին, իսկ Շաբաթ՝ արուեստի ու մշակոյթի։
Երկուշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը թերթին 7-րդ էջին մէջ տեղ կը գտնեն աշխարհի մշակութային ու ընկերային կեանքին վերաբերող երկար, որոշ չափով վերլուծական յօդուածներ եւ թարգմանութիւններ, օտարներուն կարծիքը՝ տուեալ երեւոյթներուն շուրջ եւ այլն։ Երեքշաբթի օրերը գիտական լուրերն ու նորութիւնները լոյս կը տեսնեն այս էջով, Չորեքշաբթի հայկական գաղութները կը տողանցեն հետեւողական կերպով՝ իրենց պատմականով, հինով ու նորով։ Հինգշաբթի օրերը էջը կը յատկացուի կիներուն, անոնց հետաքրքրութիւններուն եւ աշխարհին, Շաբաթ օրերը մանուկները իրենց բաժինը կը ստանան եւ այս էջը ամբողջութեամբ կը լեցուի մանկապատանեկան լուրերով, ձեռային աշխատանքներով, խաղերով, հանելուկներով, գիտելիքներով եւ այլն։
8-րդ էջին պատկերը նոյն է ամէն օր, անոր մէջ տեղ կը գտեն լիբանանեան կեանքի մշակութային նորութիւնները, տեղի ունեցող ձեռնարկները, աղթարքը, սակարանը, օդերեւոյթը, 50 տարի առաջ նոյն օրը «Ազդակ»ին մէջ լոյս տեսած յատկանշական լուրերը եւ ազգային կեանքին մէջ պատահած իրադարձութիւնները, խաչբառը եւ ծանուցումներն ու յայտարարութիւնները:
9-րդ էջին մէջ մարզական կեանքը կ'եռայ թէ՛ լիբանանեան, թէ՛ հայաստանեան եւ թէ միջազգային գետիններուն վրայ։ Հոն տեղ կը գտնեն նաեւ մարզական կեանքին վերաբերող խրախուսիչ ակնարկներ, վերլուծական յօդուածներ, նշմարներ եւ այլն:
Վերջին էջը աշխարհին քաղաքական զարգացումները կը փոխանցէ ընթերցողին՝ նախորդ գիշերը տեղի ունեցած իրադարձութիւնները հասցնելով անոր տունն ու գործատեղին:
Շահան Գանտահարեան այս առիթով յայտնեց, որ «Ազդակ»-ի մատենագիտութիւն[1] կազմելը միշտ ալ եղած է թերթին ծրագիրներուն կարգին, սակայն ցաւ ի սիրտ այսօր սփիւռքի մէջ չկան մատենագիրներ, որոնք կրնան տանիլ այս աշխատանքը եւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանին գործը իր լրումին հասցնել: Ըստ անոր, Ազգային գրադարանի նախաձեռնած գիտաժողովը առիթ դարձաւ նման պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերելու եւ, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի ընտանիքին հետ խորհրդակցելով, անոնք որոշեցին այս նուիրատուութիւնը կատարել: 90-ամեայ ելեկտրոնային արխիւը պիտի յատկացուի Հայաստանի ազգային գրադարանին` ակնկալելով, որ մատենագիտութիւն կազմելու բարդ, երկարամեայ աշխատանքը փայլուն կերպով կատարուի: Գանտահարեան ուրախութիւն յայտնեց, որ գիտաժողովին ընթացքին կատարուած քննարկումները գործնական արդիւնք տուին, եւ անկէ պիտի շահի Հայաստանի եւ սփիւռքի մամուլը:
Տարօն Տէր Խաչատուրեան յայտնեց, որ հայրը` Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, սկսած էր կազմել «Ազդակ»-ի մատենագիտութիւնը, բայց եւ այնպէս, կանուխ հեռանալով կեանքէն, չէ հասած ի կատար ածել երազը: «Այսօր մենք ուրախ ենք, որ «Ազդակ»-ի խմբագրակազմի հետ համաձայնութեան գոյացնելով կրցանք օրաթերթի թուայնացուած խտասկաւառակները նուիրել Ազգային գրադարանին եւ վստահ ենք, որ այստեղ ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ սիրով պիտի կատարեն մատենագիտութիւնը կազմելու դժուար աշխատանքը: Քանի մը տարի ետք մենք պիտի ունենանք «Ազդակ»-ի լիարժէք մատենագիտութիւնը, որ մեծ լուսամուտ պիտի բանայ սփիւռքի մամուլին հետ», շեշտեց ան: