Նիկոլ Դուման | |
---|---|
![]() | |
Ծնած է | 12 Յունուար 1867 |
Ծննդավայր | Ծաղկաշատ (Արցախ), Շուշիի գաւառ, Ելիզավետպոլ Նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն |
Մահացած է | 23 Սեպտեմբեր 1914 (47 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Քիսլովոտսք, Georgievsky district, Կովկասյան նահանգապետություն, Ռուսական Կայսրութիւն |
Ուսումնավայր | Շուշիի Թեմական դպրոց |
Մասնագիտութիւն | քաղաքական գործիչ, ֆետայի |
Կուսակցութիւն | Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն |
Նիկոլ Դուման (Նիկողայոս Տէր-Յովհաննիսեան, 12 Յունուար 1867- 27 Սեպտեմբեր 1914), հայ ազգային-ազատագրական շարժումի գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ։
Ծնած է 1867-ին Լեռնային Ղարաբաղի Ասկերան շրջանի Ղշլաղ գիւղը։ Աւարտած է Շուշիի թեմական դպրոցը (1887), որ այդ ժամանակաշրջանին հայեցի դաստիարակութեան եւ ընդհանրապէս ուսման կարեւորագոյն օճախներէն մէկն էր հայ իրականութեան մէջ։ Շուշիի թեմական վարժարանը նաեւ յեղափոխաշունչ հայ երիտասարդութեան կազմաւորման հնոցն էր:
Դպրոցական տարիքէն, յեղափոխական գաղափարներով տոգորուած, Նիկոլ աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ աշակերտական ինքնազարգացման խումբերու կազմութեան եւ աշխատանքին։ Թրքահայոց ազատագրութեան դատին զինուորագրուելու, Երկիր անցնելու եւ կենդանի կռիւին նուիրուելու գաղափարը կը համակէ Նիկոլը։
1895-ի աշնան, Երկիր մուտքի Նիկոլի երազանքը կ'իրականանայ հազիւ, երբ աւելի քան յիսուն հոգինոց խումբով կ'անցնի սահմանը եւ կը հասնի Վան։ Խումբը մեծ ու փոքր ընդհարումներ կ'ունենայ ճամբու ամբողջ ընթացքին, իսկ Նիկոլ կռուի դաշտին վրայ քաջ ու խիզախ մարտիկի իր բացառիկ ընդունակութիւնը ցոյց կու տայ, ինչպէս նաեւ խումբի ղեկավարման զինուորական հրամանատարի բնածին տաղանդը։ Իր քաջագործութիւնները ուղղակի առասպելական ազդեցութիւն կը գործեն քիւրտերուն եւ թուրքերուն վրայ, որոնք «դուման» (փոթորիկ) կը կոչեն զինք։
Վանի եւ յատկապէս գաւառի մէջ կազմակերպական աշխատանքներ կատարելէ ետք, Նիկոլ Դուման Մայիս 1896-ին կը վերադառնայ Սալմաստ. ճանապարհին դարձեալ ընդհարումներ կ'ունենայ, բայց բոլոր կռիւներէն ալ յաղթական դուրս կու գայ՝ դաշնակցական ֆետայիի հերոսական քաջութեան եւ անպարտելիութեան հռչակին արժանանալով։ Այդ կռիւներու շարքին լայն արձագանգ կը գտնէ Դերիկի վանքին կռիւը։ Խումբով (50 հոգի) կ'անցնի Վան։
Ցարական հրահրումով բռնկած եւ թաթարներու կրօնամոլական հայատեացութեամբ ծաւալած ազգամիջեան այդ արիւնալի ընդհարումներէն կը ներշնչուի Դումանի գրած «Ուղեցոյց ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան» գրքոյկը, որ գաղափարական իր հիմքով եւ ռազմավարական իր արեւելումով՝ դասական մեծ ներդրում մը կը մնայ հայ ռազմավարական մտքի գանձարանին մէջ։
Նիկոլ Դուման դէմ կ'արտայայտուի 1906-ի Հ.Յ.Դ Խորհուրդի ընդունած եւ Հ.Յ.Դ. Դ. ընդհանուր ժողովի վաւերացումը ստացած «Կովկասեան նախագիծին»։ Ան համաձայն չէր, որ հայերը տարուէին համառուսական հովերով։ Ան դէմ կ'արտայայտուի նաեւ Ա. համաշխարհային պատերազմի սկիզբը հայկական կամաւորական գունդերու ստեղծման գաղափարին։
Դուման կ'անցնի Պարսկաստան եւ կը հաստատուի Թաւրիզ, ուր Ռոստոմի յանձնարարութեամբ ամբողջապէս կը նուիրուի Սահմանադրական շարժման պաշտպանութեան՝ սահմանադրական ուժերուն եւ դաշնակցական մարտիկներուն հետ ղեկավարելով քաղաքի ինքնապաշտպանութեան կռիւները միապետական զօրքերու յարձակման դէմ։
Դումանի առողջական վիճակը կը սկսի վատթարանալ։ Կեղծ անցագիրով կ՚անցնի Թիֆլիս, ուր կուսակցութեան ճնշումով կը մտնէ հիւանդանոց՝ յառաջացած թոքախտը դարմանելու համար։ Այդ պայմաններուն մէջ անգամ ցարական իշխանութիւնները, դատական քննիչ Լըժինի հրահանգով, հիւանդանոցէն կը ձերբակալեն եւ Մետեխի բանտը կը նետեն զինք՝ Մայիս 1914-ին։ Բժիշկներու միջամտութեամբ եւ երաշխաւորութեամբ, Դուման ազատ կ'արձակուի բանտէն եւ կը մտնէ Թիֆլիսի Արամեան հիւանդանոցը։ Կարճ ժամանակ ետք, կը փոխադրուի թոքախտի դէմ դարմանման Կովկասի առողջարանները՝ Պաքուի մերձակայքը։ Նիկոլ Դումանի հոգեկան վիճակը աւելի կը վատթարանայ, մանաւանդ երբ օրը օրին կը հետեւի բռնկող մեծ պատերազմի լուրերուն։ Տեղեակ էր, որ կուսակցութիւնն ու զէնքի իր ընկերները տենդագին լծուած էին Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումին, բայց ինք ուժ չունէր եւ ի վիճակի չէր այլեւս իր ներդրումը բերելու քաղաքական եւ ռազմական այդ բախտորոշ խմորումներու դիմագրաւման պատասխանատու գործին։ 47 տարեկանին, Նիկոլ Դուման կ'որոշէ իր անձնական ատրճանակով անձնասպան ըլլալ, 27 Սեպտեմբեր 1914-ին։ Թէեւ սեփական փամփուշտը եւս չի կրնար տապալել գաղափարական հաստաբուն կաղնին, բայց սրտին փոխարէն թոքերէն խոցուած՝ Նիկոլ Դուման քանի մը օր ետք կ'աւանդէ իր հոգին։
Հայ ժողովուրդին կողմէ սիրուած հերոսին մարդաշատ յուղարկաւորութիւնը տեղի կ'ունենայ Թիֆլիս, Խոջիվանքի Պանթէոնին մէջ։
Նիկոլը կը թաղեն Դաշնակցութեան հիմնադիր՝ Սիմոն Զաւարեանի կողքին։
1930-ական թուականներուն Խորհրդային Վրաստանի կառավարութիւնը կը քանդէ Խոջիվանքը եւ պանթէոնը՝ այնտեղ թաղուած հարիւրաւոր հայ արժանաւոր զաւակներու գերեզմաններուն հետ։
Դուման հայ ֆետայիին եւ յեղափոխական մարտիկին մէջ դաշնակցական խղճմտութեամբ ապրելու, մտածելու եւ գործելու արժէքները սերմանող բարոյական ռահվիրան կը հանդիսանայ։ Թշնամիին դէմ անխնայ գտնուելու, բայց «կանանց երբեք ձեռք չտալու» վեհոգութիւնը կը սորվեցնէ՝ Խանասորի արշաւանքին ձօնուած ժողովրդական երգի բառերով։
Ազգերու միջեւ հրահրուած թշնամանքին եւ հակամարտութեանց դէմ կը կանգնի ամբողջ ուժով, ազգամիջեան խաղաղութեան եւ համերաշխութեան անվհատ դրօշակիրը կը մնայ, բայց երբեք մտահան չ'ըներ նաեւ կեանքի դաժան իրականութիւնը եւ շարունակ կը պատգամէ, թէ «ինչ էլ լինի, թէ՛ թշնամուն եւ թէ բարեկամին յարգանք ու պատկառանք ներշնչողը, դժբախտաբար, դեռ կոպիտ ուժն է։ Եւ մի ազգ – եթէ ուզում է մնալ յարգուած, եթէ չի ուզում կորչել – պէտք է լինի զէնքի ընդունակ, միշտ պէտք է լինի կազմ ու պատրաստ ինքնապաշտպանութեան համար, մանաւանդ քաղաքական ցնցումների վայրկեաններում»։
Բնաւ չէր հանդուրժեր նիւթական, կենցաղային կամ ընկերային սայթաքումներու, մեծ թէ փոքր, յեղափոխականի կոչման անարժան այն գործիչներուն, մանաւանդ մարտական հերոսի պատմուճան հագած պատեհապաշտներուն, որոնք իրենց վստահուած պարտականութիւններն ու գործերը կը փորձեն ծառայեցնել իրենց գձուձ եսի շահախնդրութեանց…Նմաններու դէմ էր Դումանի կատաղի պոռթկումը, Մարտ 1893-ին Ռոստոմի ուղղուած իր մէկ նամակին մէջ, ուր հետեւեալ ամօթանքը կը խարանէր անոնց ճակտին. «մեզ, որպէս ժառանգութիւն, մնացել է նրանցից …մանէթ պարտ եւ բարոյական անկում, որ այժմ փարատել ենք տքնում։ Խօմ սուտ չէ, որ ասում են՝ Հարք կերան զազոխ եւ որդւոց ատամունք առան»։
Բարոյական հսկայ էր Արցախի Խաչէն գաւառի Ղշլաղ գիւղի ծնունդ Տէր–Յովհաննիսեան քահանայի որդի Նիկողայոսը։
![]() |
Դումանի առասպելական հռչակին եւ հերոսական մեծութեան գաղտնիքը պէտք է փնտռել անոր ղարաբաղցի լեռնականի պողպատէ կամքին մէջ, որ անդաւաճան ընկերը եղաւ Դումանի յեղափոխական կեանքին: - Ռուբէն
|
![]() |
Պողպատեայ կամքի տէր էր Դուման: Յեղափոխականի իր առաջին քայլերէն սկսեալ, իբրեւ Թաւրիզի մէջ հազիւ 24 տարեկան դաշնակցական ուսուցիչ-գործիչ, ան դրսեւորած է թէ՛ գաղափարական-կազմակերպական, թէ՛ մարտական-ռազմական երկաթեայ կարգապահութիւն:
Յետագայ իր ամբողջ գործունէութեան ընթացքին ան մարմնաւորած է հայոց ռազմական ղեկավարի պողպատեայ կամքը` սահմանը անցնող ֆետայական խումբերու կազմակերպումէն մինչեւ Վասպուրականի մէջ դաշնակցական կազմակերպութեան ստեղծումը, Խանասորի արշաւանքի մտայղացումէն, ծրագրումէն ու կազմակերպումէն մինչեւ 1905-ի հայ-թաթարական ընդհարումներուն ռազմական ղեկավարումը, իսկ այնուհետեւ` Պարսկական սահմանադրական շարժումին իր ղեկավար մասնակցութիւնը՝ Ռոստոմի կողքին:
Գերազանցապէս Դաշնակցական էր ան` բառին ամբողջական իմաստով, յեղափոխական կամքեր համատեղելու եւ ներդաշնակելու, խստակեաց ու խստապահանջ իր վարքով՝ երկաթեայ կուռ կարգապահութիւն կերտելու առումով:
Իր գործով ու նկարագիրով` ան ազգային արժէքի վերածած է հայու դաշնակցական կերպարը: Իբրեւ այդպիսին` միայն Դաշնակցութեան չի պատկանիր ան, այլեւ` կ'արժանանայ հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն ու հոսանքներուն անվերապահ գնահատանքին ու պաշտամունքին: