Ռոտէ Ֆլորա (գերմաներէն՝ Rote Flora) եղած է նախկին թատերասրահ Համպուրկի Շատցենֆիրտելէ թաղամասին մէջ: Ինքնակամօրէն բնակուած է Նոյեմբեր 1989-ին, երաժշտական թատերասրահ դարձնելու որոշումով:
Թատրոնը կառուցուած է 1888-ին եւ կոչուած է Tivoli-Theater: Շուտով թատրոնը կը վերանուանուի Concerthaus Flora, ուր բեմադրուած են օփերեթներ, համերգներ եւ ռեվիւներ: Ասիկա այն թատրոններէն է, որ չկործանեցաւ Համաշխարհային Բ. Պատերազմին: Այս թատրոնին մէջ ներկայացումները շարունակուեցան բեմադրուիլ մինչեւ 1943, որմէ ետք փակուեցաւ եւ օգտագործուեցաւ որպէս պահեստանոց: 1949-ին թատրոնը կը վերանորոգուի եւ կը բացուի: 1953-1964 թուականներուն շէնքը կ'օգտագործուի որպէս շարժապատկերի սրահ, ունենալով 800 աթոռ, այնուհետեւ կը վերածուի «1000 Töpfe» հանրախանութին, որ կը գոյատեւէ մինչեւ 1987 թուական:
Հանրախանութի փակումէն ետք, երաժշտական փրոտիւսըր Ֆրետերիք Քուրցը դատարկ շէնքը երաժշտական թատրոն դարձնելու նախագիծ ներկայացուց, սակայն տեղի բնակիչները, ոչ մեծ խանութներու սեփականատէրերը եւ ինքնավար խումբերը բացասական վերաբերմունք ցուցաբերեցին եւ ամիսներ շարունակ լայնածաւալ բողոքներ տեղի ունեցան: Այնուամենայնիւ, պատմական շէնքը քանդուեցաւ 1988 թուականի Ապրիլին:
Բողոքները շարունակուեցան եւ մարտական խումբերու կողմէ բռնի յարձակումներու առիթ հանդիսացան: Ի վերջոյ, ոստիկանական պաշտպանութեան կարիքը եւ զանգուածային լրատուական միջոցներուն տրուած բացասական պատասխանը, ստիպեցին ներդրողները հրաժարիլ իրենց նախագիծէն:
Մինչեւ յաջորդ ամառ շէնքի մնացած աւերակները դատարկ մնացին, թէեւ քանի մը խումբեր, որոնք մասնակցած էին բողոքներուն, կը ցանկային վերականգնել եւ վերաշահագործարկել կառոյցը: 1989 թուականի Օգոստոսին, քաղաքային իշխանութիւնը անսպասելիօրէն 6 ամսուան ժամկէտով վարձու տուաւ շինութիւնը այդ խումբերուն: Վարձակալութենէն ետք ամէն ինչ դարձաւ պաշտօնական եւ Ռոտէ Ֆլորան վերաբացուեցաւ 23 Սեպտեմբեր1989-ին եւ շուտով հանդիսացաւ մշակութային եւ քաղաքական միջոցառումներու վայր: Նախագիծը կը ֆինանսաւորուէր եւ կը ղեկավարուէր անկախ:
1990-1991 թուականներուն, նախագիծի շրջանակի շինութեան մօտ գտնուող լքուած հողաշերտը զբօսայգիի վերածուեցաւ: Քաղաքային իշխանութիւնները ծրագիրներ ունէին շինութեան սենեակներու առնչութեամբ եւ ի վերջոյ հակամարտութիւնը աւարտեցաւ անով, թէ ոստիկանութիւնը բռնի ուժով ազատեց տարածքը:
1992 թուականի Օգոստոսին, քաղաքային զարգացման գծով պատասխանատուն ստիպեց Ռոտէ Ֆլորայի կազմակերպիչներուն ստորագրել գործող վարձակալութիւն, 6 ամսուան ժամկէտով, հակառակ պարագային դարձեալ դատարկման կ'ենթարկուէր: Քաղաքական գործիչներու եւ Ռոտէ Ֆլորայի միջեւ բանակցութիւնները տեւեցին 4 ամիս, դատարկումը առանց իրականանալու եւ Ռոտէ Ֆլորան բնակուած մնալով:
1995-ի հրդեհը փլուզեց շէնքին մեծ մասը, սակայն շուտով ամէն ինչ վերակառուցուեցաւ եւ վերականգնեցաւ: Ռոտէ Ֆլորան մնաց որպէս մշակութային եւ քաղաքական հանդիպումներու վայր: 2000 թուականի աշնան, Համպուրկի սենատը կրկին սկսաւ բանակցութիւններ վարել նոր վարձակալութեան համար: 11 տարի գրաւուած մնալէ ետք, Ռոտէ Ֆլորան քաղաքական երանգ ստացաւ եւ դարձաւ 2001-ի ընտրութիւններու առարկան:
Թէժ բանավէճերու պատճառով, ծերակոյտի հետ բանակցութիւնները կէս մնացին: Ի պատասխան ասոր, Մարտ 2001-ին ծերակոյտը շինութիւնը վաճառեց գործարար Քլաուսմարթին Քրեթշմերոն: Քանի մը շաբաթ ետք Քրեթշմերը որոշեց ո՛չ մէկ փոփոխութիւն կատարել: Ռոտէ Ֆլորան մնաց անկախ:
15 Նոյեմբեր 2004-ին, Ռոտէ Ֆլորան նշեց իր 15-րդ տարեդարձը[1][2]: Մարտի վերջը, 2011-ին, քաղաքի եւ շինութեան տիրոջ միջեւ կնքուած պայմանագիրը կը վերջանայ: Պայմանագիրին մէջ նշուած է թէ Քրեթշմերը ինչ պայմաններով եւ դէպքով կրնայ վաճառել վայրը եւ անիկա պէտք է ըլլայ սոցիալական կեդրոն: Ան շինութիւնը կրնայ վաճառել իր ուզած գինով եւ ուզած անձին: Եթէ Քրեթշմերը վաճառէ Ռոտէ Ֆլորան, ապա ատիկա դատարկելու վտանգ կ'առաջանայ: Մարդիկ, որոնք կապ ունին Ռոտէ Ֆլորայի հետ, քարոզարշաւ կազմակերպեցին («Flora bleibt unverträglich») հնարաւոր դատարկումէն խուսափելու դէմ[3]:
Ռոտէ Ֆլորայի խումբը միշտ կը կազմակերպէ համերգներ եւ մշակութային այլ իրադարձութիւններ, ինչպէս նաեւ կը հանդիսանայ ձախ շարժումի հանդիպումներու վայրը: Ռոտէ Ֆլորան կը ֆինանսաւորուի բարեգործութիւններու եւ ներդրումներու միջոցով:
Վերջին քանի մը տարիներուն, Ռոտէ Ֆլորան կարեւոր դեր կը խաղայ որպէս այլընտրանքային կեդրոն եւ այժմ կը հանդիսանայ Schanze-Quarter-ի զգալի մասը:
Շինութեան ճակատը մինչեւ այժմ կը ծառայէ որպէս քաղաքական ուժերու հաւաքատեղի: Ռոտէ Ֆլորան կը կազմակերպէ արուեստի նուիրուած ցուցահանդէսներ, կ'աշխատի աշխարհի տարբեր նկարիչներու հետ եւ այնտեղ աշխատելու համար կ'առաջարկէ իւրայատուկ եւ ստեղծագործական պայմաններ: