«Աւրորա» (անգլ.` "Aurora Prize for Awakening Humanity") համաշխարհային մարդասիրական մրցանակին նպատակն է արժանին մատուցել մեր օրերու հերոսներուն եւ գնահատել անոնց բացառիկ ազդեցութիւնը, մարդկային կեանքի պահպանման եւ մարդասիրական գործը յառաջ մղելու ոլորտին մէջ։ «Աւրորա» մրցանակը պիտի շնորհուի ամէն տարի 24 Ապրիլին` հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակի օրը, Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրողներու անունով` ի երախտագիտութիւն զանոնք փրկողներուն:[1]
Դափնեկիրը կը ստանայ բացառիկ հնարաւորութիւն շարունակելու նուիրատուութեան շղթան` 1 միլիոն տոլարի մրցանակը ներկայացնելով զինք ոգեշնչած կազմակերպութիւններուն:[2]
«Աւրորա» համաշխարհային մարդասիրական մրցանակը «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան նախագիծերէն մէկն է:[3] Ան պաշտօնապէս մեկնարկած է 10 Մարտ 2015-ին Նիւ Եորքի մէջ։ «Աւրորա» մրցանակի հիմքը հայոց ցեղասպանութեան տարիներու խիզախութեան ու գոյապայքարի ոգեշնչող պատմութիւնն է: Մրցանակը անուանուած է Արշալոյս Մարտիկեանի անունով, որ դառնալով հայոց ցեղասպանութեան ականատեսը, փրկուելով ստրկութենէն, երկրէ երկիր տեղափոխուելով` ի վերջոյ հասած է Միացեալ Նահանգներ:
Ան ստացած է Աւրորա Մարտիկանեան անունը եւ գրած՝ «Յօշոտուած Հայաստան» գիրքը, ուր պատմած է իր վերապրած սարսափելի իրադարձութիւններուն մասին: Այս գիրքը յետագային հիմք ծառայեց ֆիլմի մը համար, որու գլխաւոր դերակատարը Աւրորան էր։ Տարիներ շարունակ այս ֆիլմը մեծ ճանաչում գտաւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ եւ հսկայական դեր խաղաց հայոց ցեղասպանութեան իրազեկման գործին մէջ:
Հռոմէական դիցարանի արշալոյսի աստուածուհին` Աւրորան եւս ծառայած է իբրեւ մրցանակի անուանման ներշնչանքի աղբիւր. մրցանակը նպատակ ունի լոյս սփռել այն հերոսական ջանքերուն վրայ, որոնք թէպէտ յաճախ կը մնան աննկատ, բայց աւելի լուսաւոր կը դարձնեն դժուարութեան մէջ գտնուողներու կեանքը:[4]
100 LIVES նախաձեռնութեան հիմքը հայոց ցեղասպանութեան իրադարձութիւններն են: Նախագիծի համահիմնադիրներն են ձեռներէց ներդրող Նուպար Աֆէեանը, Նիւ Եորքէն՝ Վարդան Գրիգորեանը եւ բարերար ու գործարար Ռուբէն Վարդանեանը:[5] 100 LIVES-ը կը հրապարակէ հայոց ցեղասպանութեան վերապրածներուն եւ անոնց փրկութեան ձեռք մեկնած մարդոց մասին պատմութիւնները: Այս պատմութիւնները հաւաքուած են գիտական հետազօտութիւններու, անձնական կապերու եւ 100lives.com կայքով հանրութեան կողմէ պատմութիւնները ներկայացնելու միջոցով:[6]
«Աւրորա» մրցանակը Վարդան Գրեգորեանի, Նուպար Աֆէեանի եւ Ռուբեն Վարդանեանի մարդասիրական ձեռնարկութիւնն է: Մարդոց ուշադրութիւնը աշխարհի ամէնախոցելի խումբերու խնդիրներուն վրայ կենդրոնացնելով եւ անոնց լուծման ուղղութեամբ իրական ու նշանակալի գործ կատարած մարդոց պարգեւատրելու միջոցով` հիմնադիրները կը փորձեն ձեւաւորել մարդասիրական համաշխարհային նոր շարժում մը:[7]
Ամէն տարի «Աւրորա» մրցանակը կը դիմէ մարդասիրական կազմակերպութիւններուն եւ հանրութեան, կոչ ընելով առաջադրել այնպիսի անհատներու, որոնք արտաքին մեծ վտանգներ յաղթահարելու գնով, բացառիկ ազդեցութիւն ունեցած են մարդկային կեանքի փրկութեան եւ մարդասիրութիւնը յառաջ մղելու գործին մէջ:[8]
«Աւրորա» մրցանակին թեկնածու կրնայ ըլլալ որեւէ անհատ կամ խումբ, որ ուշադրութիւն գրաւած է մարդասիրական բացառիկ արարքով: Ինքնառաջադրումներ թոյլատրուած չեն:[9]
Առաջադրուած թեկնածութիւնները կ'ուսումնասիրուին եւ կը դիտարկուին խիստ ընթացակարգով: Վերջնական ընտրութիւնը կը կատարէ անկախ ընտրող յանձնաժողովը[10], որու որոշումը հիմնուած կ'ըլլայ թեկնածուի ցուցաբերած հետեւեալ յատկանիշերուն հիման վրայ.
«Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան անդրանիկ տարուան յաղթողները պիտի ճշդուին հեղինակաւոր դատական կազմի մը կողմէ, որու անդամներն են՝ Ճորճ Քլունին, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիրներ Էլի Վիզըլն ու Քոսթա Ռիքայի նախկին նախագահ Օսքար Արիասը, ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Յանձնախումբի նախկին բարձրագոյն յանձնակատար, Իրլանտայի առաջին կին նախագահ (1990-97) Մերի Ռոպինսընը, Իրանի առաջին կին դատաւոր Շիրին Էպաթին, Կանանց Խաղաղութեան եւ Անվտանգութեան Ցանցի (WIPSEN-Africa) գործադիր տնօրէն Լեյմա Քպովընը, Աւստրալիայի նախկին արտաքին գործոց նախարար եւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման գծով ՄԱԿ-ի խորհրդականի ներկայացուցիչ Կէրըթ Էվընզը, մարդու իրաւունքներու ցուցարար Հինա Ճիլանին, Միջազգային ճգնաժամային խումբի նախկին ղեկավար Կէրըթ Էվընզը, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի մէջ գործող Քառնըկի համագործակցականի նախագահ, իրանահայ Վարդան Գրիգորեանը:[13]
2016-ի «Աւրորա» մրցանակի թեկնածութիւններու առաջադրումը սկսած է 1 Յուլիս 2015-ին եւ աւարտած` 1 Հոկտեմբերին: Ներկայացուած 186 առաջադրումները ներառած են 113 թեկնածուներ` 27 երկիրներէ:
«Աւրորա» անդրանիկ մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ 24 Ապրիլ 2016-ին Երեւանի Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ:[16]
Մրցանակաբաշխութիւնը կը վարէին Տէյվիտ Իկնաթիոս «Washington Post» («Ուաշինկթըն Փոսթ») օրաթերթէն եւ յայտնի օփերայի երգչուհի Յասմիկ Պապեան:
Մրցանակաբաշխութիւնը մեկնարկեց «Աւրորա» ֆիլմով, որու բեմադրիչը Էրիք Նազարեանն է: Ֆիլմին ընթացքին հնչեց Սերժ Թանգեանի «Աւրորայի Երազանքը» երգը:[17]
Յաւակնորդներէն իւրաքանչիւրը կը ներկայացուի Անտրէ Լոշաքի հեղինակած ֆիլմերով:[18]
Մրցանակաբաշխութեան արարողութեան ժամանակ կենդանի երաժշտութիւն կը հնչէր Հայաստանի Պետական Երիտասարդական Նուագախումբի կատարումով` Սերգէյ Սմբատեանի խմբավարութեամբ: Արարողութեան ֆանֆարներու հեղինակը Ստեփան Շաքարեանն է: Մանուէլ Մաթեւոսեանի կերտած արձանիկը կը ներկայացուի «Զոյգ Արեւներ» պալէի հատուածի ուղեկցութեամբ` «Պալէ 2021 Հիմնադրամ» պարային խումբի կատարմամբ (պարուսոյց Ռուտոլֆ Խառատեան)` զուգորդուած Աւետ Տէրտէրեանի եւ Առնօ Բաբաջանեանի երաժշտութեամբ: Հայաստանի Պետական Երիտասարդական Նուագախումբը կը կատարէ հատուած մը Արամ Խաչատուրեանի «Զանգերի Սիմֆոնիա»յէն: Սոփրանօ Յասմիկ Պապեանը կը կատարէ Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»ը: Արարողութիւնը կ'աւարտի «Քեզ համար, Հայաստա՛ն» երգով` Գէորգ Յակոբեանի եւ Հայաստանի Պետական Երիտասարդական Նուագախումբի կատարումով:[17]
«Աւրորա» անդրանիկ մրցանակը շնորհուած է Պուրունտիի «Խաղաղութեան Տուն» (Maison Shalom) խնամքի տան եւ REMA հիւանդանոցի հիմնադիր Մարգարիտ Բարանկիցէին` երկրին մէջ բռնկած քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն որբերուն ու փախստականներուն խնամելու եւ հազարաւոր կեանքերու փրկութեան գործին մէջ իր ունեցած անգնահատելի ազդեցութեան համար:
Բարանկիցէն իր կեանքը նուիրաբերած է դաժանութենէ եւ բռնութենէ փրկուիլ փորձող երեխաներուն ապահով ապաստան ու կրթութիւն տրամադրելու: Պատերազմի սկզբնաւորութեան, ազգութեամբ թութսի Բարանկիցէն հետապնդումէ փրկելու նպատակով փորձած է թաքցնել ազգութեամբ հութու 72 ամէնամօտ հարեւանները: Սակայն անոնց բոլորին գտած ու տեղն ու տեղը սպաննած են` Մարգարիտին ալ հարկադրելով այդ ոճիրի ականատեսը ըլլալ:
Այս սոսկալի փորձառութենէն ետք, որ իսկական քննութիւն էր մարդկայնութեան հանդէպ իր հաւատքին համար, Մարգարիտ Բարանկիցէն կը սկսի փախստականներուն եւ երեխաներուն փրկելու ու խնամելու իր գործունէութիւնը: Յաջորդած 20 տարիներուն ան կը յաջողի փրկել ընդհանուր առմամբ 30 հազար երեխայ, իսկ 2008 թուականներուն կը բանայ հիւանդանոց, ուր մինչեւ օրս բժշկական օգնութիւն ստացած է 80 հազար մարդ:[19][20][21][22]
2016 թուականին «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր Մարգարիտ Բարանկիցէն 1 միլիոն տոլարի մրցանակը ուղղած է իրեն ոգեշնչած հետեւեալ կազմակերպութիւններուն` Ժան-ֆրանսուա Փեթերսպուրկ հիմնադրամ (Fondation Jean-Francois Peterbroeck), Կրանտ-դուքս եւ Կրանտ-դքսուհի հիմնադրամ (Fondation du Grand-Duc et de la Grande-Duchesse), «Պրիտըրլէխ Տիլըն» հիմնադրամ (Bridderlech Deelen):[23]
Որպէս դափնեկիր` Մարգարիտ Բարանկիցէին շնորհուեցաւ 100 հազար տոլարի պարգեւ: 1 միլիոն տոլարի մրցանակը տրամադրուեցաւ անոր առաջադրած կազմակերպութիւններուն՝ փախստական երեխաներու եւ որբերու վերականգնման նպաստելու, անոնց ցուցաբերուող օգնութիւնը խթանելու, ինչպէս նաեւ մանկական աղքատութեան դէմ պայքարին օժանդակելու նպատակով:[24]
«Աւրորա» մարդասիրական մրցանակի արձանիկը կերտած է Մանուէլ Մաթեւոսեանը: Ան կը կոչուի «Դէպի Յաւերժութիւն»:[25]
2017 թուականին «Աւրորա» մրցանակը շնորհուած է «Գթութեան Մայր» հիւանդանոցի բժիշկ Թոմ Քաթինային, որուն տեղացիները բժիշկ Թոմ կը կոչեն: Բժիշկը հասանելի է օրը 24 ժամ, շաբաթը` եօթը օր` հոգ տանելով Նուպայի աւելի քան 750,000 բնակիչներուն` Սուտանի կառավարութեան եւ Սուտանի ազգային ազատագրական շարժման մինչեւ տեւական քաղաքացիական պատերազմի պայմաններուն մէջ։ Օգնութիւն ստանալու համար մարդիկ երբեմն ամբողջ շաբաթ մը կը քալեն եւ սովորաբար հիւանդանոց կը հասնին ռմբակոծումներէ ստացած վնասուածքներով եւ բազմաթիւ այլ հիւանդութիւններով` ոսկորներու կոտրուածքէն մինչեւ մալարիա: Ընդհանուր առմամբ` բժիշկ Քաթինան կը խնամէ օրական 500 հիւանդ եւ տարեկան աւելի քան հազար վիրահատութիւն կը կատարէ[26]:
2017 թուականին «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր բժիշկ Թոմ Քաթինան 1 միլիոն տոլարի մրցանակն ուղղած է հետեւեալ երեք կազմակերպութիւններուն[26]`
Ընտրող յանձնաժողովի նախագահն է դերասան եւ բարերար Ճորճ Քլունին: Յանձնաժողովի կազմին մէջ ընդգրկուած են Օսքար Արեասը, Շիրին Էպատին եւ Լեյմա Քպովըն, Մերի Ռոպինսընը, Կէրըթ Էվընզը, Վարդան Գրիգորեանը, Հինա Ճիլանին:[27][28]
1 Յունիս 2016 թուականէն մինչեւ 9 Սեպտեմբեր` առաջադրումներու փուլի ընթացքին, ստացուած է 558 դիմում 13 լեզուներով, որոնցմէ 254-ը` չկրկնուող թեկնածութիւններ են: Առաջադրումներ կատարուած են 66 երկիրներէ:[29]
2017 թուականի «Աւրորա» մրցանակի յաւակնորդներն են.
Անուն | Երկիր | Աշխատանք |
---|---|---|
Թոմ Քաթինա | ![]() |
Բժիշկ Թոմ Քաթինան պատերազմի մէջ գտնուող Նուպա լեռներու միակ վիրաբոյժն է եւ տարեկան կ'իրականացնէ աւելի քան 1000 վիրահատութիւններ: |
Ֆարթուն Ատան
եւ |
Կաղապար:Country data Սոմալի Սոմալիա | ֆարթուն Ատան եւ Իլուատ Էլմանը մայր ու աղջիկ են: Անոնք հիմնադրած են «էլմեն» խաղաղութեան եւ մարդու իրաւունքներու կեդրոնը, որու միջոցով Սոմալի մէջ կը պայքարին խաղաղութեան հաստատման համար: |
Ճամիլա Աֆղանի | Կաղապար:Country data Աֆղանստան Աֆղանիստան | «նուռէ կրթական եւ հնարաւորութիւններու ընդլայնման կազմակերպութեան հիմնադիր, որ կը զբաղի Աֆղանիստանի մէջ կանանց եւ աղջիկներու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ: |
Մուհամէտ Տարուիշ | Կաղապար:Country data Սիրիա Սուրիա | Սուրիոյ`պաշարման մէջ գտնուող 40 հազար բնակչութիւն ունեցող Մատայա քաղաքին մէջ մնացած 3 բժիշկներէն մէկը, որ կը տրամադրէ բժշկական օգնութիւն` չնայած սահմանափակ բժշկական կրթութեան: |
Տենիս Մուկվեգէ | Կաղապար:Country data Կոնգոյի Դեմոկրատական Հանրապետություն Գոնկոյի Տեմոկրատական Հանրապետութիւն | Փանզի հիւանդանոցի հիմնադիր, կը բուժէ սեռական բռնութիւններու ենթարկուած կանանց եւ անոնց կը ցուցաբերէ կրթական եւ իրաւական աջակցութիւն Գոնկոյի Տեմոկրատական Հանրապետութեան մէջ: |
Համաշխարհային մարդասիրական ոլորտի ներկայացուցիչները ժամանեցին Երեւան` մասնակցելու 23 Ապրիլ 2016 թուականին Մատենադարանին մէջ տեղի ունեցած Aurora Dialogues քննարկումներուն, որ համաշխարհային արդի ամէնահրատապ հիմնախնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու քննարկումներու հարթակ է: Մասնակիցները, որոնց կարգին էին ընտրող յանձնաժողովի անդամներ Հինա Ճիլանին, Շիրին Էպաթին եւ Կէրըթ Էվընզը, իրենց տեսակէտները յայտնեցին փախստականներու համաշխարհային ճգնաժամի, մարդասիրութեան ոլորտի հանրութեան մէջ կանանց դերի եւ աշխարհի ուշադրութիւնը մարդասիրական ճգնաժամերու վրայ բեւեռելու հարցին լրատուական դերին վերաբերեալ:[30][31][32]
Aurora Dialogues քննարկումներու ընթացքին ներկայացուած այս յատուկ հետազօտութիւնը, որ կ'ուսումնասիրէ մարդասիրական կարեւորագոյն հիմնախնդիրներու հանրային ընկալումը, հիմնուելով աշխարհի վեց երկիրներու մէջ 4.600 հոգիի տեսակէտներուն վրայ։ Ուսումնասիրելով անոնց կարծիքը միջազգային միջամտութեան անհրաժեշտութեան եւ պատասխանատուութեան վերաբերեալ` հետազօտութիւնը կը բացայայտէ, որ համաշխարհային մակարդակի մէջ խզում կայ փախստականներու ճգնաժամի ընկալման եւ իրականութեան միջեւ։ Հետազօտութիւնն իրականացուած է 2016 թ. Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներու ընթացքին Edelman Intelligence-ի կողմէ:[33][34][35]