Գարեգին Բ. Կիլիկիոյ, Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս | |
---|---|
| |
Ծնած է | 27 Օգոստոս 1932[1] |
Ծննդավայր | Քեսապ, Լաթաքիոյ Գաւառ, Լաթաքիոյ մարզ, Սուրիա |
Մահացած է | 29 Յունիս 1999[1] (66 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Վաղարշապատ, Արմաւիրի մարզ, Հայաստան |
Քաղաքացիութիւն |
![]() |
Կրօնք | Հայ Առաքելական Եկեղեցի |
Ուսումնավայր | Օքսֆորտի Համալսարան |
Մասնագիտութիւն | եպիսկոպոս |
Վարած պաշտօններ | Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոս |
Գարեգին Ա. (27 Օգոստոս, 1932, Քեսապ - 29 Յունիս, 1999, Վաղարշապատ, Հայաստան) աշխարհիկ անունով՝ Նշան Սարգիսեան), Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս 1983-1994 եւ Ամենայն հայոց 131-րդ Կաթողիկոս 1995-1999:
Աւազանի անունով՝Նշան Սարգիսեան, ծնած է Սուրիոյ Քեսապ գիւղաքաղաքը։
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Քեսապի Ուսումնասիրաց միացեալ վարժարանին մէջ, ապա ուսումնառութիւնը շարունակած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին մէջ (1946–1952)։
1960-ին ստանձնելով Դպրեվանքի տեսուչի պաշտօնը՝ Գարեգին վարդապետ, իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ, գործուն մասնակցութիւն ունեցած է միջ-եկեղեցական շարք մը համագումարներու եւ ժողովներու, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) միջ-եկեղեցական համաժողովներու։
Մեծ է անոր աւանդը 1965-ին Ատիս Ապապայի մէջ (Եթովպիա) Արեւելեան ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու պետերուն համաժողովին կազմակերպման, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի եկեղեցիներու խորհրդաժողովին ստեղծման գործին մէջ։ Դիտորդի կարգավիճակով մասնակցած է Վատիկանի Բ. ժողովի երեք յաջորդական նիստերուն (1963-65) եւ Անգլիկան եկեղեցւոյ Լամբեթի համաժողովին (1968)։ ԵՀԽ-ի մէջ վարած է շարք մը պատասխանատու պաշտօններ, 1968-ին ընտրուած է ԵՀԽ Կեդրոնական եւ Գործադիր վարչութիւններու անդամ, իսկ 1975-ին Նայրոպիի (Քենիա) համաժողովին՝ փոխատենապետ:
1976-1977 թուականներուն Լիբանանի մէջ բռնկած քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, մեծ դեր ունեցած է լիբանանահայութեան օժանդակելու գործին մէջ։
Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր գահակալութեան 18 տարիներուն ընթացքին, Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Սարգիսեան մեծ զարկ տուած է Անթիլիասի ազգային-կրօնական, մշակութային եւ շինարարական մարզերուն աշխուժացման: Ան հաստատած է Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը, Դպրեվանքը Անթիլիասէն փոխադրած է Պիքֆայա, նոր շէնքերով ընդարձակելով եւ արդիականացնելով զայն:
Գարեգին Բ.ի օրով Անթիլիասի տպարանը ապրած է ծաղկումի շրջան մը: Աւանդաբար, տարեկան կազմակերպուած են գիրքի ցուցահանդէսներ: Հիմնած է հայ մայրապետներու Գայեանեաց միաբանութիւնը: Վերակառուցուած են Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարն ու Նահատակաց Մատուռը: Կառուցուած եւ գրեթէ աւարտին հասած է Կաթողիկոսարանի թանգարան-մատենադարանը:[3]
Կաթողիկոսութեան շրջանին հովուապետական այցելութիւններ կատարած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմեր, միջ-եկեղեցական շրջանակներուն մէջ հանդիպումներ ունեցած է քոյր եկեղեցիներու հովուապետերուն հետ։ Բազմիցս գտնուած է Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ։
7 Դեկտեմբեր 1988-ին Սպիտակի երկրաշարժէն ետք Գարեգին Բ. կաթողիկոս Ամենայն հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա. Պալճեանի հետ իր մասնակցութիւնը բերած է աղէտի գօտիի բնակավայրերուն վերականգնման եւ կազմակերպած՝ սփիւռքէն օգնութիւն։
1995-ին ընտրուելով Ամենայն հայոց կաթողիկոս՝ իր ջանքերը ուղղած է եկեղեցական կեանքի ներքին կարգաւորման ու կազմակերպման, մասնաւորապէս՝ Էջմիածինի հոգեւոր ճեմարանի գործունէութեան վերաշխուժացման, Քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ քարոզչութեան կեդնտրոնի ստեղծման, քրիստոնէական քարոզչութեան հանրամատչելի ծրագիրերու մշակման, եկեղեցիներու ու վանքերու նորոգման, ընկերային բնոյթի կառոյցներու ստեղծման, աստուածաբանական, հոգեւոր եւ հայագիտական գիրքերու հրատարակման։
Հայ եկեղեցւոյ աշխատանքը աւելի նպատակաուղղուած դարձնելու նախանձախնդրութեամբ վերափոխած է Հայաստանի թեմական կառոյցը։
1996-ին հայաստանեան նախկին 4 թեմերուն փոխարէն՝ ստեղծուած են 8 թեմեր, հիմնուած են նաեւ Ուքրնիոյ եւ Հարաւային Ռուսաստանի թեմերը։
Աեպտեմբեր 1997-ին՝ 80-ամեայ ընդմիջումէ ետք, վերաբացուած է Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հիմնովին վերանորոգուած շէնքը, ուսանողներու համար նոր հանրակացարանի շինարարութիւնը սկսած է։
Այդ շրջանին բազմապատկուած է նաեւ ճեմարանի սաներուն թիւը, հասնելով շուրջ 120-ի։
Կեանքի կոչուած է Վազգէն Ա.-ի ծրագիրը Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ կողքին, վերակառուցուած շէնքին մէջ հաստատուած է Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի անուան դպրատունը, որ դարձած է գիտական եւ մշակութային կարեւոր կեդրոն մը։
Գահակալութեան կարճ ժամանակահատուածին ընթացքին, Գարեգին Ա. կաթողիկոս հովուապետական այցելութիւններ կատարած է Հայ եկեղեցւոյ թեմերուն եւ Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքարան, նոր թափ տուած է Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի էքիւմէնիք գործունէութեան, պաշտօնական հանդիպումներ ունեցած է քոյր եկեղեցիներու հովուապետներու հետ, Մայր աթոռին մէջ ընդունած է շարք մը եկեղեցական եւ էքիւմէնիք պատուիրակութիւններ։
Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակելու 1700-ամեակի հանդիսութիւններու ծիրին մէջ, Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ, 7 Ապրիլ 1997-ին կատարուած է Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին (Երեւան) հիմնարկէքը։
Կաթողիկոսական գահին Գարեգին Ա.-ի կը յաջորդէ Գարեգին Բ. Ոսկեհատցին։
Հեղինակ է հայերէն, անգլերէն, գերմաներէն, ֆրանսերէն եւ արաբերէն լեզուներով աստուածաբանական, հայագիտական, փիլիսոփայական, բարոյագիտական եւ գրական բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու եւ յօդուածներու, ինչպէս օրինակ՝